
Կիրակի, 1 Մայիսին, Ա.Մ.Ն Արեւելեան Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, պատարագեց ու քարոզեց Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ (Ինտիըն Օրչըրտ, Մէսէչուսէց), եկեղեցւոյ 88-րդ տարեդարձին առթիւ։ Սրբազան Հայրը, իր քարոզի նիւթը այժմէականցնելով, յայտնեց, թէ այս համայնքը գոյատեւած է իր 88-ամեայ առաքելութեան մէջ շնորհիւ Եկեղեցւոյ կենդանի Քարեր՝ հաւատացեալներու հաւատքին ու նուիրումին։

Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ տօնախամբութիւն։ Հոգաբարաձութեան ատենապետուհի՝ տիկ. Թանիա Ղարիպեան, ներկայացուց համավարակի ընթացքին եկեղեցւոյ նախաձեռնութիւնները։ Հովիւ եւ Հոգաբարձութեան կողմէ պարգեւատրուեցան պրն․ Նիք Փանասեան եւ տիկ. Արտեմիս Պապաեղեան իրենց բազմամեայ ծառայութեան համար։ Ապա եկեղեցւոյ ծխական եւ արուեստագէտ լուսանկարիչ՝ պրն․ Արմէն Թաշճեանը, որուն ծննդեան հարիւրամեակը տօնուած էր քանի մը շաբաթ առաջ, հրաւիրուեցաւ իր սրտի խօսքը ուղղելու ներկաներուն։

Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Պետրոս Քհն. Շիթիլեանի աշխատանքը, եւ խրախուսեց ներկաները իրենց հաւատարմութեան եւ նուիրուածութեան համար, քաջալերելով որ իւրաքանչիւրը, որպէս Կենդանի Քար Եկեղեցւոյ, իր իւրայատուկ դերին գիտակցի եւ իր ծառայութիւնը շարունակէ անձնուիրաբար։

Գեղարուեստական յայտագրին իր մասնակցութիւնը բերաւ երէցկին Մարինէ Շիթիլեան, որ հայկական դասական գործեր նուագեց դաշնամուրի վրայ։ Ձեռնարկը փակուեցաւ «Կիլիկիա» երգով։