
ՍԱՆԹԻԱԿՕ.- Չորեքշաբթի, Յունիս 22-ին, Չիլէի խորհրդարանը մերժեց Ազերի լոպպիին կողմէ մտայղացուած այն բանաձեւը, որուն մէջ կը պահանջուէր դատապարտել «Խոճալուի Ցեղասպանութիւնը» եւ կը դատապարտուէր «Ատրպէյճանի հողերուն բռնագրաւումը»:
Քուէարկութենէն առաջ, Արժանթինի եւ Չիլէի մօտ, Հայաստանի դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեան խորհրդարանի անդամներուն նամակներ յղած էր՝ բացայայտելով պատմական իրականութիւնները։ Նոյնիքն դեսպանի կողքին, նամակները ստորագրած էին Արժանթինի եւ Չիլէի Հայոց թեմի Առաջնորդ Գիսակ Արք. Մուրատեանն ու Չիլէի հայ համայնքի ներկայացուցիչները:
Նշենք, թէ Պաքու եւ իր քարոզչական մեքենան, կը փորձէին հակադարձել Չիլէի խորհրդարանին կողմէ, Մայիս 18-ին քուէարկուած Արցախի վրայ վերջին յարձակումը դատապարտող բանաձեւին: