ԱՌԱՋԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ… Բ. ՄԱՍ

0 0
Read Time:10 Minute, 10 Second

p12-13 bԱնի Փանոսեան-Մուրատեան

Նիւ Ճըրզի

Ծ.Խ.- Ստորեւ, լոյս կ՛ընծայենք այս հետաքրքրական յօդուածին երկրորդ մասը: Անձնական փորձառութիւններով, իւրայատուկ նկարագրութեամբ, յիշատակելի զրոյցներով այս գրութիւնը կը խօսի հայորդիի սրտին: Ապրումներ, դէպքեր ու դէտեր որոնք ապրած ենք ու կ՛ապրինք, սակայն չենք յանձնած թուղթին:

Հայաստան հասնելնէս քանի մը օր վերջ զարմուհիս կու գայ ինծի այցելելու։ Ան տասը տարի առաջ Լիբանանէն Երեւան փոխադրուած է ու հոն կազմած է իր ընտանիքը։ Արտագաղթի դէմ պայքարելու հաստատ ջատագով մը՝ «Հայաստան՝ վերջնակա՛ն» ըսելով կը ներկայացնէ իր կեցութիւնը։
Խանդավառութիւնս կը դիտէ հրճուանքով։
– Եկուր, եկուր նայէ, կ՚ըսեմ իրեն պատշգամ հրաւիրելով, նայէ Արարատը ինչ յստակ կ՚երեւի այսօր։
– Վստահ եմ որ այս տունը քեզի վարձու տուող մարդը չէր իսկ նկատած որ պատշգամէն Արարատը կ՚երեւի, մինչեւ քու խանդավառութիւնը տեսաւ եւ հասկցաւ որ տան վարձքը պէտք է աւելցնէ քանի մը հարիւր տոլարով։
– Հոգս չէ, Հայաստանի մէջ ծախսած ամէն մէկ տոլարս հանգիստ խճղով կը ծախսեմ։ Գիտեմ որ հայրենիքիս համար է։ Եթէ իւրաքանչիւր սփիւռքահայ կարենայ իր պտոյտով կաթիլ մը աշխուժութիւն բերել Հայաստանի տնտեսութեան, եթէ կարենայ ընտանիքի մը ապրուստը գոնէ քանի մը ամիս բարելաւելուն նպաստել, արտագաղթելու մասին մտածելը յետաձգել՝ հալալ ըլլայ։
– Յուսամ մինչեւ պտոյտիդ վերջաւորոթիւնը այս կարծիքիդ վրայ մնաս։
– Ինչ որ է։ Հիմա եկուր քեզի ցոյց տամ Վերնիսաժէն գնածներս։ Կը յիշե՞ս, միշտ կ՚ըսէի որ տանս կահաւորանքին մէջ հայկական շունչի պակասը կը զգամ։ Հիմա ա՛լ պիտի լեցուի այդ։
– Առանց տեսնելու կրնամ ըսել ինչեր գնած ես.- մէկ հատ տուտուկ, քանի մը հատ խաչքար, սրճեփ, եռագոյն համրիչ, «մենք ենք մեր սարերը», եւ անշուշտ… նուռ։
– Մօրաքո՛յր, միայն տեսնես մամայիս առած նուռերը, մէջը մտաւ տղաս։ Մէկ հատ մեծ նուռ, մէկ հատ պզտիկ, մէկ հատ ապակիէ, մէկ հատ կաւէ, պատէն կախելիք, սառնարանին փակցնելիք, նուռէ աղաման, նուռէ սանտր։ Obsessed եղած է, տուներնիս նուռերով պիտի լեցնէ։ Այսքան նուռ ըլլալուն դեռ մէկ հատ իրական նուռ չտեսանք, ոչ ալ նուռի ծառ։ Գոնէ կ՚ուտէինք։ Եղեր պէտք է Արցախ երթանք որ իրական նուռ գտնենք։
– Իսկական սփիւռքահայ, ըսաւ զարմուհիս։ Աչքերէդ կը հոսի։ Ուշադիր եղիր, շատ յայտնի մի ըներ որ խելքդ թռցուցեր ես նուռերուն վրան։ Յետոյ գինը կը վճարես։
– Վնաս չունի, իրենք Հայաստանին համար շատ բան ըրած են։ Աս ալ մեր պզտիկ լուման թող ըլլայ։ Ուրիշ տեղ եթէ երթայինք պտոյտի, ասկէ սուղ կրնար արժել։ Գոնէ գիտենք որ մեր հայրենիքին համար է։
– Այո, հոս ալ գիտեն այդ մէկը, քեզմէ՛ լաւ գիտեն։
– Գիտե՞ս, դեռ մէկ անգամ ալ պիտի երթամ Վերնիսաժ։ Պզտիկ թէյի գաւաթներ տեսայ, շա՜տ գեղեցիկ են, վրան գծուած հայկական տարազով աղջիկ ու տղայ։ Շատ սիրեցի, բայց ճիշդ ուզածս չկար։ Կինը ըսաւ, թէ գալ շաբաթ կը բերէ։
– էհ, յաջողութիւն, ըսաւ զարմիկս։

………………………………
Ամբողջ շաբաթը Վերնիսաժը փակ է։ Միայն շաբաթավերջին բաց է, ինչ որ շատ տարօրինակ թուեցաւ ինծի։ Յաճախորդը մէկ շաբաթ սպասցնե՞լ։ Հապա՞ եթէ մինչ այդ ան պիտի ետ պիտի վերադառնայ…

Շաբաթավերջին դարձեալ գացի Վերնիսաժ։ Գտայ այն կինը, Գայիանէն, որուն ապսպրած էի գաւաթներս։ Ինձմէ առաջ ուրիշ յաճախորդներու հետ կը խօսէր։ Շատ անտրամադիր ու ջղային կ՚երեւէր, ինչպէս հոն վաճառողներուն մեծամասնութիւնը։ Պոռալով կը խօսէր յաճախորդներուն հետ, որոնք համբերանքով ու հանդարտութեամբ կը պատասխանէին իրեն ու հրաշքով կը շարունակէին գնում կատարել։

«Յաճախորդը միշտ իրաւունքով է» կարգախօսը, որ Ամերիկայի շուկային մէջ տիրապետող է, հոս տեղ չունի։ Աշխարհի հզօրագոյն տնտեսութիւնը ունեցող երկրին մէջ սպառողական շուկան տնտեսութեան զարգացման մէջ առաջին տեղը կը գրաւէ։ Ո՛չ քարիւղը, ո՛չ զէնքի արտադրութիւնը, ո՛չ իսկ ճարտարագիտութիւնը կը գերազանցեն առուծախը։ 2008ին, երբ երկիրը ծանր տնտեսական տագնապ դիմագրաւեց, մասնագէտներու ամբողջ ուշադրութիւնը կեդրոնացաւ ժողովուրդին առօրեայ առեւտուրին վրայ։ Շաբաթական տեղեկագրեր լսելը սովորական դարձաւ։ «Ամերիկացիներու առուծախը այսքան տոկոս նուազած է բաղդատմամբ անցեալ տարուան»։«Այս տարի ամերիկացիները սովորականէն քիչ ծախսեցին տօնական օրերուն»։ «Ամերիկացիները ինքնավստահ չեն տակաւին առաջուան նման գնումներ կատարելու»։ Եւ մինչեւ որ ամերիկացիները չվերադարձան իրենց աւանդական գնումի սովորոյթներուն (այսինքն խենթի պէս դրամ ծախսելուն ), երկրին տնտեսութիւնը բարելաւուած չյայտարարուեցաւ։ Փառք Աստուծոյ, հիմա երկրին տնտեսութիւնը ետ սկսած է աճ արձանագրել ու ամերիկացիները իրենց ամբողջ ունեցած, եւ մանաւա՛նդ չունեցած, դրամը կը ծախսեն իրենց պէտք ունեցած, եւ մանաւա՛նդ պէտք չունեցած, առօրեայ առեւտուրին վրայ։

Հայաստանի մէջ, օ՜հ, օրէնքները բոլորովին տարբեր են։ Քանի մը օրուան կեցութիւնս բաւարար էր հասկնալու, որ եթէ կ՚ուզես որ պէտք ունեցած ապրանքդ ձեռքդ անցնի, (այո՛, դրամո՛վ), պէտք է հանդուրժես ծախողին ծուռ երեսին, սուր լեզուին եւ նոյնիսկ անտեղի յանդիմանութիւններուն։ Եթէ արեւմտահայերէն կը խօսիս, պատրաստ եղիր լսելու՝ «հայերէն չխօսե՞ս, ազիզ ջան»։ Եթէ ապրանքին ճիշդ անունը չես գիտեր (այսինքն ՝ռուսերէն բառը), պատրաստուէ պատէ պատ զարնուելու, «հա՜, կարտոֆիլ։ Էհ դենց ասա էլի»։ Նոյնիսկ պատրաստուէ յանդիմանուելու եթէ գնածդ շատ է. «էդքան շոքոլատ ի՞նչ ես անելու աղջի ջան, կը չաղանաս»։ Հագուստին, որ պիտի գնես աղջկանդհամար, ճիշդ չափը չունին. «վա՜յ, ինչի՞ էսքան նիհար է էս երեխան։ Սովա՞ծ ես պահում։ Բա Ամերիկայում ուտելիք չունէ՞ք։ Ստեղից մի քիչ խոորված կերցրու, թող չաղանայ, յետոյ շուկայ իջիր հագուստ գնելու»։ Մանրավաճառին կը հարցնես, որ երէկուան նարինջի հիւթէն չէ՞ մնացած այսօր. «Բա երէկ երեք շիշ գնեցիր, ի՞նչ պատահեց նրանց ։ Չլինի՞ ծաղիկներն ես ջրում նարինջի հիւթով»…։

Մինչ կը սպասեմ Գայիանէին, որ առուտուրը վերջացնէ ինծի նման սփիւռքահայու մը հետ, խօսակցութեան կը բռնուիմ յաճախորդին մօտ կանգնած մարդուն հետ, հաւանաբար բարեկամը, որ աղջկաս տարիքին մօտ եղող տղու մը հետ հոն կեցած է եւ ի հարկին «թարգմանիչի» դեր կը կատարէ յաճախորդին ու վաճառողին միջեւ։

– Ի՞նչ է երեխայի անունը, կը հարցնէ մարդը։
– Գառնի, կը պատասխանեմ։
– Ի՞նչ։
– Գառնի։ Գառնի տաճարին պէս։
– Հա՜, Կառնի։ Բա դուք քրիստոնեայ չի՞ք։
– Չէ, ինչպէ՞ս թէ, քրիստոնեայ ենք։
– Բա ո՞նց էք երեխային հեթանոսական անուն ընտրել։ Ախր դուք սփիւռքահայերդ շատ տարօրինակ անուններով էք անուանում ձեր երեխաներին։ Մի սփիւռքահայի հանդիպեցի, դուստրերի անունները Արենի եւ Թալին ա դրել։ Ախր դուք ուրիշ բան չգիտէ՞ք, սաղ Հայաստանի գիւղերի, լճերի ու լեռների անուններով էք անուանում ձեր երեխաներին։ Կարո՞ղ ա որ մի հատ էլ Գիւմրի դնէք, Դիլիջան դնէք։
Խոր շունչ մը կը քաշեմ։ Կը մտաբերեմ զաւակներուս տառապանքը ամէն անգամ որ Ամերիկայի մէջ կը փորձեն իրենց հայկական անունները հեքելով ճիշդ հնչիւնը սորվեցնել իրենց ընկերներուն։
– Ձեր երեխային անունը ի՞նչ է, կը հարցնեմ։
– Կրիշա, կը պատասխանէ։
– Ի՞նչ։
– Կրրիշշաաա…
……………………………………
Դառնալով Գայիանէին, յայտնի էր որ շատ վատ տրամադրութեան մէջ էր։ Համբերանքով սպասեցի, մինչեւ որ լաւ մը կշտամբելէ ետք իր յաճախորդները, քանի մը բան ծախեց անոնց։ Իմ երկար սպասելս ոչ մէկ ձեւով անհանգստացուց զինք։ Նոյնիսկ շարունակեց անտեսել զիս, մինչեւ որ ա՛լ տեսելով որ ճար չկայ, նոյնիսկ եթէ ժամերով սպասեմ, ուշադրութիւն պիտի չդարձնէ վրաս, քաջութիւնս հաւաքեցի ու ես մօտեցայ իրեն։
– Բարեւ։
– Բարեւ ձեզ։
– Անցեալ շաբաթ ես դարձեալ հոս էի, եւ այս թէյի գաւաթներէն ապսպրեցի վեց հատ։ Կոթովը չունէիք, ըսիք գալ շաբաթ կը բերէք։ Կը յիշէ՞ք։
– Կը յիշե՞մ։ Աղջի ջան, ի՞նչ ես կարծում, ես քեզանից զատ յաճախորդ չունե՞մ, չլինի կարծում ես դու միակն ես։ Ես ո՞նց եմ յիշելու ամէն մէկին։ Օրական տասնեակ յաճախորդի հետ եմ խօսում։
– Ոչինչ, հասկնալի է, վախով կը պատասխանեմ։ Կը մտածեմ, հարց չէ, մի՛ յիշեր, միայն ուզածս առնեմ, վերջանամ։
– Ասա՛, ի՞նչ ես ուզում։
– Այդ գաւաթներէն, վեց հատ։ Երեք հատ աղջիկով, երեք հատ տղայով։
– Դէ լաւ, վերցրո՛ւ։
– Բայց, կը շարունակեմ կմկմալով, իմ ուզածս կոթովն էր։
– Հա՜, թրքական թէյի գաւաթ ես ուզում։
– Չէ՜, ի՞նչ թրքական…հայկական գաւաթ կ՚ուզեմ։ Այն որ վրան հայկական տարազով աղջիկ ու տղայ գծուած են, կը պարեն։
– Դէ հիմա որ ասացիր կոթովն ես ուզում, դա թրքականն է։ Որոշիր ի՞նչ ես ուզում ու ինձ մի խենթացնի։
– Հասկցայ։ Թրքական թէյի գաւաթը…որուն վրան հայկական նկար կայ։

Միայն այդ էր պակաս, որ այս անտանելի վարուելակերպը հանդուրժէի թրքական գաւաթի համար։ Ինք ի՛նչ ուզէ թող կոչէ, ես գիտեմ որ առածս հայկական է։

– Դո՞ւք նկարած էք այս գաւաթներուն վրան, կը հարցնեմ, փորձելով խօսակցութիւնը քիչ մը անուշցնել։ Շատ գեղեցիկ են, կ՚ըսեմ ու կը յիշեմ զարմիկիս տուած խրատները ու կը զղջամ։
– Ո՛չ, ես չէ, աղջիկս նկարած է։ Մինչեւ առաւօտ արթուն մնացած ու աշխատած է քո գաւաթների վրայ։ Այնքան յոգնել եմ էս գործից, երբեմն ասում եմ պէտք չի ոչ գործը, ոչ դրամը։ Հոգիս ելաւ մի քանի կոպեկ շահելու համար։ Բայց յետոյ ասում եմ, բա ինչպէ՞ս պիտի ապրեցնեմ ընտանիքս։
Ես աչքերս գետին խոնրահած՝ կը լսեմ զինք, առանց համարձակելու պատասխան մը տալ։
– Փաթաթե՞մ, վերցնո՞ւմ ես։
– Կը վերցնեմ, բայց… նախ կ՚ուզէի գիտնալ որքա՞ն է գինը։
– Հատը քսան հազար, պատասխանեց շատ վճռակամ։
Միտքէս արագ հաշիւ մը կ՚ընեմ, քսան հազար դրամ հաւասար է հինգ տոլարի։ Շա՜տ սուղ է։ Կը մտածեմ հատը հինգ տոլար, կարծես Tiffany է, կամ զուտ քրիսթալ։ Բայց աս Նայիրեան աղջիկներու հեզաճկուն պարը շատ կը նօսրացնէ Tiffanyն ու ամէն բան։
– Ինչո՞ւ այդքան սուղ կ՚ուզէք, կարելի՞ է քիչ մը զեղչել։
– Հատը քսան հազար։ Հաւանում ես՝ վերցրիր, չես հաւանում՝ Աստուած հետդ։
– Ես մտադիր եմ վեց հատ վերցնել եթէ կարաք մի քիչ զեղչել (միտքէս կը ծիծաղիմ արեւելահայերէնի փորձերուս։ Պատրաստ եմ գրաբար ալ փորձել խօսիլ հետը, եթէ միայն գիտնամ որ քիչ մը կը զեղչէ ու զիս չի զրկեր աս գեղեցիկ գաւաթներէն)։
– Վեց հատ կամ քսան հատ, նոյն գինն է։
Իր անդրդուելի կոշտութիւնը կը վիրաւորէ արժանապատուութիւնս։ Վայրկեան մը կը մտածեմ իր ոճով պատասխանել ու ըսել՝ «Քեզի թող մնան գաւաթներդ, մինչեւ որ խենթ մը գտնես որ աս գինը վճարելու համաձայնի» ու կռնակս դարձնելով հեռանալ։ Բայց…թեւերը վեր պարզած այդ աղջիկը հեռուէն կը թաշէ սրտիս թելերը։ «Հայկական պարի գլխաւոր յատկանիշերէն մէկը աղջիկներուն սլացիկ թեւերն են, միշտ ըսած եմ աղջիկներուս. «Թեւերնիդ միշտ գլուխնէդ վեր պահեցէք պարած ատեննիդ։ Հայ աղջիկները այդպէս կը պարեն»։ Կ՚երեւակայեմ յետմիջօրէի թէյս վայելել այս բաժակներով, քովն ալ պզտիկ կարկանդակ մը։ Բայց այս անսիրտ կինը երազներս ջուրը կը թափէ։

– Գաւաթին արժէքը բան մը չէ, կը փորձեմ սակարկել, իսկ միայն նկարչութեան համար այդ գինը պահանջելը անարդար է։ Վա՜յ, ի՜նչ մեծ սխալ։ Կինը աս խօսքիս վրան աւելի կը բորբոքի ու ձայնը բարձրացուցած կը սկսի պատմել ։
– Անարդա՞ր։ Բա ես որ ճարտարապետ եմ, համալսարանի դասախօս եղել եմ, ու հիմա եկել էս գործն եմ անում մի քիչ փող վաստկելու համար, էդ արդա՞ր է։ Դուք սփիւռքահայերդ, Ամերիկայի մէջ պոռնիկ կ՚աշխատէք, յետոյ գալիս էք Հայաստան ու մեզ չէք հաւանում։ Մենք բարձր վկայականների տէր մարդիկ ենք, արուեստագէտ ենք։ Ձեզ նման պոռնիկ չենք մենք։

Ա՛լ խելքս գլխէս կը թռի։ Ո՛չ գաւաթ, ո՛չ նազպար, ո՛չ ալ քոչարի կրնան զիս հանդարտ պահել։

– Չէ՜, կ՚ըսեմ, ես ալ ձայնս բարձրացուցած։ Ա՛լ չափը անցուցիր։ Քեզի՛ ալ,բաժակներո՛ւդ ալ։ Ձրի տաս, պիտի չառնեմ։ Աշխարհի անդի ծայրէն մեծ զոհողութիւններով առաջին անգամ հայրենիք եկած ենք, որ մեզ պոռնի՞կ կոչես։ Դուն ո՞վ ես, ուրկէ՞ զիս գիտես որ դուն քեզի իրաւունք կու տաս զիս պոռնիկ անուանելու։ Եթէ դուն պոռնիկ մը չըլլաս, յաճախորդին հետ այս ձեւով չես վարուիր։ Շուրջի կրպակներէն մարդիկ գլուխնին սկսան մեր կողմ դարձնել։ Նոյնիսկ քանի մը հոգի մեզի մօտեցան։ Գայանէն յանկարծ հանդարտեցաւ, սմքեցաւ։ Պէտք էր սկիզբէն այդպէս վարուէի հետը. շատ քաղաքավար գտաւ զիս, փորձեց «գցել» զիս։
– Չէ՜, աղջի ջան, վա՜յ, ի՞նչ ես ասում։ Ես էդպիսի բան չասեցի։ Բա ես պատուաւոր կին եմ, այդ բառը նոյնիսկ բերանս առնելու ամաչում եմ։ Նախ իմ խօսքս քեզ չէր վերաբերում։ Ես ուզում էի ակնարկել այն կիներին, որոնք Հայաստանից Լոս են գնում ու հոն աշխատում են որպէս ՏՒՈՌՆԻԿ, ու յետոյ գալիս են Հայաստան ու մեզ չեն հաւանում։
– Տւոռնի՞կ ինչ է։
– Տւոռնիկը ռուսերէն բառ է, նշանակում է տան մէջ մաքրութիւն անող կին։ Դու ինձ սխալ հասկացար։ Ես էդպիսի բան չեմ ասել, վա՜յ, ամօթ է, դու շատ ազնիւ կին ես երեւում, ինչի՞ քեզ էդպէս անուանեմ։

Բոլոր շուրջինները սկսան բարձրաձայն խնդալ ու մեզմէ հեռանալով իրարու պատմել. «Գայիանէն տւոռնիկ է ասել, իսկ սփիւռքահայ մի կին պոռնիկ է հասկացել ու անչափ վիրաւորուել»։
Տւոռնիկը աւելի պատուաբեր բառ մը չէր անշուշտ, բայց գոնէ աւելի կլլուելիք էր, մանաւանդ տուած բացատրութենէն ետք։

– Աղջի՛ ջան, ի՞նչ էր անունդ, հա՛, Անի ջան, արի՛ էստեղ։ Էս գաւաթները վերցրու, կէս գնով եմ տալու քեզ։ Միայն թէ վեցի փոխարէն չորս հատ ունեմ հիմա։ Ինձ հեռախօսի համարդ տուր, երբ պատրաստ լինեն, ես անձամբ կը բերեմ քեզ։
Գաւաթները վերցուցի։
– Էս էլ իմ կողմից քեզ նուէր, ըսաւ Գայիանէն, ու տոպրակիս մէջ դրաւ մազի կապ մը, որուն ծայրը կար կարմիր փայտէ նուռ մը։ (Տղուս աչքը լո՛յս)։

Քանի մը օր վերջ Գայիանէն խոստացածին պէս գաւաթները բերաւ։ Հին ծանօթներու նման ողջագուրուեցանք։ Այս անգամ տրամադրութիւնը լաւ էր։
– Աղջի ջան, ողջ Վերնիսաժը լսեց քո պատմութիւնը ու խօսում է քո տւոռնիկի մասին ու ծիծաղում։ Դէ ներող եղիր, ազիզ ջան, մենք շատ ենք յոգնում ու չարչարւում էս գաւաթները պատրաստելու համար։ Կեանքը դժուար է էստեղ, ըսաւ երկարելով ինծի վերջին երկու գաւաթներս։
– Ոչինչ, հասկնալի է Գայիանէ ջան, ըսի իրեն երկարելով դրամին մնացածը։ Մենք ալ Ամերիկայի մէջ շատ չարչարուած ենք այս փողը վաստկելու համար։ Բարով գործածես։
– Բարով վայելես։
……………………………
Ամէն անգամ որ Հայաստանէն հետս բերած ուրձը լեցնեմ այս բաժակներուն մէջ, բաց կանաչ տաք հեղուկը աւելի կը շեշտէ նկարին գոյներն ու գեղեցկութիւնը։ Կը յիշեմ Գայիանէն ու կը ծիծաղիմ իր «տւոռնիկ»ին վրայ, կը մտածեմ իր աղջկան անցուցած անքուն գիշերներուն մասին, իր այնքան խորերէն եկած բարկութեան մասին ու կ՚ըսեմ՝ երանի միասին խմելու առիթը ունենայինք։

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

One thought on “ԱՌԱՋԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ… Բ. ՄԱՍ

  1. Քնքուշ բառերով ու լեզուական մտերիմ եւ իրապաշտ պատկերացումներով գրուած այս յօդուածը ընթերցողին յիշողութեան մէջ շատոնց լուռ մնացած լարեր կ’արթնցնէ:
    Հետաքրքրութեամբ եւ, երբեմն ալ, թաց աչքերով կարդացի այս գրութիւնը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles