
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Սեպտեմբեր 2-ին, մեծ շուքով նշուեցաւ Արցախի Հանրապետութեան հռչակման 22-րդ տարեդարձը: Այս առթիւ, նախագահ Բակօ Սահակեան այցելեց Ստեփանակերտի յուշահամալիր, ծաղիկներ զետեղեց Արցախի անկախութեան ու ազատութեան համար զոհուած ազատամարտիկներու, Ազգային Ժողովի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի շիրիմներուն:
Այս այցելութեան մասնակցեցան նաեւ Հայաստանի վարչապետ Տիգրան Սարգսեանը, Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արք. Մարտիրոսեանը, Ազգային Ժողովի խօսնակ Աշոտ Ղուլեանը, վարչապետ Արա Յարութիւնեանը, Արցախի եւ Հ.Հ.-ի բարձրաստիճան այլ պաշտօնեաներ, Սփիւռքէն հիւրեր եւ ժողովուրդ:
Հ.Յ.Դ.-ի համար աւանդութիւն դարձած է Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան օրը նշել “Ազատութիւն“ հրապարակին վրայ: Այս առթիւ խօսք առին Վահան Յովհաննիսեան եւ Արմէն Ռուստամեան: