
ԵՐԵՒԱՆ.- Չորեքշաբթի, Օգոստոս 1-էն ի վեր, ատրպէյճանական կողմը կը խախտէ զինադադարը, յատկապէս գործի լծելով անօդաչու սարքեր:
Նահատակուեցան պաշտպանութեան բանակի պայմանագրային զինուորական ծառայողներ՝ Գուրգէն Գալերիի Գաբրիէլեան եւ Արթուր Եուրիի Խաչատրեան եւ վիրաւորուեցան 19 զինուորներ, որոնցմէ չորսին վիճակը ծանր է:
Արցախի մէջ խաղաղապահ առաքելութիւն իրականացնող Ռուսիոյ զօրակազմի հրամանատարութեան հետ միջոցներու ձեռնարկուեցան՝ վիժակը կայունացնելու ուղղութեամբ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկագիրով մը յայտնեց, թէ ռուս խաղաղապահ զօրախումբը արձանագրեց, որ Օգոստոս 3 -ին շփման գիծին մէջ զինադադարի դրութիւնը խախտեց ատրպէյճանական կողմը։
Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդագրութեամբ մը խստիւ դատապարտեց Ատրպէյճանի կողմէ վերջին օրերուն Արցախի նկատմամբ յարձակողական գործողութիւններու նոր ալիքը եւ զայն նկատեց հայատեացութեան դրսեւորում, տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան ու կայունութեան խախտման, ինչպէս նաեւ խաղաղապահ առաքելութեան վարկաբեկման բիրտ փորձ:
Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հրամանագիրով`Օգոստոս 3-էն յայտարարուեցաւ մասնակի զօրահաւաք:
Յարութիւնեան նաեւ գլխաւորեց Անվտանգութեան խորհուրդի ընդլայնուած նիստին՝ քննարկելու հանրապետութեան մէջ ստեղծուած ռազմաքաղաքական դրութիւնը: Արցախի ներքին գործոց նախարարութեան ոստիկանութիւնը աւելի ուշ հաղորդեց, որ Շուշի-Բերձոր-Գորիս միջպետական մայրուղին երկկողմանի բաց է՝ դիտել տալով, թէ Արցախը Հայաստանին կապող ճանապարհին մէջ դէպքեր եւ պատահարներ չեն արձանագրուած: Երթեւեկը կ՛ապահովէ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը։