
ԵՐԵՒԱՆ՚- Յակոբ Պարոնեանի անուան թատրոնին մէջ, ուր եղած է Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան Ազգային խորհուրդի շէնքը, ներկայացուած են արխիւային արժէքաւոր փաստաթուղթեր:
Ցուցադրութիւնը նախաձեռնած են Հ.Յ.Դ. Երեւանի «Կոմիտաս» կոմիտէութիւնը եւ Հայաստանի ազգային արխիւը: Փաստաթուղթերը կը ներկայացնեն Հայաստանի առաջին հանրապետութեան պատմութիւնը` Սարդարապատի ճակատամարտէն մինչեւ 1920 թուականի Դեկտեմբեր 2-ը` Հայաստանը խորհրդային հանրապետութեան հռչակումը:
«Ցուցադրուած են շատ հետաքրքրական փաստաթուղթեր, օրինակ` ինչպէս է Մարտիրոս Սարեանը պատկերացուցած դրօշը, համալսարանի բացման մասին օրէնքը, համալսարանի տնօրէնի ու նոյնիսկ տնօրէնի կառքին նկարը գտած ենք եւ ցուցադրած»,- տեղեկացուց Ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրապեան:
Ցուցադրութիւնը շրջիկ է: Յակոբ Պարոնեանի անուան թատրոնին մէջ անիկա բաց պիտի մնայ մինչեւ Մայիս 30-ը, այնուհետեւ արժէքաւոր նիւթերը դիտելու հնարաւորութիւն պիտի ունենան մարզերու բնակիչները: