ԱՐ­ՑԱԽ­ԵԱՆ ԱԶԱ­ՏԱԳՐ­ՄԱՆ ՊԱՅ­ՔԱ­ՐԻ 25-ԱՄ­ԵԱԿ

0 0
Read Time:10 Minute, 20 Second

p8-9  25 տա­րի առաջ, Փետր­ուար­եան վեր­ջին օրե­րուն, երբ դեռ գար­նան նշոյլն ան­գամ չէր սկսած, ծնունդ առաւ Ար­ցախ­եան շար­ժու­մը` գլխա­ւոր նպա­տակ ու­նե­նա­լով սրբագ­րել 1923-ին Հա­մայ­նա­վար կու­սակ­ցու­թեան կով­կաս­եան բիւ­րո­յի որ­դեգ­րած ստա­լին­եան կա­մա­յա­կան մէկ որո­շու­մը եւ Ար­ցա­խի սուրբ հո­ղա­շեր­տը վե­րամ­ի­աց­նել մայր հայ­րե­նի­քին: Այս­պէս, Փետր­ուար 21, 1988 թուա­կա­նը հա­յոց ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան մէջ պի­տի մնայ իբ­րեւ ան­մո­ռա­նա­լի թուա­կան: Այդ օր Երե­ւա­նի այժ­մու Ազա­տու­թեան հրա­պա­րա­կին վրայ հա­մախմբ­ուե­ցան շուրջ մէկ միլի­ոն հա­յոր­դի­ներ, որոնք Հա­յաս­տա­նի մայ­րա­քա­ղա­քին երկ­նա­կա­մա­րը փա­կե­ցին “Ար­ցա­խը մերն է“ կար­գա­խօ­սով:

p8-9 karabakh-war-10  Ար­ցախ­եան շար­ժու­մը հա­յոց ժա­մա­նա­կա­կից պատ­մու­թեան լու­սա­ւոր եւ փայ­լուն էջե­րէն մէկն է: Կաս­կա­ծէ վեր է, որ Ար­ցախ­եան հար­ցը, շար­ժու­մի սկզբնա­ւո­րու­մէն ի վեր իր պար­զած առանց­քա­յին նշա­նա­կու­թեան հա­մար հայ քա­ղա­քա­կան մտքին հա­մար դար­ձաւ Հայ Դա­տի լուծ­ման առաջ­նա­հերթ հանգր­ուան: Այ­սօր եւ հայ քա­ղա­քա­կան մտքի մտո­րում­նե­րը կը կեդ­րո­նա­նան նախ եւ առաջ Ար­ցախ­եան հար­ցի ար­դա­րա­ցի եւ հա­յան­պաստ լուծ­ման անհ­րա­ժեշ­տու­թեան վրայ: Եւ հար­ցին ար­դա­րա­ցի լուծ­ման ան­մի­ջա­կան քայ­լե­րէն կը հան­դի­սա­նան վե­րաբ­նա­կեց­ման հա­մա­պար­փակ ու պե­տա­կան ծրա­գի­րի մը մշա­կու­մը, որուն գոր­ծադ­րու­թեան մէջ լայն տեղ տրա­մադր­ուած ըլ­լայ մա­նա­ւանդ քա­ղա­քաց­ի­ա­կան հա­սա­րա­կու­թիւնը, եւ Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջազ­գա­յին ճա­նա­չու­մը` իբ­րեւ ան­կախ պե­տա­կա­նու­թիւն:

Այս յի­շա­տա­կե­լի 25-ամ­եա­կին առ­թիւ, Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Աշոտ Ղուլ­եա­նը ըն­դու­նած է Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի փոխ նա­խա­գահ Հեր­մի­նէ Նաղ­տալ­եա­նի գլխա­ւո­րած պատ­ուի­րա­կու­թիւնը, որ Ստե­փա­նա­կերտ կը գտնուէր ար­ցա­խա­հա­յու­թեան ազ­գա­յին-ազա­տագ­րա­կան պայ­քա­րի` Ար­ցախ­եան Շարժ­ման 25-րդ տա­րե­դար­ձի տօ­նա­կա­տա­րու­թեան մաս­նակ­ցե­լու նպա­տա­կով: Աշոտ Ղուլ­եան դի­տել տուաւ, որ Ար­ցախ­եան շարժ­ման 25-ամ­եա­կը, որ­պէս յո­բել­եա­նա­կան իրա­դար­ձու­թիւն, հա­մազ­գա­յին ար­ժէք կը ներ­կա­յաց­նէ: p8-9 karabakh-war-12Երե­ւա­նէն ժա­մա­նած իր  գոր­ծըն­կեր­նե­րուն, Ղուլ­եան յայտ­նեց, որ Ար­ցա­խի մէջ աւե­լի քան մէկ շա­բաթ առաջ ըն­թացք առած տօ­նա­կան նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րը ար­դէն իսկ իրենց հա­մար­ժէք շա­րու­նա­կու­թիւնն ու դրսե­ւո­րու­մը կը գտնեն հայ­կա­կան Սփիւռ­քի տար­բեր գա­ղութ­նե­րու մէջ: Առ այդ, ան յայտ­նած է, որ այդ մի­ջո­ցա­ռում­նե­րը պի­տի չսահ­մա­նա­փակ­ուին միայն մէկ ամի­սով, այ­լեւ պի­տի շա­րու­նակ­ուին մին­չեւ տա­րե­վերջ: Պատ­ուի­րա­կու­թեան մաս կը կազ­մէ­ին պատ­գա­մա­ւոր­ներ Ար­տակ Զա­քար­եա­նը, Կա­րի­նէ Աճէմ­եա­նը, Ռու­զան­նա Մու­րատ­եա­նը եւ Ռու­բէն Գէ­որգ­եա­նը: Զրոյ­ցին մաս­նա­կից­նե­րը եր­կուս­տէք կա­րե­ւոր նկա­տած են Ար­ցախ­եան շարժ­ման պատ­մա­ի­րա­ւա­կան նշա­նա­կու­թիւնը թէ՛ ար­ցա­խա­հա­յու­թեան, եւ թէ ողջ հայ ժո­ղո­վուր­դի կեան­քին մէջ:

Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին անդ­րա­դարձ կա­տար­ուած է նա­եւ Հա­յաս­տան-Ար­ցախ միջ-­խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րող հար­ցե­րու, այդ պա­րու­նա­կին մէջ քննարկ­ուած են փոխ գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դիւ­նա­ւէ­տու­թեան բարձ­րաց­ման մի­ջոց­ներն ու կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը: Հան­դի­պու­մին մաս­նակ­ցած են նա­եւ Ար­ցա­խի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի փոխ­ նա­խա­գահ Ար­թուր Թով­մաս­եա­նը, մնա­յուն յանձ­նա­ժո­ղով­նե­րու նա­խա­գահ­ներ Վահ­րամ Աթա­նէս­եա­նը եւ Ար­մէն Սարգս­եա­նը, Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վին մէջ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի մնա­յուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Կա­րէն Թօփչ­եա­նը:

p8-9 karabakh-war-27 (1)Հ. Նաղ­տալ­եա­նի հա­մա­ձայն, ինք եւ իր գոր­ծըն­կեր­նե­րը եռա­կի տօ­նա­կան տրա­մադ­րու­թեամբ ժա­մա­նած են Ար­ցախ: “Մեզ հա­մար անձ­նա­պէս նշա­նա­կա­լի է մաս­նակ­ցել Ար­ցախ­եան շարժ­ման 25-ամ­եայ յո­բել­եա­նին նուիր­ուած տօ­նա­կան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րին…“, ըսաւ ան:

Ար­ցա­խի ազա­տագ­րու­մը իրա­գործ­ուե­ցաւ շնոր­հիւ հայ ազա­տա­մար­տիկ­նե­րու եւ կա­մա­ւո­րա­կան ջո­կատ­նե­րու քա­ջա­րի մար­տու­նա­կու­թեան, որ ար­դիւնք էր հա­ւատ­քին, հա­ւատք` հո­ղին, հա­ւատք` մեր պատ­մու­թեան ու եր­թին, հա­ւատք` մեր բա­զու­կին ու կամ­քին, հա­ւատք` մեր հո­գե­ւոր եւ ազ­գա­յին բո­լոր ար­ժէք­նե­րուն, հա­ւատք` մեր ցե­ղի ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան եւ վեր­ջա­պէս հա­ւատք` մեր երէ­կի եւ ներ­կա­յի բո­լոր նա­հա­տակ­նե­րու թա­փած ար­եան, կան­չին եւ ուխ­տին: Այս էր գրա­ւա­կա­նը մեր յաղ­թա­նա­կին, մի­աս­նա­կան ու ամ­բող­ջան­ուէր մաս­նակ­ցու­թեամ­բը Հա­յաս­տա­նի, Ար­ցա­խի եւ սփիւռ­քի հա­յու­թեան, հա­մա՜յն հա­յու­թեան: Ահա այն եր­րոր­դու­թիւնը, որ կը զօ­րաց­նէ մեզ, կու տայ երաշ­խի­քը մեր հզօ­րու­թեան ու յա­րա­տե­ւու­թեան: Ար­ցա­խի ազա­տագ­րու­թեան դափ­նին Շուշիի ազա­տագ­րումն էր: Եթէ չա­զա­տագր­ուէր Շու­շին, չէր ազա­տագր­ուեր Ար­ցա­խը: Եթէ չա­զա­տագր­ուէր Լա­չի­նը, չէր գո­յա­տե­ւէր Ար­ցա­խը: Ու Ար­ցա­խը ազա­տագր­ուե­ցաւ ու հայ ժո­ղո­վուր­դը դար­ձաւ տէ­րը իր ճա­կա­տագ­րին, իր հո­ղին, իր ներ­կա­յին ու ապա­գա­յին: Շու­շին դար­ձաւ խորհր­դա­նի­շը մեր ռազ­մա­կան գի­տու­թեան ու կո­րո­վին, որուն օտար­ներն ան­գամ հի­ա­ցու­մով կը խօ­սին: karabakh-war-29Շու­շին պա­տե­րազ­մա­կան յաղ­թա­նակ էր ամ­բող­ջա­կան իմաս­տով: Շուշիի ազա­տագ­րու­մը` Աւա­րայ­րի ու Սար­դա­րա­պա­տի յաղ­թա­նակ­նե­րուն հա­մա­զօր իրա­դար­ձու­թիւն էր: Շու­շին դու­ռը բա­ցաւ հե­տա­գայ բո­լոր յաղ­թա­նակ­նե­րուն: Պատ­մու­թիւնը ոսկ­եայ տա­ռե­րով պի­տի ար­ձա­նագ­րէ այս հե­րոս­նե­րը եւ հայ ժո­ղո­վուր­դը պի­տի մնայ յա­ւէտ երախ­տա­պարտ անոնց սխրան­քին, որով­հե­տեւ հայ ժո­ղո­վուր­դը գի­տէ ան­մա­հաց­նել իր հե­րոս­ներն ու նա­հա­տակ­նե­րը սրբաց­նե­լու աս­տի­ճան եւ գի­տէ անէծ­քի սիւ­նին գա­մել իր դա­ւա­ճան­ներն ու վա­տո­գի­նե­րը:

Շուշիի ազա­տագ­րու­մը, որ­պէս ռազ­մա­կան եւ բա­րո­յա­-հո­գե­բա­նա­կան, ան­կիւ­նա­դար­ձա­յին նշա­նա­կու­թիւն ու­նե­ցող խի­զախ իրա­գոր­ծում մը որ յա­տուկ է միայն մեր ժո­ղո­վուր­դին, ամե­նադժ­ուա­րին իսկ պա­հուն ստեղ­ծե­լու կամ­քը` յաղ­թա­նակ­ներ կեր­տե­լու: Երբ Ար­ցա­խի  ժո­ղո­վուր­դը կանգ­նած էր ամէն ինչ կորսնց­նե­լու վտան­գին առ­ջեւ, երբ թրքաց­ման ու հա­յա­թափ­ման 70 տար­ուան քա­ղա­քա­կա­նու­թիւնը կը մի­տէր պար­պել Ար­ցա­խը իր հայ ազ­գաբ­նակ­չու­թե­նէն, երբ մեր ժո­ղո­վուր­դը կ՛են­թարկ­ուէր նոր ջար­դե­րու եւ տե­ղա­հան­ման` Պաք­ուի, Գան­ձա­կի, Շա­հում­եա­նի, Գե­տա­շէ­նի եւ այլ շրջան­նե­րու մէջ, երբ ազե­րին Նա­խի­ջե­ւա­նէն ետք կար­գը եկած կը նկա­տէր Ար­ցա­խի վերջ­նա­կան կցու­մին, հուսկ անց­նե­լու Զան­գե­զու­րին, երբ Շու­շին որ­պէս անա­ռիկ բերդ գրա­ւե­լու զի­նուո­րա­կան բո­լոր օրէնք­ներն ու տրա­մա­բա­նու­թիւն­նե­րը կը մեր­ժէ­ին զի­նուո­րա­կան ընտ­րան­քը, կամ նուա­զա­գոյ­նը` անոր յե­տաձ­գու­մը, ահա հայ ժո­ղո­վուր­դի խի­զախ կամ­քը` պատ­մա­կան, հո­գե­ւոր ու մշա­կու­թա­յին անա­ռիկ միջ­նա­բեր­դը ազա­տագ­րե­լու որո­շու­մը եւ ան­թե­րի գոր­ծադ­րու­թիւնը, որ Ար­ցա­խին շնոր­հեց վերջ­նա­կան յաղ­թա­նա­կը եւ ստի­պեց թշնամի­ին` ըն­դու­նիլ զի­նա­դա­դա­րի առա­ջարկ­նե­րը, որով­հե­տեւ այ­լա­պէս հե­տե­ւանք­նե­րը ար­դէն սկսած էին դառ­նալ ող­բեր­գա­կան` Լա­չի­նի, Աղ­տա­մի, Քել­պա­ճա­րի, Ֆի­զուլիի եւ այլ տա­րածք­նե­րու ազա­տագ­րու­մով: 

p8-9 nagorno-karabakh-tank  Ար­ցախ­եան ազա­տագր­ման շար­ժու­մը հա­յորդի­ին փո­խան­ցեց ոգե­ղէն այն հզօր կամ­քը եւ գի­տակ­ցու­թիւնը, որ հայ ժո­ղո­վուր­դը գի­տէ զոհ­ուիլ, բայց նա­եւ` յաղ­թել, վարժ է ներ­քին ար­հես­տա­կան բա­ժա­նում­նե­րու, բայց վճռո­րոշ պա­հե­րուն գի­տէ մի­ա­նալ, գի­տէ ծա­ռա­նալ, գի­տէ կռուիլ ու յաղ­թել: Ար­ցախ­եան շար­ժու­մը  յաղ­թա­նա­կի տօնն է, ար­ձա­նագր­ուած բո­լոր յաղ­թա­նակ­նե­րուն վեր­ջին օղա­կը, որուն վստա­հա­բար պի­տի յա­ջոր­դեն նո­րե­րը` ի խնդիր ամ­բող­ջա­կան Հա­յաս­տա­նի, ամ­բող­ջա­կան հա­յու­թեան մեր մեծ երա­զան­քի ու տես­լա­կա­նի իրա­գործ­ման:

Ար­ցա­խի ազա­տագ­րու­մով հի­մը կը դրուէր Ար­ցա­խի կա­նո­նա­ւոր բա­նա­կի ստեղծ­ման, որուն 25-ամ­եա­կը կը տօ­նենք մի­ա­ժա­մա­նակ: Բա­նակ մը, որ Հա­յաս­տա­նի ազ­գա­յին բա­նա­կին հետ զու­գըն­թաց, իր թուա­յին, ար­հես­տա­գի­տա­կան, մար­տա­կան թէ ռազ­մա-ու­սում­նա­կան բարձր պատ­րաս­տու­թեամբ լա­ւա­գոյն­նե­րէն է ամ­բողջ Կով­կա­սի մէջ` ռազ­մա­կան մաս­նա­գէտ­նե­րուն իսկ վկա­յու­թեամբ: Ար­ցա­խի բա­նա­կը երաշ­խա­ւորն է այ­սօր Ար­ցա­խի անվ­տան­գու­թեան, անոր ան­կա­խու­թեան: Ան մեր հպար­տու­թեան ներշն­չա­րանն է, մեր ար­ժա­նա­պա­տուու­թեան լու­սա­ւոր էջն ու գրա­ւա­կա­նը:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles