Գլխաւոր

“ԱՏՐՊԷՅՃԱՆ` ՈՃԻՐԻ ԵՐԿԻՐ“

land of fire

“Ատրպէյճան` ոճիրի երկիր“…Կիրակի, Նոյեմբեր 2-ին, Մարսէյի “Վելոտրոմ“ մարզադաշտին վրայ, Ֆրանսայի Հ. Ե. Միութեան “Նոր Սերունդ“ի երիտասարդները դիմած էին այս յանդուգն քայլին, պարզելով այս հսկայ պաստառը…Ֆրանսայի ոտնագնդակի ախոյեանութեան գծով կատարուելիք Օլիմփիք Մարսէյ – Ռասինկ Լանս մրցումին առթիւ:

Արդարեւ, Սպանիոյ Աթլեթիքօ Մատրիտը  հովանաւորելէ (տարեկան 12.5 միլիոն եուրօ) ետք, ազերի միլիառատէր Հաֆիզ Մամատով պայմանագրութիւն մը ստորագրած է Ռասինկ Լանսի հետ, եւ այս խումբին  շապիկներուն վրան ալ գրել տուած է տարօրինակ “Ատրպէյճան` կրակի երկիր“ ծանուցումը:

Advertisement Subscribe Today

Հակառակ անոր որ, նման մրցումներու, դրօշակ պարզելը դժուար արարք մըն է,  Մարսէյահայ տղաքը ծրագրեցին եւ յաջողցուցին այս արարքը` ներկաներուն ուշադրութեան յանձնելով որ Ատրպէյճան ոճրագործ երկիր մըն է: Անոնք նաեւ նշած էին թէ Թուրքիան ալ ահաբեկիչ երկիրներու շարքին մաս կը կազմէ: Արդարեւ Մարսէյի կազմին հովանաւորող ընկերութիւններէն մէկն ալ “Թըրքիշ էրլայնզ“ն է:

Հաւանաբար, այս բոլոր անցուդարձերէն ետք, մրցումին արդիւնքը՝ 2-1 ի նպաստ Մարսէյի, այդչափ ալ կարեւոր չնկատուի:

Մինչ այդ, քանի մը շաբաթ առաջ, Մամատովեան նախաձեռնութիւնը կտրած էր Ատլանտեանը եւ “Ատրպէյճան` կրակի երկիր“ը փորձած էր ներգրաւել Ուրուկուայի Փենիարոլն ու Արժանթինի Սան Լորենզօն: Ազերիներու այս իւրայատուկ քարոզչական աշխատանքը ի թերեւ դուրս եկած էր:

Advertisement Subscribe Today!

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button