
ՀԱՅՐԵՆԻՔ
Խմբագրական
Նոյեմբեր 3, 2015
Անցեալ շաբաթավերջի Նոյեմբերեան առաջին օրուայ կիզակէտը Թուրքիան էր, որ խորհրդարանական ընտրութիւններով իր վրայ կեդրոնացուցած էր միջազգային աշխարհը: Անցեալ Յունիսի ընտրութիւններէն մինչեւ Նոյեմբեր 1, 2015 Էրտողան եւ իր ներքին, եւ յատկապէս արտաքին քարոզչական մեքենան այնպէս մը գործած էր, որ կրցած էր ամէն գնով տիրապետել ընդդիմադիր խմբաւորումներուն վրայ:
Այնպիսի ճարպիկ ձեւով ահազանգի լծուած եւ գործած Էրտողանի քարոզչական մեքենան փորձած էր նոյնիսկ խաբել դէտերը, ծածկելով զեղծարարութիւններն ու կաշառակերութիւնները:
Պարագան միեւնոյնը չէր Ատրպէյճանի մէջ, ուր հաւանաբար դիտմամբ միեւնոյն օրը՝ Նոյեմբեր 1, 2015-ին որոշուած էր կատարել խորհրդարանական ընտրութիւնները: Ըստ երեւոյթին Հայաստանի երկու դրացիները այնքան մը մօտիկ գործակցութիւն ունէին որ, խորհրդարանական ընտրութիւններն ալ միեւնոյն օրը որոշուած էին: Տարբերութիւնը այն էր թէ, Թուրքիոյ պարագային գէթ սըսփենս մը գոյութիւն ունէր, մինչդեռ Ատրպէյճանի պարագային, 2003-էն ի վեր իր հօր փոխարինած եւ նախագահական աթոռին կառչած նախագահ Իլհամ Ալիեւ որոշած էր այդ անակնկալն ալ չստեղծել:
Ո՛չ թէ միայն ընդդիմադիր ճակատը, այլ նաեւ դէտերն անգամ որոշած էին չհետեւիլ այդ շինծու ընտրութիւններուն, որուն արդիւնքը քուէաթուղթերուն վրայ գրուելէն առաջ իսկ յստակ էր:
Թէեւ Ալիեւի հովանաւորած «Նոր Ատրպէյճան» կուսակցութիւնն է, որ սպասուածին նման յաղթական դուրս եկաւ, սակայն Հին Ատրպէյճանն է…Ալիեւեան հնամաշ ու փտած ղեկավարութիւնը, որ քարիւղի հարստութիւններու վրայ յենուելով պիտի շարունակէ իշխել, տիրապետել, օգտագործել եւ շահագործել:
Հակառակ Անգարայի հետ իր գործակցութեան, Ալիեւ երբեք չէ կրցած համոզուիլ եւ հասկնալ թէ ճկուն քաղաքականութիւն ինչպէ՞ս կարելի է կիրարկել, քաղաքական յաղթող «պլըֆ»ներ կազմակերպել եւ պարզ ու մեկին արդարութիւն եւ բարգաւաճում «ծախել» օտար դէտերուն:
«Նոր Ատրպէյճան» տիրացաւ 125 աթոռներէն եօթանասունին, իսկ մնացեալներն ալ յատուկ ընդդիմադրութիւն չեն ներկայացներ:
Տեղին է հարց տալ թէ ի՞նչ պիտի ըլլայ յաջորդ հանգրուանը:
Հաւանական է որ, Արեւմուտքն ու յատկապէս Եւրոպան, հակառակ Ալիեւի ընձեռած օժանդակութեան եւ «բարեացակամութեան», մօտէն չգործակցի, շարունակ հարցականի տակ առնելով երկրէն ներս տիրող ժողովրդավարական կարգը: Բնականաբար, այս մօտեցման լոյսին տակ, Ալիեւ պիտի փորձէ շատ աւելի մօտէն գործակցիլ Եւրասիական տնտեսական միութեան հետ, ձեռք երկարելով Ռուսաստանի նախագահ Փութինի, հաւանաբար իր մօտիկ բարեկամ եւ իրեն նման գործող եւ ժողովրդավարութիւնը ոտնակոխող ղեկավար՝ Նուրսուլթան Նազարպայեւի միջնորդութեամբ:
Ռազմական գետնի վրայ, բնականաբար Արցախի սահմաններէն ներս ոտնձգութիւններն ու զինադադարի խախտումը հետեւողական ձեւով պիտի շարունակուի:
Այսպէս, Նոյեմբեր 1, 2015-ին, Թուրքիոյ նման Ատրպէյճանն ալ եւ …շատ աւելի բացայայտօրէն (չ)ընտրեց նոր խորհրդարան մը: