ԳլխաւորԼրահոս

Ատրպէյճանի Յարձակումներուն Դէմ Ցոյցեր Ուաշինկթընի Եւ Նիւ Եորքի Մէջ

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Անցեալ շաբաթավերջին Արցախի վրայ կատարած Ատրպէյճանի յարձակումներուն դէմ արտայայտուելով, Ուաշինկթընի եւ Նիւ Եորքի հայութիւնը բողոքի ցոյցեր կատարեց։
Ցուցարարները դատապարտեցին նաեւ 1988-ին տեղի ունեցած Սումկայիթի սպանդն ու 1990ի Պաքուի եւ Կիրովապատի ջարդերը: Անոնք նշեցին, թէ անպատիժ մնացած մարդկութեան դէմ, այդ ոճիրները յաւելեալ կը դրդեն Պաքուի նախայարձակ արարքները։
Ցոյցերը կազմակերպուած էին Հայ Դատի յանձնախումբերուն կողմէ:

 

 

 

 

Advertisement Subscribe Today

 

 

Ուաշինկթընի ցոյցին ընթացքին, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենսը փոխադրող շքախումբը անցած է ցուցարարներուն քովէն՝ ականատես դառնալով անոնց բողոքներուն։
Միեւնոյն ժամանակ, ազերիներէ եւ թուրքերէ կազմուած խմբակներ, փորձեցին ցոյցեր կատարել, պարզելով ազգայնամոլ «Գորշ Գայլեր»ուն խորհրդանիշը։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button