ԱՐ­ՑԱ­ԽԻ ՆԱ­ԽԱ­ԳԱՀ Բ. ՍԱ­ՀԱԿ­ԵԱ­ՆԻ ԱՅ­ՑԵ­ԼՈՒ­ԹԻՒՆ­ՆԵ­ՐԸ` ԵՒ­ՐՈ­ՊԱ­ՅԻ ՄԷՋ

0 0
Read Time:5 Minute, 27 Second

BRU PAGO  ՊՐԻՒՔ­ՍԷԼ.- Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ, եւ Եւ­րո­խորհր­դա­րա­նի մէջ Հա­յաս­տա­նի հետ բա­րե­կա­մու­թեան խում­բի նա­խա­գահ եւ­րո­ե­րես­փո­խան դոկտ. Էլե­նի Թէ­ո­խա­րու­սի կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի պատ­ուի­րա­կու­թիւնը, նա­խա­գա­հու­թեամբ Բա­կօ Սա­հակ­եա­նի, բաղ­կա­ցած փոխ վար­չա­պետ Ար­թուր Աղա­բէկ­եա­նի, Ար­տա­քին Գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զոյ­եա­նի եւ նա­խա­գա­հա­կան գրա­սեն­եա­կի աշ­խա­տա­կազ­մի պա­տաս­խա­նա­տու Դա­ւիթ Բա­բայ­եա­նի, յա­տուկ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ զա­նա­զան քա­ղա­քա­կան խում­բե­րու ան­դամ, տար­բեր եր­կիր­նե­րէ եր­կած եւ­րո-երե­փո­խան­նե­րու պատ­ուի­րա­կու­թեան մը հետ:

Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի յանձ­նա­խում­բի գրա­սեն­եա­կի նա­խա­գահ Գաս­պար Կա­րա­պետ­եա­նի մաս­նակ­ցու­թեամբ, Պատ­ուի­րա­կու­թիւնը հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Պել­ճի­քա­կան Խորհր­տա­րա­նին մէջ, կարգ մը ծե­րա­կու­տա­կան­նե­րու հետ, ար­ծար­ծե­լու հա­մար Ար­ցա­խի հար­ցը, եւ անոնց ներ­կա­յաց­նե­լու Ար­ցա­խի Հան­րա­պե­տու­թեան պաշ­տօ­նա­կան դիր­քե­րը:

Ծեր­կա­կու­տա­կան Անտ­րէ Տը Պիւս Տը Վար­նա­ֆի գլխա­ւո­րու­թեամբ, պել­ճի­քա­ցի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ջերմ ըն­դու­նե­լու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­ցին Ար­ցա­խի պատ­ուի­րա­կու­թեան եւ քննարկ­ուե­ցան Ար­ցա­խի օժան­դա­կու­թիւն տրա­մադ­րե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը եւ խո­րաց­նե­լու հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնը իրենց մի­ջեւ:

Եւ­րո­պա­յի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բի գրա­սեն­եա­կի նա­խա­գահ Գաս­պար Կա­րա­պետ­եան նշեց, որ պի­տի շա­րու­նակ­ուին նման այ­ցեր, թէ՛ հա­մա­եւ­րո­պա­կան առու­մով, եւ թէ՛ ազ­գա­յին խորհր­դա­րան­նե­րու հետ, եւ ըսաւ.-Մենք մի՛շտ պատ­րաստ ենք մեր քա­ղա­քա­կան ծա­նօ­թու­թիւն­ներն ու լծակ­նե­րը օգ­տա­գոր­ծե­լու ի շահ մեր հայ­րե­նի­քին, ու յատ­կա­պէս Ար­ցա­խին, եւ այս պա­րա­գա­յին Պել­ճի­քա­յի խորհր­դա­րա­նէն ներս: Ար­ցա­խի նա­խա­գա­հի Պրիւք­սէլ պատ­մա­կան այ­ցին ըն­թաց­քին, մենք մեր բո­լոր կա­րե­լիու­թիւն­նե­րը դրինք պատ­ուի­րա­կու­թեան տրա­մադ­րու­թեան տակ, քա­նի Հայ Դա­տի Յանձ­նա­խում­բերն ու գրա­սեն­եակ­նե­րը աշ­խա­տած են ու կաշ­խա­տին ի շահ մեր զոյգ պե­տու­թիւն­նե­րուն եւ անոնց ամ­րապնդ­ման եւ հզօ­րաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին:

Նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հակ­եան Հոկ­տեմ­բեր 17-ին, Լա Հէյիի մէջ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Հո­լան­տա­յի խորհր­դա­րա­նի ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի խումբ մը ան­դամ­նե­րու հետ:

Հան­դի­պու­մին ըն­թաց­քին քննարկ­ուե­ցան Հո­լան­տա-Ար­ցախ խորհր­դա­րա­նա­կան կա­պե­րու զար­գաց­ման, ազե­րի-ար­ցախ­եան հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման եւ տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին գոր­ծըն­թաց­նե­րուն վե­րա­բե­րող հար­ցեր:

Նա­խա­գահ Սա­հակ­եան նշեց, թէ պաշ­տօ­նա­կան Ստե­փա­նա­կերտ մե­ծա­պէս հե­տաքրքր­ուած է Հո­լան­տա­յի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­մամբ` նշե­լով, որ ատոր հա­մար առ­կայ են խոստմ­նա­լից հե­ռան­կար­ներ: Նոյն օրը նա­խա­գահ Սա­հակ­եան հան­դի­պում ու­նե­ցաւ հայ հա­մայն­քի ղե­կա­վա­րու­թեան հետ` քննար­կե­լով հայ հա­մայն­քի եւ Ար­ցա­խի մի­ջեւ կա­պե­րու ամ­րապնդ­մանն առն­չուող հար­ցեր:

Նա­խա­գահ Սա­հակ­եան երախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նած է հո­լան­տա­հա­յու­թեան` Ար­ցա­խին նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րած աջակ­ցու­թեան հա­մար, նշե­լով, որ կ՛ակն­կա­լէ հայ­րե­նա­կից­նե­րուն աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւնը “Հա­յաս­տան“ հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի 2013-ի հե­ռուս­տա­մա­րա­թօ­նին եւ Ար­ցա­խի մէջ իրա­կա­նա­ցուող ծրա­գիր­նե­րուն:

Նշենք թէ, նախ­քան այս հան­դի­պում­նե­րը, Հոկ­տեմ­բեր 10-ին, Ա նա­խա­գահ Բա­կօ Սա­հակ­եան աշ­խա­տան­քա­յին այ­ցե­լու­թեամբ ժա­մա­նած էր Ֆրան­սա­յի Լիուն քա­ղա­քը, ուր հան­դի­պում ու­նե­ցած էր տեղ­ւոյն հայ­կա­կան միու­թիւն­նե­րը հա­մա­կար­գող խոր­հուր­դի խումբ մը ան­դամ­նե­րու հետ:

Հան­դիպ­ման ըն­թաց­քին քննարկ­ուած էին Ար­ցախ-սփիւռք փոխ­գոր­ծակ­ցու­թեան ամ­րապնդ­ման առն­չուող հար­ցեր: Երկ­րին ղե­կա­վա­րը կա­րե­ւոր նկա­տած է սփիւռ­քի մէջ գոր­ծող կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն հետ կա­յուն կա­պե­րու հաս­տա­տու­մը եւ հա­մա­կարգ­ուած աշ­խա­տան­քի իրա­կա­նա­ցու­մը` աւելց­նե­լով, որ ատոր հա­մար կան բո­լոր անհ­րա­ժեշտ նա­խադր­եալ­նե­րը:

Հան­դիպ­ման մաս­նակ­ցած էին Ար­ցա­խի փոխ­վար­չա­պետ Ար­թուր Աղա­բեկ­եա­նը, ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Կա­րէն Միր­զոյ­եա­նը, Ֆրան­սա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Վի­գէն Չի­թեչ­եա­նը, Ֆրան­սա­յի մէջ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի մնա­յուն ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Յով­հան­նէս Գէ­որգ­եա­նը, պաշ­տօ­նա­տար այլ ան­ձեր:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles