ԱՐԱՄ Ա. ԿԱ­ԹՈ­ՂԻ­ԿՈՍ “ՄԵՍ­ՐՈՊ ՄԱՇ­ՏՈՑ“ ՇՔԱՆ­ՇԱ­ՆՈՎ ՊԱՐ­ԳԵ­ՒԱՏ­ՐԵՑ ՔՐԻՍ ՊՈՀ­ՃԱԼ­ԵԱ­ՆԸ

0 0
Read Time:2 Minute, 4 Second

 Դեկ­տեմ­բեր 3-ին, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Պէյ­րու­թի Հա­մազ­գա­յի­նի “Վա­հէ Սէ­թեան“ հրա­տա­րակ­չա­տան եւ հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ ու ներ­կա­յու­թեամբ Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Արամ Ա. կա­թո­ղի­կո­սին, Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ մայ­րա­վան­քի “Կիւլ­պէնկ­եան“ սրա­հին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ Քրիս Պոհ­ճալ­եա­նի Աւա­զէ Ամ­րո­ցին Աղ­ջիկ­նե­րը գիր­քին շնոր­հա­հան­դէ­սը: Ներ­կայ էին նա­խա­րար­ներ, երես­փո­խան­ներ եւ գրա­սէր ազ­գա­յին­նե­րու հոծ բազ­մու­թիւն մը: Արամ Ա. անգ­լե­րէ­նով ար­տա­սա­նած իր խօս­քին մէջ հան­գա­մա­նա­ւոր կեր­պով շեշ­տեց գիր­քին մէջ նշուող սէրն ու պատ­գա­մը: Քրիս Պոհ­ճալ­եան այս գիր­քը գրե­լով ոչ թէ պատ­մեց, այլ ապ­րե­ցա՛ւ անոր դէպ­քե­րը: Դէ­պի իր հա­րա­զատ ար­մատ­նե­րը թա­փան­ցող պրպտում է այս գիր­քը: Անի­կա երե­ւա­կա­յու­թե­նէ ան­դին հա­րա­զատ փաս­տար­կումն է Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան, որ հե­տե­ւո­ղա­կան կեր­պով ծրագր­ուած ու գոր­ծադր­ուած էր օր­ուան թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թեան կող­մէ բո­լոր անոնք, որոնք գոր­ծադ­րե­ցին ու մաս կազ­մե­ցին Ցե­ղաս­պա­նու­թեան կի­րարկ­ման, հաշ­ուե­տու են տա­կա­ւին, ըսաւ Արամ Ա. կա­թո­ղի­կոս եւ եզ­րա­կա­ցուց, որ մայ­րա­վան­քը, որ ատե­նին որ­բեր պատս­պա­րած է, այ­սօր Ցե­ղաս­պա­նու­թեան դէմ պայ­քա­րի խորհր­դա­նիշ կեդ­րոն է: Ապա, Արամ Ա. “Մես­րոպ Մաշ­տոց“ շքան­շա­նով պար­գե­ւատ­րեց Քրիս Պոհ­ճալ­եա­նը:

Այս վեր­ջի­նը խօսք առ­նե­լով, թէ խօ­սե­լով իր ըն­տա­նե­կան հայ եւ ոչ հայ ար­մատ­նե­րուն մա­սին` ան  կը վեր­յի­շէ իր ման­կու­թեան օրե­րը, թէ ինչ­պէ՛ս իր շուէ­տա­ցի մայ­րը ամէն շա­բաթ օր զինք կը տա­նէր իր մա­հա­ցած հօր ծնող­քին` Պոհ­ճալ­եան­նե­րու տու­նը, ինչ որ խոր տպա­ւո­րու­թիւն թո­ղած էր իր մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles