
ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ.- Չորեքշաբթի, Յուլիս 14-ին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան այցելեց Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանին ու Հայ Դատի գրասենեակը եւ մասնակցեցաւ միջ-եկեղեցական աղօթքին՝ յունական Մայր Եկեղեցւոյ մէջ:
Բարեջան Առաջնորդը հանդիպեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան՝ տիար Վարուժան Ներսէսեանի հետ։ Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր Սուրբ Խաչ (Պեթեստա, Մէրիլէնտ) եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Արժ. Տ. Սարգիս Ա. Քհն. Ագթաւուգեան։ Ջերմ եւ սիրալիր զրոյցի ընթացքին, անոնք միասնաբար քննարկեցին ներկայ իրավիճակը Հայաստանի եւ Արցախի մէջ։ Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց դեսպանի Ներսէսեանի պաշտօնավարութեան ընթացքին ձեռնհասութիւնը՝ մշտական կերպով կապ պահելու ամերիկահայ իրականութեան մէջ գործող եկեղեցական եւ աշխարհական դասուն հետ։ Դեսպան Ներսէսեան, աւարտած ըլլալով իր առաքելութիւնը, մօտ ատենէն կը վերադառնայ Հայաստան։
Այնուհետեւ, Սրբազանը ՝ Տէր Հօր ընկերակցութեամբ, այցելեց Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակը եւ հանդիպում մը ունեցաւ ամառնային վարժընթացի (internship) մասնակցող երիտասարդներուն հետ։ Սրբազան Հայրը դրուատեց Հայ Դատի գրասենեակի կատարած անխոնջ աշխատանքը ի խնդիր մեր իրաւունքներուն ճանաչման՝ թէ՛ դաշնակցային եւ թէ՛ նահանգային մակարդակներու վրայ։ Ան նաեւ քաջալերեց երիտասարդները իրենց յանձնառութեան համար՝ անոնց մէջ ողջունելով վաղուան գիտակից իրաւատէր սերունդը։
Նոյն երեկոյ, Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը, դարձեալ Տէր Սարգիսի ընկերակցութեամբ, մասնակցեցաւ միջ-եկեղեցական աղօթքի մը, որ կազմակերպուած էր In Defense of Christians կազմակերպութեան եւ Յոյն Եկեղեցւոյ Առաջնորդութեան կողմէ՝ յունական Սուրբ Սոֆիա Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։