ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ 2013-Ը ԿԸ ՀՌՉԱ­Կէ “ՀԱՅ ՄՕՐ ՏԱ­ՐԻ“

0 0
Read Time:28 Minute, 55 Second
Հայ մայրն ու նորածինը (գործ` Ռոստամ Աւետիսեանի - Ծիծեռնակաբերդ)
Հայ մայրն ու նորածինը (գործ` Ռոստամ Աւետիսեանի – Ծիծեռնակաբերդ)

  

Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս 2013 տա­րին հռչա­կած է “Հայ Մօր Տա­րի“: Այս առի­թով գրուած Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տին պատ­գա­մը կար­դաց­ուե­ցաւ Կի­րա­կի, Յուն­ուար 13-ին Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ Մայր Տա­ճա­րին մէջ: Նշենք թէ այս պատ­գա­մը պի­տի կար­դաց­ուի նա­եւ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան բո­լոր թե­մե­րէն ներս:

Ստո­րեւ, լոյս կ՛ըն­ծա­յենք պատ­գա­մը, ամ­բող­ջու­թեամբ.-  

Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեան

Թե­մա­կալ Առաջ­նորդ­նե­րուն, հո­գե­ւոր դա­սուն,

Ազ­գա­յին Իշ­խա­նու­թեանց,

եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­նե­րուն

 

Աստ­ուա­ծա­յայտ­նու­թեան ­խոր­հուր­դով ­լե­ցուն ­բա­ցուող ­Նոր ­Տար­ուան ­սե­մին, Մե­ծի ­Տանն ­Կի­լիկ­իոյ Կա­թո­ղի­կո­սու­թեա­ն Ան­թիլ­ի­ա­սի ­Մայ­րա­վան­քէն ­հայ­րա­պե­տա­կա­ն օրհ­նու­թեամբ, քրիս­տո­նէ­ա­կան ­ջերմ ­սի­րով ­ու ազ­գա­յին ­վա­ռապ­րում­նե­րով կ՛ող­ջու­նենք ­մեր ­ժո­ղո­վուր­դի ­սի­րե­լի ­զա­ւակ­նե­րը, իրենց ­մաղ­թե­լո­վ աստ­ուա­ծա­յին ­բա­րիք­նե­րո­վ ու շ­նորհ­նե­րով ­լե­ցուն ­տա­րի ­մը:

Ինչ­պէս ­ծա­նօ­թ է ­ձե­զի, Մեր ­նա­խա­ձեռ­նա­ծ ա­ւան­դու­թեան ­հա­մա­ձայն, իւ­րա­քան­չիւր ­տա­րին ­կը ն­ուի­րենք ­մեր ­ժո­ղո­վուր­դին, եկե­ղեց­ւո­յ ու ­հայ­րե­նի­քին ­հե­տ ան­մի­ջա­կա­ն ա­ղեր­ս ու­նե­ցո­ղ ընդ­հան­րա­կան մտա­հո­գու­թեան ­մը, երե­ւոյ­թի ­մը, ար­ժէ­քի ­մը կամ ­դէպ­քի ­մը: Այ­ս ա­ռի­թով, մեր ­ժո­ղո­վուր­դի ­զա­ւակ-­նե­րը կը հ­րա­ւի­րենք ­զա­նա­զան ­նա­խա­ձեռ­նու­թիւն-­նե­րու ­ճամ­բով, հա­ւա­քա­բար ­թէ ­ան­հա­տա­բար, լու­սար­ձա­կի ­տա­կ առ­նե­լու տու­եալ թե­ման` իրա­պաշտ քն­նար­կու­մով, լուր­ջ ար­ժե­ւո­րու­մո­վ եւ ­մեր ­հա­մայ­նա­կան կ­եան­քը ­ա­ւե­լի՛ ­ծաղ­կեց­նե­լու ն­պա­տա­կաս­լաց ­մօ­տե­ցու­մով:

Ար­դա­րեւ, առա­ջին ­հայ գր­քի տ­պագ­րու­թեան 500-ամ­եա­կը ինչ­պէս նա­եւ ­հայ ­գիր­քին ն­կատ­մամբ ­մեր ­ժո­ղո­վուր­դի­ն ու­նե­ցած ­նա­խան­ձախն­դիր ­վե­րա­բե­րու-­մը Մեզ մղեց անց­նող տա­րին հռչա­կե­լու “Հայ Գիր­քի ­Տա­րի“: Ամ­բողջ տա­րի մը, դա­սա­խօ­սու­թիւն­նե­րու, ցու­ցա­հան­դէս­նե­րու, շնոր­հա­հան­դէս­նե­րու ու հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րու ճամ­բով փառ­քը հիւ­սե­ցինք հայ գիր­քին, մեր յար­գան­քը ար­տա­յայ­տե­ցինք հայ գիրք գրող­նե­րուն ու մեր գնա­հա­տան­քը` մե­կե­նաս­նե­րուն, վե­րա­շեշ­տե­լով հայ կեան­քէն ներս հայ գիր­քին պայ­ծա­ռա­կեր­պիչ ու հա­յա­կեր­տիչ ներ­կա­յու­թեան նոր կեն­սու­նա­կու­թիւն տա­լու հրա­մա­յա­կա­նը:

Նկա­տի ու­նե­նա­լով մեր ­ժո­ղո­վուր­դի ­հա­ւա­քա­կան կ­եան­քէն ­ներս ­հայ ­մօր ­կեդ­րո­նա­կան ­ներ­կա­յու­թիւնը ­ու մա­նա­ւանդ անո­ր ո­րո­շադ­րի­չ ու եզա­կի ­դե­րը, ներ­կայ ­Հայ­րա­պե­տա­կան ­Գի­րով 2013 տա­րին ­կը հռ­չա­կենք`

“ՀԱՅ ՄՕՐ ՏԱ­ՐԻ“:

 

Մե­ր ողջ ­պատ­մու­թեա­ն ըն­թաց­քին, հայ մայ­րը հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար ո՛չ մ­իայն ­դար­ձա­ծ է ­տի­պար ­մայր` իր կ­եան­քին ­մէջ ­ցո­լաց­նե­լով ­հո­գե­ւոր, բա­րո­յա­կան ­ու ազ­գա­յին սր­բա­զա­ն ար­ժէք­ներն ու առա­քի­նու­թիւն­նե­րը, ո՛չ մ­իայ­ն ա­ն ըն­տա­նի­քի­ն ամ­րա­կուռ ­սիւն­ն է ­ե­ղած ­ու իր ­զա­ւակ­նե­րուն ն­ուիր­եալ ­դաստ­ի­ա­րա­կը, այլ ­մեր ­պատ­մու­թեա­ն ա­մե­նէն ­ճա­կա­տագ­րա­կան ­պա­հե­րու­ն ի­ր օ­րի­նա­կե­լի ­վար­քա-գ­ծով, ամուր ­կեց­ուած­քով, ան­հուն ­զո­հո­ղու­թեամբ, քրիս­տո­նէ­ա­կան հա­ւատ­քի պահ­պա­նու­թեան ու պաշտ­պա­նու­թեան, ինչ­պէս նա­ե­ւ ազ­գա­շի­նու­թեա­ն ու ­հայ­րե­նա­շի­նու­թեան սրբա­զան առա­քե­լու­թեան բե­րա­ծ ի­ր ամ­բող­ջան­ուէր ու յանձ­նա­ռու ­մաս­նակ­-ցու­թեամբ եղա­ծ է ­բարձ­րա­գոյ­ն աս­տի­ճա­նի ­յար­գանք­ի ­ար­ժան­ի ­անձ ­մը:

Արդ, ներ­կայ ­տար­ուա­ն ըն­թաց­քի­ն անհ­րա­ժեշ­տ է ­հա­մա­պար­փակ ­մօ­տե­ցու­մով ­վե­րար­ժե­ւո­րել ­հայ ­մօր ­տի­պա­րը, յատ­կա­պէս պար­զե­լով ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րուն անոր դի­մագ­րա­ւած մտա­հո­գու­թիւն­ներն ու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը եւ­ շեշ­տե­լով ­մեր կ­եան­քը յու­զող ­տագ­նապ­նե­րուն ­դի­մա­ց ի­րեն ­վի­ճակ­ուած ­ճա­կա­տագ­րա­կան ­դե­րը:

Անհ­րա­ժեշ­տ է սա­կայն, նախ ­դառ­նա­լ Աստ­ուա­ծա­շուն­չին, որ­պէս ­հիմ­քը ­մեր ք­րիս­տո­նէ­ա­կան հա­ւատ­քին, կեան­քի­ն ու մ­տա­ծո­ղու­թեան:

 

Ա.ՄԱՅՐԸ ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԻՆ ՄԷՋ

 

Աստ­ուա­ծա­շուն­չը ­աղ­բիւ­ր է ­աստ­ուա­ծա­յին ­յայտ­նու­թեան: Այ­ս ան­հեր­քե­լի ճշ­մար­տու­թե­նէն ­մեկ­նե­լով, եկե­ղե­ցի­ն իր կ­եան­քին ­ու ա­ռա­քե­լու­թեան ­կապ­ուա­ծ ո­րե­ւէ ­ու­սուց­ման, սկզբուն­քի, ար­ժէ­քի կա­մ ե­րե­ւոյ­թի  գ­ծով,  հարկ է  որ ­միշտ­ նայ­ի ­Աստ­ուա­ծա­շուն­չին` ան­կէ ս­տա­նա­լու ­հա­մա­ր իր ­ներշն­չում­ն ու ուղ­ղու­թիւնը:

Ար­դա­րեւ, Հին ­թէ Նոր Կտա­կա­րան­նե­րուն ­մէջ բազ­մաթիւ ե­ն ակ­նար­կու­թիւն­նե­րը` մօր ն­կատ­մամբ:

Այս ուղ­ղու­թեամբ, եւ որ­պէս Աստ­ուա­ծա­շուն­չի ու­սու­ցում­նե­րուն մեկ­նա­կէտ, հարկ է յի­շել Աս­տու­ծոյ պատ­ուէ­րը` “Պատ­ուէ՛ հայրդ ու մայրդ“ (Ելից 20.12): Եսա­յի­ մար­գա­րէ­ու­թեան ­մէջ կը կար­դանք` ”Ինչ­պէս ­մայր ­մը ­իր տ­ղան ­կը­ հանգս­տաց­նէ, այն­պէ­ս ա­լ ես ­ձեզ ­պի­տի ­հանգս­տաց­նեմ” (66.13): Իս­կ Ա­ռա­կաց ­գիր­քը կ՛ըսէ` “Հնա­զան­դէ՛ ­մօրդ, որ ­քեզ ծ­նե­ր է ­ու ­մի­՛ ա­նար­գեր ­քու ­հայր­դ երբ կը ծե­րա­նայ“ (23.22): Այլ ­տե­ղ Ա­ռա­կաց ­գիր­քը ­դա՛րձ­եալ կ՛ըսէ` “Որդ­եա­կ իմ, քու­ հօրդ խ­րա­տը մ­տիկ ըրէ, ու ­քու ­մօր­դ օ­րէն­քը ­մի՛ ­մեր­ժեր, որով­հե­տե­ւ ա­նոնք ­քու գլ­խուդ շ­նոր­հաց պ­սակ եւ ­քու ­պա­րա­նո­ցիդ ­ման­եակ­նե­րը ­պիտի ­ըլ­լան“ (1.8-9):

Նոր Կ­տա­կա­րա­նին ­մէջ ­մօր ­գե­րա­գոյն ­տի­պա­րը ­Սուրբ Մար­ի­ա­մ Աստ­ուա­ծա­ծին­ն է: Մար­ի­ա­մի ընտ­րու­թիւն­ը ­Աս­տու­ծոյ կող­մէ, որ­պէս Աս­տու­ծոյ Մի­ա­ծին Որդ­ւոյն մայ­րը ­դառ­նա­լու կոչ­ուած ­տի­պար ­կին (Մատթ. 1.20), Բեթ­ղե­հէ­մի ­մէջ ծնեալ ­Յի­սուս մա­նու­կին նկատ­մամ­բ Աստ­ուա­ծած­նի ցու­ցա­բե­րած ­գուր­գու­րան­քը (Ղուկ. 2.6-7), Յի­սու­սի ­հո­գեմ­տա­ւո­ր աճ­ման ­մէ­ջ Աստ­ուա­ծած­նի ­դե­րը (Ղուկ. 2.22-24) եւ ա­պա Ք­րիս­տոս­ի ­ա­ռա­քե­լու­թեա­ն ըն­թաց­քի­ն Աստ­ուա­ծած­նի մ­նա­յուն­ ներ­կա­յու­թիւնը ­իր ­զաւ­կի ­կող­քին (Յովհ. 19.25) եւ, միւս ­կող­մէ, Քրիս­տո­սի ­ցու­ցա­բե­րած ­խոր ­յար­գան­քը ­իր ­մօր ն­կատ­մամբ (Յովհ. 19.26), պեր­ճա­խօս ­կեր­պով ­կը ­պար­զեն ­մօր ­հա­րա­զատ պատ­կե­րը ­եւ փո­խա­դարձ սի­րոյ ու գուր­գու­րան­քի վրայ հիմն­ուած ­մայր-զա­ւա­կ օ­րի­նա­կե­լի ­յա­րա­բե­րու­թիւնը:

Եզ­րա­կաց­նե­լէ ­ա­ռաջ ­մօր մասին Աստ­ուա­ծա­շուն­չի ու­սու­ցում­նե­րը, յայտնենք նա­ե­ւ, որ մայ­րը այն­քան յար­գան­քի ար­ժա­նի անձ է եղած, որ նոյ­նիսկ “Վե­րին Երու­սա­ղէ­մը“ը բ­նու­թագր­ուած է որ­պէս “բո­լո­րի՛ն մայ­րը“ (Գաղտ. 4.26):

Աստ­ուա­ծա­շուն­չին ­մէջ ­մօր ­ներ­կա­յու­թիւնը ­կա­րե­լի է ամ­փո­փել հե­տեւ­եալ կէ­տե­րուն մէջ.-

ա) Մայ­րը կը ­ներ­կա­յա­նա­յ որ­պէս ­հիմ­քը ըն­տա­նի­քին. անոր ­դե­րը մ­իայ­ն ըն­տա­նի­քին ­գո­յա­տե­ւու­մը երաշ­խա­ւո­րել ­չէ` զա­ւակ­նե­րու ծնն­դա­բե­րու­թեամբ. ան ­նա­եւ ­դաստ­ի­ա­րա­կիչ ­դե­ր ու­նի: Բա­րո­յա­կա­ն ու ­հո­գե­ւո­ր ի­մաս­տո­վ ըն­տա­նիք­ի ­ա­ռողջ ­պահ­պա­նու­մը ­մօ­ր ա­ռաջ­նա­հերթ ­պար­տա­ւո­րու­թիւն­ն է:

բ) Նկա­տի ու­նե­նա­լով աստ­ուա­ծա­յին տնօ­րի­նու­մով ­մօր ­յանձն­ուա­ծ ե­զակ­ի ­ա­ռա­քե­լու­թիւնը, ան ­կոչ­ուա­ծ է ­իր կ­եան­քի­ն ու ­գոր­ծին ­մէջ ­գործ­նա­պէ­ս ար­տա­յայ­տե­լու ­բա­րո­յա­կա­ն ու ­հո­գե­ւո­ր ար­ժէք­ներն ու սկզբունք­նե­րը:

գ) Անհ­րա­ժեշ­տ է ­որ ­զա­ւակ­նե­րը հ­նա­զան­դի­ն իրենց ­մօր` հե­տե­ւե­լո­վ ա­նոր ցուց­մունք­նե­րու­ն ու կեանքի ­օ­րի­նա­կին:

դ) Սուրբ Մար­ի­ա­մ Աստ­ուա­ծա­ծին ­կը ն­կատ­ուի ­որ­պէս ­տի­պար ճշ­մա­րիտ ­մայ­րու­թեան:

 

Բ. ՄԱՅՐԸ` ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՀԱՅՐԵՐՈՒ

ՈՒՍՈՒՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ

 

Թէ՛ ընդ­հան­րա­կա­ն ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ­թէ ­հայ եկե­ղեց­ւոյ ­հայ­րե­րը յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւն ըն­ծա­յած են ­մօր` բնա­կա­նա­բար ­միշ­տ Աստ­ուա­ծա­շուն­չը ­ու­նե­նա­լո­վ ի­րենց ­մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րու­ն ու ու­սու­ցում­նե­րու­ն ա­ռանց­քը եւ ­Սուր­բ Աստ­ուա­ծա­ծի­նը ն­կա­տե­լո­վ որ­պէ­ս օ­րի­նա­կե­լի ­մայր: Եկե­ղեց­ւոյ ­հայ­րե­րը ­մօր ­դե­րի­ն անդ­րա­դար­ձած են ա­ռա­ւե­լա­բա­ր Աստ­ուա­ծաշն­չա­կան գր­քեր­ու ի­րենց ­մեկ­նա­բա­նու­թեան ­ծի­րէն ­ներս, ինչ­պէս ­նա­ե­ւ ե­կե­ղեց­ւոյ ­հաս­տա­տած բա­րո­յա­կան, հո­գե­ւոր ­ու ըն­կե­րա­յին բ­նոյ­թ ու­նե­ցող ­կա­նոն­նե­րուն ­մէջ:

Այ­ս ուղ­ղու­թեամբ կ՛ար­ժէ հպան­ցիկ կեր­պով յի­շել ­կարգ ­մը եկե­ղե­ցա­կան ­հայ­րեր.-

Յով­հա­ն Ոս­կե­բե­րա­ն անդ­րա­դառ­նա­լո­վ Ե­սա­յի 66.13 հա­մա­րին թէ` “ինչ­պէս ­մայր ­մը ­իր տ­ղան ­կը ­հան­գս­տաց­նէ, այն­պէ­ս ա­լ ես ­ձեզ ­պի­տի ­հանգս­-տա­ց­նեմ“, կ՛ըսէ, թէ ­Աստ­ուած ­գուր­գու­րա­լից ­մօր ն­ման ­սէր, հո­գա­ծու­թիւ­ն ու­ խա­ղա­ղու­թիւն ­կը շնոր­հէ ­իր ­զա­ւակ­նե­րուն:

Օգոս­տի­նոս ­յի­շե­լով Բ. Օրի­նաց 5.16 հա­մա­րը` “Պատ­ուէ՛ ­քու հայր­դ ու ­մայրդ ինչ­պէս ­քու ­Տէ­ր Աստ­ուածդ ­քե­զի ­պատ­ուի­րեց, որ­պէս­զի ­քու օ­րեր­դ եր­կա­ր ըլ­լան…“ եւ Ե­փե­սա­ցիս 6.1-3 հա­մա­րը թէ` “Ո՛ր­դի­ներ, ձեր ծ­նող­նե­րուն հ­նա­զան­դ ե­ղէ՛ք ­Տէ­րոջ­մով, վասնզ­ի այ­դ է ­ար­ժա­նը: Պատ­ուէ՛ ­քու ­հայր­դ ու ­մայրդ, որ­պէս­զի ­քեզ­ի ­ա­ղէկ ըլ­լայ ­ու եր­կար կ­եան­ք ու­նե­նա­ս երկ­րի վ­րայ“, կ՛ըսէ, թէ ­մօր ­հան­դէպ ­ցու­ցա­բեր­ուած յար­գանք­ն ու ­պատիւը ­մե­ր առ­ջեւ ­լայն ­կը բա­նա­ն երկ­նա­յին ­բա­րիք­նե­րուն դըռ­նե­րը:

Կիւ­րե­ղ Ա­ղեք­սանդ­րա­ցին ­մէջ­բե­րե­լով ­Ղու­կաս 2.44 հա­մա­րը, ուր ­կը յիշ­ուի ­թէ ­Յով­սէփ եւ ­Մար­ի­ամ “սկսան փնտռել Յի­սու­սը ազ­գա­կան­նե­րու եւ ծա­նօթ­նե­րու մօտ“, կ՛ըսէ, թէ ծնող­նե­րը միշտ պէտք է փնտռե­ն ի­րենց ­զա­ւակ­նե­րը, որ­պէսզ­ի ­ա­նոնք չ­կորս­ուին մեղ­քի ու ա­նօ­րէ­նու­թեան ­փո­շի­նե­րուն ­մէջ:

Որո­գի­նէս ­մէջ­բե­րե­լով ­Ղու­կաս 2.27 հա­մա­րը, թէ` “ծնող­քը մա­նուկ Յի­սու­սը տա­ճար բե­րին“ կ՛ըսէ, թէ ­Յով­սէփ­ն ու ­Մար­ի­ա­մը այ­ս ը­նե­լով ծ­նող­նե­րուն ­կը ­սոր­վեց­նե­ն ի­րենց ­զա­ւակ­նե­րը եկե­ղե­ցի ­բե­րել:

Հայ եկե­ղեց­ւոյ ­հայ­րե­րը եւս ­յա­ճա­խա­կի ­կեր­պո­վ անդ­րա­դար­ձած են ­մօր ­դե­րին:

Ներ­սէս ­Լամբ­րո­նա­ցին ­մէջ­բե­րե­լո­վ Ա­ռա­կաց 29.15 հա­մա­րը, թէ` “գա­ւա­զանն ու յան­դի­մա­նու­թիւնը իմաս­տու­թիւն կու տան, բայց իր կամ­քին ձգուած տղան իր մայ­րը կ՛ամչց­նէ“, կը շեշ­տէ, թէ ­մօ­րը կող­մէ ­իր  ­զա­ւակ­նե­րուն ­հան­դէպ ­ցու­ցա­բեր­ուած խս­տա­պա­հան­ջու­թիւնը ­զա­նոնք կ՛առաջ­նոր­դէ ­պա­տաս­խա­նա-­տուու­թեամ­բ ապ­րել­ու ի­րենց կ­եան­քը:

Յով­հան­նէ­ս Երզն­կա­ցին կ՛ընդգ­ծէ յատ­կա­պէս ­մօր ­դաստ­ի­ա­րա­կիչ ­դե­րը` յի­շեց­նե­լով, որ ե­թէ ­ան թե­րա­նա­յ իր ­պա­տաս­խա­նա­տուու­թեան ­մէջ, Աս­տու­ծո­յ ատ­եա­նի­ն առ­ջե­ւ ի՛նք ­պա­տաս­խա­նա­տու ­պիտի ­ըլ­լայ ­զա­ւակ­նե­րուն ­գոր­ծած­ չա­րիք­նե­րուն ­հա­մար:

Բար­սեղ ­Մաշ­կե­ւոր­ցին ­վեր առ­նե­լո­վ ա­ղօթ­քի ­կա­րե­ւո­րու­թիւնը կը ­թե­լադ­րէ ­մայ­րե­րուն, որ ա­ղօ­թել ­սոր­վեց­նե­ն ի­րենց ­զա­ւակ­նե­րուն:

Գրի­գոր ­Տա­թե­ւա­ցին ­կը շեշ­տէ ­թէ ­հայ ­մայ­րը ­ար­ժանի ­է ­բարձ­րա­գոյ­ն աս­տի­ճա­նի ­յար­գան­քի ու ­պատիւի, որով­հե­տեւ ան Աս­տու­ծոյ ­պատ­կե­րը ­հայ ­մա­նու­կին ­մէջ կազ­մա­ւո­րե­լու գ­ծով ­յոյժ կա­րե­ւոր ­պար­տա­ւո­րու­թիւ­ն ու­նի:

Յով­հան ­Ման­դա­կու­նի­ն այն­քան ­զօ­րեղ ­կեր­պով ­կը շեշ­տէ ­հայ ­մօր ­տի­պա­րը, որ ­զայն ­կը ն­կա­տէ “մայ­րե­րու մայ­րը“:

Խրիմ­եան ­Հայ­րիկ կը ­թե­լադ­րէ ­մայ­րե­րու­ն ի­րենց ­զա­ւակ­նե­րուն ­սոր­վեց­նե­լ Ա­ւե­տա­րա­նը, որ­պէսզ­ի ­ա­նոնք ­սոր­վին ­սի­րե­լ ի­րեն­ց եղ­բայ­րը, իրեն­ց ըն­կե­րը եւ ի­րենց ն­մա­նը:

Ընդ­հան­րա­կա­ն ե­կե­ղեց­ւո­յ ու ­մե­ր ե­կե­ղեց­ւոյ ­հայ­րե­րէն ­քաղ­ուա­ծ այս ­փունջ ­մը վ­կա­յու­թիւն­նե­րու ­լոյ­սին ­տա­կ անհ­րա­ժեշտ ­կը նկա­տենք հե­տեւ­եալ ընդգ­ծում­նե­րը ­կա­տա­րել.-

ա) Թէ՛ ընդ­հան­րա­կա­ն ե­կե­ղեց­ւոյ եւ ­թէ ­հա­յ ե­կե­ղեց­ւոյ ­հայ­րե­րը ընդ­հան­րա­պէ­ս անդ­րա­դար­ձած են ըն­տա­նի­քին ու զա­ւակ­նե­րուն նկատ­մամբ ծնող­քի ու­նե­ցած պար­տա­ւո­րու­թեան, հայ­ր ու ­մայր ն­կա­տե­լո­վ որ­պէս ­մէ­կ ամ­բող­ջու­թիւն, սա­կայն յա­տուկ շեշտ դնե­լով ­մօր դե­րին վ­րայ:

բ) Հե­տե­ւե­լո­վ Աստ­ուա­ծա­շուն­չին, անոնք կա­րե­ւո­րու­թեամբ ընդգ­ծած են ­մօր ­դաստ­ի­ա­րա­կիչ ­դե­րը ­ու ­զինք ն­կա­տած ք­րիս­տո­նէ­ա­կա­ն ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու ­հա­րա­զա­տ ար­տա­յայ­տի­չը ըն­տա­նե­կան ­թէ ­ըն­կե­րա­յին կ­եան­քէն ­ներս` Աստ­ուա­ծա­ծի­նը ն­կա­տե­լով ­բա­ցա­ռիկ ­տի­պար ­մայ­րու­թեան:

գ) Մե­ր ե­կե­ղեց­ւոյ ­հայ­րե­րը ­հայ ­մայ­րը ն­կա­րագ­րա­ծ ե­ն ո՛չ մ­իայն, որ­պէս ք­րիս­տո­նէ­ա­կա­ն ար­ժէք­նե­րու ու առա­քի­նու­թիւն­նե­րու ­ճա­ռա­գայ­թող ­ներ­կա­յու­թիւն ըն­տա­նե­կան ­յար­կին տակ, այլ ­նա­ե­ւ ա­նոր ­մէջ ­տե­սած` ազ­գա­յին կեան­քէն ներս ­կա­րե­ւոր ­դե­րա­կա­տա­րու­թեան կոչ­ուած ան­ձը:

 

Գ. ՀԱՅ ՄԱՅՐԸ` ՀԱՅ ԿԵԱՆՔԷՆ ՆԵՐՍ

 

Հայ ­մայ­րը ­հայ ժո­ղո­վուր­դի ­պատ­մու­թեան ­մայ­ր էջին վ­րայ միշտ եղա­ծ է ­ա­ռանց­քա­յին  ներ­կա­յու­թիւն: Անոր ­տի­րա­կան ­ներ­կա­յու­թիւնն ­ու իւ­րա­յա­տուկ ­դե­րա­կա­տա­րու­թիւն­ը ­ակ­նե­րե­ւ են ­մեր կ­եան­քի կրօ­նա­կան, մշա­կու­թա­յին, քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին, մար­դա­սի­րա­կան ­մար­զե­րէն ­ներ­ս ու ­նոյ­նիս­կ ա­զա­տագ­րա­կան ­պայ­քա­րին ­մէջ: Կա­րե­լի ­չէ  ­ամ­բող­ջա-­կան ­կեր­պով ­հասկ­նալ ­հա­յոց ­պատ­մու­թիւն­ը ­ա­ռան­ց անդ­րա­դառ­նա­լու ­հայ ­մօ­ր ա­ռա­քե­լու­թեան, եւ փո­խա­դար­ձա­բար` կա­րե­լի ­չէ ճիշդ ­ու ամ­բող­ջա­կան ­կեր­պո­վ ըմբռ­նել ­հայ ­մօ­ր ե­զա­կի ­դե­րը, առանց ­խո­րա­թա­փան­ց ակ­նար­կով քն­նե­լու ­հա­յոց ­պատ­մութիւնը:

Հայ եկե­ղեց­ւո­յ ա­ռա­քե­լու­թեան ­ու ընդ­հան­րա­պէս ­մե­ր ազ­գի կ­եան­քին, հայ ­մայ­րը բե­րա­ծ է ­գոր­ծօն ­մաս­նակ­ցու­թիւ­ն ու կա­րե­ւոր նպաստ եւ իր սր­բա­կեն­ցաղ կ­եան­քով, ծա­ռա­յա­կան ­դե­րով, անմ­նա­ցորդ ն­ուի­րու­մո­վ եւ ­նոյ­նիս­կ ար­եան վ­կա­յու­թեամբ ­հարս­տա­ցու­ցա­ծ է ­մեր ­հա­ւա­քա­կան կ­եան­քը` մեր պատ­մու­թեան ճա­կա­տագ­րա­կան պա­հե­րուն գրա­ւե­լով առաջ­նոր­դո­ղի ու առաջ­նոր­դի դիր­քը: Մեր մա­տե­նա­գիր­նե­րը` Ագա­թան­գե­ղոս, Խո­րե­նա­ցի, Եղի­շէ եւ ու­րիշ­ներ, ինչ­պէս նա­եւ մեր եկե­ղեց­ւոյ Հայ­րա­պետ­նե­րը` Սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չէն սկսեալ մին­չեւ Սուրբ Ներ­սէս Շնոր­հա­լի եւ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու մեր հո­գե­ւոր հայ­րե­րը սքան­չե­լի տո­ղե­րով բնո­րո­շած են հայ մօր դե­րը:

Թե­րեւ­ս ա­մե­նէ­ն ա­ւե­լի ­ցայ­տու­ն ու ­հա­րա­զատ ­կեր­պով ­հայ մ­շա­կոյթ­ն է, որ ­գի­րի ու ­գոյ­նե­րու, ձայ­նի ու ­կեր­պի ­ճամ­բով ­ներ­կա­յա­ցու­ցա­ծ է ­հայ ­մօր ­կեր­պա­րը, անո­ր իւ­րա­յա­տուկ տեղն ու ­դե­րը ­մե­ր ազ­գի ու ­հայ­րե­նի­քի ­պատ­մու­թեան­ մէջ: Եւ աւե­լին, ընդ­հան­րա­պէս ­մեր գե­ղար­ուես­տա­կան գ­րա­կա­նու­թիւնն է ­ու ­մա­նա­ւանդ ­բա­նաս­տեղ­ծու­թիւնը, որ այն­քան ­կեն­դա­նի ­պատ­կեր­նե­րով բ­նու­թագ­րա­ծ է ­հայ ­մայ­րը եւ մեր ժո­ղո­վուր­դի ան­խառն զգա­ցում­նե­րը մօր նկատ­մամբ:

Ար­դա­րեւ, “Ո՞վ աղօթք ու­սուց իմ բեր­նիս քնքոյշ, որ ­պաշ­տեմ Աստ­ուած“ եր­գած Մատ­թէ­ոս ­Մա­մուր­եա­նէն ­մին­չե­ւ իր ­պան­դուխտ ­զաւ­կին տուն դար­ձի ­կա­րօ­տով ­ճեն­ճե­րող ­հայ ­մօր ­վիշտ­ն ու ս­պա­սու­մը ­նա­մա­կագ­րած ­Դանի­էլ­ Վա­րու­ժան, ազ­գի­ն ու ­հայ­րե­նի­քին ”հե­րոս որ­դիք պար­գե­ւած ­մայ­րե­րու­ն առ­ջեւ ­խո­նար­հա­ծ Ա­լեք­սանդր ­Ծա­տուր­եա­նէն ­մին­չեւ “Ո՜հ, նե­րէ ինձ… մօրս ար­տօ՜ս­րը տե­սի“ եր­գած Պետ­րոս Դուր­եան, “Մեր տան աստ­ուա՛ծն է մայրս“ յու­շա­կո­թո­ղած մայ­րեր­գակ Յով­հան­նէս Շի­րա­զէն մին­չեւ “Ալ կը բա­ւէ, Տէ՜ր Աստ­ուած, մեր տունն ու տեղ դար­ձուր մեզ“ հայ մա­մի­կին աղօթ­քը եր­կինքն ի վեր բարձ­րա­ցու­ցած Մու­շեղ Իշ­խան, հայ մօր աղօ­թա­կան կեան­քը թէ` “իրենց հո­գին կը վա­ռէ­ին իբ­րեւ կան­թեղ առ­տու-գի­շեր, որ մու­թի տեղ` լոյս Աս­տու­ծոյ գու­թը իջ­նէ“ պարզ սա­կայն խո­րի­մաստ բա­ռե­րով նկա­րագ­րած Ժագ Ս. Յա­կոբ­եա­նէն մին­չեւ ­բազ­մա­տասն­եա­կ այլ ­քեր­թող­ներ ­քա­լած են ի­րենց ­մայ­րե­րու­ն ոտ­նա­հետ­քե­րո­վ եւ ­հայ ­մայ­րը ­ա­ռաջ­նոր­դած ­դէ­պի ­հայ հոգիի ու մտքի երկ­նա­մերձ բար­ձունք­նե­րը: Հայ ­մայ­րը ի՛նք ­քա­լա­ծ է ­ժա­մա­նա­կին ­հե­տ եւ ­նոյ­նիսկ ժա­մա­նակ­նե­րէն ­վեր` որ­պէս ­լու­սա­ճա­ճան­չ ու­ղե­ցոյ­ցը ­հայ ժո­ղո­վուր­դի­ փո­թոր­կա­յոյզ կեան­քին:

Կա­րե­լի­՞ է չ­յի­շե­լ եւ ­պահ ­մը կանգ ­չառ­նե­լ այն ­պաշ­տե­լի ­մայ­րե­րու­ն առ­ջեւ, որոնք “վասն հա­ւա­տոյ ու վասն հայ­րեն­եաց“ նշա­նա­բա­նի հա­ւատ­քով ու յանձ­նա­ռու­թեամբ ապ­րե­ցան եւ “իմաց­եալ մա­հով“ իրենց կեան­քը ըն­ծա­յա­բե­րե­ցին: Կա­րե­լի՞ է չյի­շել այն պաշ­տե­լի մայ­րե­րը, որոնք ­Տէր ­Զօր­ի ­ա­նա­պատ­նե­րուն ­մէջ եկե­ղե­ցի ­եւ դպ­րա­տուն ­դար­ձան, Սար­դա­րա­պատ­եան հ­րա­շա­մար­տը ­հա­ւատ­քի ­պա­րիսպ­նե­րով ­պող­պա­տե­ցի­ն ե­ւ Ար­ցախ­եա­ն երկ­նա­մերձ կա­տար­նե­րը ­ի­րեն­ց ուխ­տին կ­րա­կով ­ու ա­րիւ­նով ­հո­գե­զի­նե­ցի­ն եւ իրենց հա­ւատ­քի կեան­քով սրբա­ցան ու ար­ժա­նա­ցան եկե­ղեց­ւոյ ու ազ­գին պաշ­տա­մուն­քի հաս­նող ­սի­րոյն:

Ար­դա­րեւ, եթէ ­մայ­րա­կան ­սի­րոյ­ն ան­հու­նու­թիւնը, խան­դա­ղա­տան­քին ­ջեր­մու­թիւնը, նուի­րու­մի­ն ազ­նուու­թիւնը եւ ­զո­հա­բե­րու­թեան ­զօ­րու­թիւնը բնու­թագ­րած ­մակ­դիր­նե­րը, վե­րա­դիր­նե­րը, ստո­րո­գե­լի­ներն ­ու ա­ծա­կանն­նե­րը ­պահ ­մը փոր­ձեն­ք ի ­մի խըմ­բել, էջե՜ր ­կը ­լեց­ուին: Նո՛յ­նը կա­րելի ­է ­ը­սել ­հայ ­մօր ­բա­ցա­ռիկ կեր­պա­րը եւ ա­ռա­քինի ­է­ու­թիւնը փա­ռա­բա­նե­լու ն­պա­տա­կով ­յօ­րին­ուած բազ­մա­հա­րիւր բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն­նե­րուն ու եր­գե­րուն հա­մար:

Հա­յուն հա­մար ու­րի՛շ է հայ մայ­րը, որ­պէս հա­ւատ­քի, նուի­րու­մի, կամ­քի ու սի­րոյ վա­ւե­րա­կան մարմ­նա­ցում: Բա­նաս­տեղ­ծին բա­ռե­րով`

“Թա­փա­ռե­ցայ եր­կիր­ներ, ճամ­բա­նե­րով ­շա­տ ան­ցայ,

Տե­սայ զր­կանք, տե­սայ ­ցաւ, սէ­ր ու խն­դու­մ ես ­տե­սայ,

Բայց չ­տե­սայ, չգտա­յ ո՛չ ­մէկ ­սիր­տ այն­քա­ն ա­րի,

Քու ­հոգի­իդ ­չա­փ ազ­նիւ, մա՛յ­ր ի­մ ա­նու­շ ու ­բա­րի“:

Հա­յուն ջինջ զգա­ցում­նե­րը իր մօր նկատ­մամբ հա­րա­զա­տօ­րէն նկա­րագ­րող Հա­մաս­տեղ­ի այս ­բա­ռե­րը ­կա­րելի ­է ­տա­րա­ծել ­բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու ­հայ ­մայ­րե­րուն` սկսե­լով ­հե­թա­նոս շր­ջան­նե­րէն ­ժա­ռանգ­ուած բեղմ­նա­ւո­րու­թեա­ն ե­ւ ինք­նա­բաշ­խու­մի ­խորհր­դա­նի­շ Ա­նա­հիտ ­չաստ­ուա­ծուհի­էն, վե­ր առ­նե­լո­վ երկ­նա­յի­ն ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րով ­լու­սապ­սակ-­ուած ­պայ­ծառ ­ներ­կա­յու­թիւնը ­հայ եկե­ղեց­ւոյ սր­բու­հի­նե­րուն` հաս­նե­լու ­հա­մար ­հա­յոց ­պատ­մու­թեա­ն ամե­նա­ճա­կա­տագ­րա­կան ­պա­հե­րուն ­բախ­տո­րոշ ­պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն­ներ ս­տանձ­նած ­մեր ­թա­գու­հի­նե­րու­ն ե­ւ իշ­խա­նու­հի­նե­րուն, որոնք ­կոչ­ուե­ցա­ն Աշ­խէն ­թա­գու­հի ­եւ ­Շու­շա­նիկ ­Պահ­լա­ւու­նի, Փա­ռան­ձե­մ ու ­Սօ­սէ ­Մայ­րիկ ու մին­չեւ նոր ժա­մա­նակ­նե­րու յայտ­նի ու ան­յայտ մեր բո­լոր ան­զու­գա­կան մայ­րե­րուն:

Վեր­ջա­պէս, ինչ­պէս չ­յի­շել ­հայ ­մօր ­խոր հա­ւատ­քին, ան­հուն սի­րոյն ու ծով զո­հո­ղու­թեա­ն առ­ջեւ ­խո­նար­հած ­Պա­րոյր ­Սե­ւա­կի ­հե­տեւ­եալ ­տո­ղե­րը.-

 

“Եկէ­ք այ­սօր ­մենք ­համ­բու­րեն­ք որդ­ի­ա­բար

Մե­զ աշ­խար­հում ծ­նած, սնած,

Մե­զ աշ­խար­հում ­շա­հած, պա­հած,

Մեզ­նի­ց եր­բե՛ք չկշ­տա­ցած,

Փո­շի սր­բող, լուաց­ք ա­նող,

Ան­վերջ ­դա­տող, ան­վերջ բա­նող

      Ա՛յս ­ձեռ­քե­րը.

Թո­ղ որ ­ճա­քա­ծ ու ­կոշ­տա­ցած,

Բայց ­մեզ ­հա­մար ­մե­տաք­սի ­պէս

      Խա՛ս ­ձեռ­քե­րը“:

 

Հայ ­մար­դուն սր­տին ­հա­րա­զատ ­թարգ­մա­նը կ՛ըլ­լա­յ Ա­ւե­տի­ք Ի­սա­հակ­եա­ն երբ կ՛ըսէ` “Ամե­նա­լաւ ­կի­նը ­մա՛յր­ն է: Մօր ­սիր­տը ­մարդ­կու­թեան ­սիրտ­ն է, տի­ե­զեր­քի ­սիր­տը: Հէնց մ­իայն ­մայ­ր ու­նե­նա­լու ­հա­մա­ր ար­ժէ ­աշ­խարհ ­գալ“: Աւե­լի ­ճիշ­դ ը­սած` մի՛միայն ­Հա՛յ Մայ­ր ու­նե­նա­լու ­հա­մար կ՛ար­ժէ աշ­խարհ գալ…:

 

Դ.- ՀԱՅ ՄԱՅՐԸ ԱՅՍՕՐ

ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐՆԵՐՈՒ ԴԻՄԱՑ

 

Բա­ռե­րը ­մարդ­կա­յին, որ­քա­ն ալ ­զօ­րե­ղ ու ­գե­ղե­ցիկ ըլ­լան, ան­զօ­ր ե­ն ար­տա­յայ­տե­լու ­հայ ­մար­դու սրտին ըն­դեր­քէն ժայթ­քող ջինջ զգա­ցում­նե­րը, ան­հուն սէրն ու խոր երախ­տա­գի­տու­թիւնը ­իր ­գո­յա­ւոր­մա­ն աղ­բիւ­րը ­ու ­գո­յա­տեւ­մա­ն ամ­րո­ցը ­դար­ձած ­հայ ­մօր նկատ­մամբ: Ար­դա­րեւ, զուր ­չէ, որ ­մե­ր ի­մաս­տուն ­ժո­ղո­վուր­դը ­ի­ր ա­մե­նէն ն­ուի­րա­կան սր­բու­թիւն­նե­րուն տ­ուա­ծ է ­մայր ­մակ­դի­րը` զա­նոնք ­կո­չե­լով ­Մայ­ր Ե­կե­ղե­ցի, Մայր ­Հա­յաս­տան, Մայր ­լե­զու…:

Հայ մայ­րը հո­մա­նիշ է յա­ւի­տե­նա­կան ար­ժէք­նե­րու ու երկ­նա­տուր ար­ժա­նիք­նե­րու, գե­րա­գոյն իտ­է­ալ­նե­րու ու նուի­րա­կան ձգտում­նե­րու, վեհ առա­քի­նու­թիւն­նե­րու ու ամուր սկզբունք­նե­րու: Հայ ­մայ­րը ­պատ­ուան­դանն է մեր­ գո­յու­թեան, աղ­բիւ­րը ­մեր ­զօ­րու­թեան, միջ­նա­բեր­դը ­մե­ր ինք­նու­թեան, ներշն­չա­րա­նը ­մեր ­պայ­քա­րին:

Արդ, առանց ­հայ ­մօր ­ճա­ռա­գայ­թող ­ներ­կա­յու-­թեա­ն ե­րա՛շ­տ է ­մեր կ­եան­քը: Առանց հայ մօր մար­դա­կեր­տու­մի ու հա­յա­կեր­տու­մի առա­քե­լու­թեան ան­գո՛յն է մեր կեան­քը: Առանց ­հայ ­մօր ­յանձ­նա­ռու ­մաս­նակ­ցու­թեա­ն աղ­քա՛­տ է ­մեր կ­եան­քը:

Հայ ­մայ­րո՛վ ­հա­յը ­հայ մնաց` պատ­մու­թեան ամե­հի ալիք­նե­րուն դի­մաց:

Հայ ­մայ­րո՛վ ­հա­յը ­հա­յ է` ներ­կայ ժա­մա­նակ­նե­րու ինք­նու­թիւն ապա­կա­նող հո­սանք­նե­րուն դի­մաց:

Հայ ­մայ­րո՛վ ­հա­յը ­հա՛յ ­պի­տի մ­նայ` գա­լիք բո­լոր ժա­մա­նակ­նե­րու մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն դի­մաց:

Այ­սօր երբ դի­տենք մեր ժո­ղո­վուր­դին կեան­քը, հարց կու տանք. արդ­եօք ­հայ ­մայ­րը այ­սօ­ր իր ­հայ ­մօ­ր ա­ռա­քե­լու­թեա՜ն ­մէ՞­ջ է. որ­քա­նո՞վ հա­ւա­տա­րիմ է հայ մայ­րը իր նուի­րա­կան կո­չու­մին…:

Եր­բեմն ­հա­ճո­յա­պաշտ կ­եան­քին ­գե­րի­ն է ­ան:

Եր­բեմ­ն ըն­տա­նե­կան սր­բու­թեանց ­խա­թա­րի­չը:

Եր­բեմ­ն օ­տա­րա­մուտ ­բար­քե­րու ­տա­րա­ծի­չը:

Եր­բեմն հե­ռո՜ւ է ան հայ կեան­քի ոգեշն­չող ու հա­յաց­նող ներ­կա­յու­թե­նէն…:

Բայ­ց ո՛չ: Հա­յադ­րոշ­մ ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան ­զօ­րեղ պաշտ­պան, հայ­կա­կան սր­բու­թեան­ց ե­ւ ա­ւան­դու­թեան­ց ար­թուն ­պա­հա­պան, ազ­գա­յին ­հա­ւա­քա­կան ­խո­յանք­նե­րու ­ռահ­վի­րայ ­հայ ­մայ­րը այդ­պէս ­չի՛ կրնա­ր ըլ­լալ, պէտք ­չէ՛ ըլ­լայ:

Մենք հա­ւատք ­ներշն­չող, կամք կ­ռա­նող, յոյս ­նե­րար­կող, սէր ­փո­խան­ցող, այլ ­խօս­քով` հա­յուն մէջ քրիս­տոն­եայ ու հայ մար­դը ­կեր­տող ­ու այդ ­ճամ­բուն վ­րա­յ ի­ր ան­ձը ըն­ծա­յա­բե­րող ­հայ ­մօր ­յոյժ կա­րի­քը ­ու­նինք:

Գի­տե՛նք, դիւ­րին ­չէ ­մայ­ր ըլ­լա­լը. դիւ­րին ­չէ ­մա՛­նա­ւանդ ­հայ ­մայ­ր ըլ­լա­լը:

Չմոռ­նանք եր­բեք, որ հայ ­մայ­րը եկե­ղե­ցի՛ ­դար­ձաւ, հոն ուր եկե­ղե­ցի ­չու­նե­ցանք. դպրո՛ց ­դար­ձաւ, հոն ուր դպ­րոց ­չու­նե­ցանք. հայ­րե­նի՛ք ­դար­ձաւ, երբ ­հայ­րե­նիք ­չու­նե­ցանք:

Նո՛յ­նը կոչ­ուած է ըլ­լալ հայ մայ­րը այ­սօր ու միշտ: Ա՛յս է հայ մօր հա­րա­զատ կո­չու­մը:

Բի՜ւր ­յար­գանք ­հայ ­մայ­րե­րուն:

***

Ներ­կայ ­տա­րին “Հայ Մօր ­Տա­րի“ հռչա­կե­լով, Մեր ս­պա­սում­ն է, որ`

 

ա) Անդ­րա­դառ­նանք ­մեր կ­եան­քէն ­ներս հայ ­մօր ­վի­ճակ­ուած ն­ուի­րա­կա­ն ա­ռա­քե­լու­թեան:

բ) Վե­րա­հաս­տա­տենք հայ ­մօր ն­կատ­մամբ ­մե­ր ու­նե­ցած ­խո­րունկ ­սէր­ն ու ­յար­գան­քը:

գ) Յի­շեց­նենք մ­ի­ա­ժա­մա­նակ ­հայ ­մօ­ր ի­ր ե­զա­կի ­դեր­ն ու ճշ­մա­րիտ ­դի­մա­գի­ծը ­միշտ ­պայ­ծառ ­պա­հե­լու հ­րա­մա­յա­կա­նը:

Հե­տե­ւա­բար, Մե­ր այս ս­պա­սում­նե­րու ­լոյ­սին ­տակ, Մեր ­հայ­րա­կան ­թե­լադ­րու­թիւն­ն է ­ուղղ­ուած ­մեր ­Թե­մա­կա­ն Ա­ռաջ­նորդ­նե­րուն, հո­գե­ւոր ­դա­սուն, ազ­գա­յի­ն իշ­խա­նու­թեան­ց ու ­մեր կ­եան­քէն ­ներս ­գոր­ծող ­բո­լոր ­կա­ռոյց­նե­րուն, որ ներ­կայ ­տար­ուա­ն ըն­թաց­քին ­յա­տուկ ­նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով ­վե­րա­շեշ­տեն, վեր­յի­շեց­նե­ն ու ­վե­րար­ժե­ւո­րեն ­հայ ­մօր տի­պա­րը` իր ­հա­րա­զատ  ­պատ­կե­րով ­ու ա­ռանց­քա­յին ­դե­րով ­մե­ր ե­կե­ղեց­ւոյ, ազ­գի­ն ու ­հայ­րե­նի­քի կ­եան­քին ­մէջ:

Կ՛աղօ­թենք առ Բարձր­եալն Աստ­ուած, որ իր երկ­նա­յին շնորհ­նե­րով շնոր­հա­զար­դէ մեր մայ­րե­րը, որ­պէս­զի վե­րա­նո­րոգ նուի­րու­մով անոնք կա­րե­նան քրիս­տո­նէ­ա­կան հա­ւատ­քով թրծել եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րով ու իտ­է­ալ­նե­րով կազ­մա­ւո­րել իրենց զա­ւակ­նե­րը:

Հայ­րա­կան ջերմ սի­րով,

Աղօ­թա­րար`

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles