ԱՍԱՏՈՒՐ ՉԱԼԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆԸ

0 0
Read Time:3 Minute, 7 Second

g armenian Asatur-Chalian

Image converted to PDF format.

 

 

 

Կարօ Արմենեան
Մարտ 20, 2016
Ուաշինկթըն

Ընթերցողի սեղանին վրայ կը գտնուի վերջերս լոյս տեսած «Ասատուր Չալեանի Յուշեր»ու գեղատիպ հատորը իր հայերէն բնագրով եւ նոյն կողքին մէջ ընդգրկուած անգլերէն թարգմանութեամբ։ Հատորը հրատարակութեան պատրաստած է հեղինակի որդին՝ Պր. Զարեհ Ա. Չալեան «Ասպարէզ»ի խմբագիրներ՝ Աբօ Պողիկեանի, Արա Խաչատուրեանի եւ Չալեան ընտանիքի այլ անդամներու աջակցութեամբ։ Մեծապէս ողջունելի նախաձեռնութիւն մը եւ կարեւոր ներդրու՛մ մը արդարեւ՝ Հաճնոյ ինքնապաշտպանութեան եւ անոր յաջորդող Կիլիկիոյ հայաթափման եւ առհասարակ Հայոց Ցեղասպանութեան պատմութեան վաւերագրական ֆոնտը համալրելու տեսակէտէն։
«Հաճընցի եմ», կ՚ըսէ Ասատուր Չալեան բանալով իր հպարտ մարդու եւ կորովի հաճընցիի վկայարանը։ «Հաճըն քաղաքը՝ արծուեբոյնը Կիլիկեան Հայաստանի շրջանին կը գտնուի Ատանա նահանգին հիւսիսը։ Զուտ հայաբնակ քաղաք մըն էր, 25000 բնակչութեամբ։ Շատ քիչ թիւով թուրքեր կային միայն, որոնք Չանտր կը կոչուէին. տեղւոյն հայերու բարբառով կը խօսէին եւ անոնց կենցաղը ունէին…» Այնուհետեւ տողերը կը հոսին վճիտ կոհակներով եւ կը պատմեն կեանքի անկեղծ զինուորին պատմութիւնը քսաներորդ դարու մեծ տեղաշարժերու ընդմէջէն։
Ասատուր Չալեան խիտ խօսքի մարդն է եւ իր 98 տպագիր էջերէ բաղկացած հատորը կ՚առինքնէ ընթերցողը իր պարզութեամբ, անմիջականութեամբ, ջերմութեամբ եւ անկեղծութեամբ։ Ան իր յուշերու տետրը ամբողջացուցած է 1956-ին, Պէյրութի մէջ եւ զայն որպէս աւանդ փոխանցած՝ իր զաւակներու՛ն։ Ձեռագիրը մնացած է անտիպ հեղինակի հարազատներուն մօտ եւ գուրգուրանքով պահուած՝ որպէս ընտանիքի նահապետին բաբախուն յիշատակարանը՝ Չալեան գերդաստանի եւ առհասարակ Հաճնոյ հերոսական ժողովուրդի (իր սիրած բառով՝ «հաճընցիութեան») ապրած ժամանակի բախտորոշ իրադարձութիւններու ժամանակագրութեամբ։ Հիմա, որ ան կը գտնուի հանրային շրջանառութեան մէջ, ան այլեւս փրկուած է յաւիտենութեան համար։ Ան այժմ մաս կը կազմէ Ցեղասպանութենէն վերապրած մեր հայրերու սերունդի հետզհետէ ճոխացող վկայութեանց ընդհանրական մատենագիտութեան։
Խմբագիրներու օրինակելի նախանձախնդրութեամբ, յուշերու այս գիրքը նաեւ հարստացուած է լուսանկարներով, Կիլիկիոյ քարտէսով եւ հարիւրամեակի մը բովէն վերընձիւղած Չալեան գերդաստանի տոհմածառով։ Կ՚արժէ մօտէն քննել այս տոհմածառը…
Կարապետ Չալեան ընդ Հռիփսիմէ Խրիմեանի Ս. Պսակի Խորհուրդէն սկիզբ առած ընտանեկան բոյնը հրաշքով կը վերապրի 1909-ի եւ 1915-ի ցեղասպանական բնաջնջումներէն եւ սակայն զոհ կ՚երթայ Քեմալական վոհմակներու կազմակերպած ջարդին, երբ Հաճնոյ իննամսեայ ինքնապաշտպանութիւնը փուլ կու գայ (1920 թուի Հոկտեմբերի 15-ին) հաճընցիներու հերոսական դիմադրութենէն ետք։ Կը փրկուի միայն իրենց Աստուածատուր որդին, որ իրեններուն կողմէ կը կոչուէր Ասատուր, ներկայ հատորին հեղինակը։ Կը փրկուի շնորհիւ այն բախտաւոր իրողութեան, որ ան Ատանա կը գտնուէր Հաճնոյ պաշարման ամիսներուն։ Ատանայի մէջ, Ասատուր պատասխանատուներէն է Հաճնոյ դիմադրութեան պարենաւորման գործին տեղւոյն Հ.Յ.Դ. մարմնի (որուն անդամ է ինք) եւ Ազգային Միութեան ղեկավարներուն հետ։ Ֆրանսական իշխանութիւնները զարմանալի եւ անհասկնալի հետեւողականութեամբ կը մերժեն օգնել Հաճընի մարտիկներուն. անոնք նաեւ անկարելի կը դարձնեն Ատանայէն կամաւոր ուժերու մուտքը Հաճըն։ Ֆրանսան արդէն իսկ սկսած է թիկունքէն դաշունահարել Կիլիկիոյ հայութիւնը Քեմալի հետ վարած իր յայտնի եւ գաղտնի բանակցութիւններով։ Հաճնոյ փլուզման կը յաջորդէ հաճընցիներու մեծ կոտորածը։ Մարաշի, Հաճնոյ, Այնթապի հերոսական ճակատամարտերը ի վերջոյ փուլ պիտի գան եւ ծայր պիտի առնէ Կիլիկիոյ աղիտալի պարպումը։ Եւ յանկարծ, շաբաթներու եւ ամիսներու միջոցին, վերջ պիտի գտնէ Կիլիկիան պատմութեան համար։ Ան վերջ պիտի գտնէ իր նոր վերածնունդի նախաշեմին։
Կորսնցնելէ ետք իր հարազատները, Ասատուր մաս կը կազմէ կիլիկեցիներու խուճապահար գաղթին։ Չալեաններու մեծ գերդաստանի այս վերապրող շառաւիղը Պէյրութ կը հասնի1921-ի նոյեմբերին, երբ արդէն թեւակոխած էր իր երեսուներորդ տարին։1923-ին ան կը կազմէ իր ընտանիքը ամուսնանալով հաճընցի Չամսարեան ընտանիքի դուստր՝ Երանուհիին հետ։ Ասատուր եւ Երանուհի Չալեաններ կը բախտաւորուին հինգ զաւակներով, չորս մանչ եւ մէկ աղջիկ։ Սկիզբ կ՚առնէ յետ-պատերազմեան հայ մարդուն մեծ արկածախնդրութիւնը. Սփիւռքի ամենէն բնորոշ ստորոգելիներով կերտուող ընտանեկան օճախին դժուարին վերե՛լքը՝ գաղթական կեանքի խոչընդոտները յաղթահարելու, անոր բոլոր մարտահրաւէրներուն քաջութեամբ ընդառաջելու վճռակամութեամբ։
Վերելքի այս պատմութիւնը պատմութիւնն է մեր ժողովուրդին։ Ասատուր Չալեանի տետրը հայելին է մեր հայրերու իմաստութեան, անոնց հերոսական պայքարին՝ անկարելին նուաճելու եւ ամէն օր գերազանցութեան նոր չափանիշներ հաստատելու. հայելին է մեր ժողովուրդի անընկճելի ուժին, խիզախութեան, քաջութեան, պարզութեան եւ անբուժելի լաւատեսութեան։ Գրքին վերջին էջին վրայ դրուած է Ասատուր եւ Երանուհի Չալեաններէն ծնունդ առած նոր գերդաստանին այսօրուան խմբանկարը որդիներու, դուստրերու, թոռներու եւ թոռնուհիներու քաղցր եւ շողշողուն դէմքերով, որոնք միասնաբար
Ասատուր Չալեանի եւ մեր ժողովուրդին պերճախօս պատասխանն են ուղղուած այն ոսոխին, որ չկրցաւ մեզ զգետնել։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles