ԱՌԱԾ, ՄԵԾԵՐ ԵՒ ՓԱՌԱՏԵՆՉԻԿԻ ՏԽՄԱՐՈՒԹԻՒՆ
Մակար, 13 ապրիլ 2019, Երեւան
– Ֆրանսական առածը կ’ըսէ, որ «ծիծաղելին չի սպաններ»: Եթէ այդպէս եղած չ’ըլլար, հաւանօրէն մեր շուրջը ամայութիւն պիտի տիրէր:
Այս խօսքերով Թումանեան փողոցի սրճարանը մտաւ Կեդրոնականցին: Մեր քովի սեղաններուն շուրջ նստողները պահ մը լռեցին եւ ապա մոռցան մեզ:
Մակարուհին հարցուց:
– Արմենա՛կ, ո՞ր ժողովէն կու գաս:
– Ժողովէ չեմ գար, ընդունելութենէ կու գամ: Ծիծաղելի ըլլալէ չվախցող նախկին բարեկամ մըն ալ եկած էր, եթէ վախնար՝ վաղուց մեռած կ’ըլլար:
Մակարուհին կրկին հարցուց.
– Ո՞վ է այդ անմահութեան գաղտնիքը լուծած իմաստունը:
– Կը ճանչնաս: Ոչ հայերէն գիտէ, ոչ գրաբար: Պիտի նշուէր Գրիգոր Նարեկացիի մահուան 1000ամեակը, այս հանգամանաւորu ուզեց բեմէն ինք ալ խօսիլ, ի հարկէ ֆրանսերէն: Արեւելքէն եկող ուսանողի մը քանի մը էջ գրել տուաւ եւ բեմ բաձրացաւ: Զինք ճանչցողները զարմացան. «Ե՞րբ Նարեկացի կարդացեր է», քրթմնջացին: Զինք չճանչցողները հիացան: Իր ուսադիրներուն վրայ քանի մը աստղ ալ աւելցուց:
– Արմենա՛կ, ոչ առաջինն է ոչ ալ վերջինը, ինչպէս կ’ըսեն, «նեկր»ի գրածով բեմ բարձրացող:
– Ճիշդ ես, բայց ընդունելութեան ժամանակ հայաստանցի բաժակաճառի մասնագէտ, որ զինք տեսած էր բեմի վրայ, ներկաներուն զինք կը ներկայացնէր ըսելով, որ «Նարեկացիի մասին ֆրանսերէնով տպաւորիչ խօսք ըսած էր իր բարեկամը»: Ինք որ ֆրանսերէն չէր գիտեր, ինչպէ՞ս տպաւորուած էր:
Մակարուհին միջամտեց.
– Ինչո՞ւ զարմանալ: Իր չգիտցած բաներուն մասին խօսողին չհասկցող հիացող պէտք է: Ամէն բանի մասնագէտներ կան, այս մէկն ալ գաղտնիքը լուծած է նարեկացիագէտ ըլլալու: Չեմ գիտեր, թէ իր այցեքարտին վրայ այդ արձանագրա՞ծ է, թէ ոչ: Այդ իրաւունքով ժողովներու եւ ընդունելութիւններու կրնայ ներկայ ըլլալ, իր իմաստունի դէմքով պատկերն ալ ասդին անդին կրնան տպել:
Արմենակ երկար հառաչէ մը ետք, հնդիկ Կուրույի մը պէս ըսաւ.
– Սիրելիս, քեզի իմ կողմէս ֆրանսացի մեծ գրող եւ նոպէլեան դափնեկիր Ժորժ Տիւհամէլի անուան մրցանակը պիտի տամ: Ինչ որ կ’ըսենք կէս ծիծաղով, ան բանաձեւած է որպէս գեղագէտ. «Սրամտութիւնը քաղաքավարութեան յուսահատութիւնն է»: Այդ մարդիկ կը շարունակեն յագեցում փնտռել իրենց սնապարծութեան անյագ ծարաւին, իսկ մենք, սրամտութեամբ կը փորձենք բուժել հանրային բացասականութիւններու հանդէպ մեր յուսահատութիւնը:
– Արմենակ, հասկցի՛ր, Նարեկացին ոչինչ է փառքի վաշխառուներուն համար: Անոնք սանդխամատ կը համարեն իրենց շուրջինները եւ մեր մեծանունները: Բարեմիտներ ալ, կը մխիթարուին ըսելով, որ այս մէկը հետաքրքրուեր է Նարեկացիով, անոր անունը սորվեր է: Ի՞նչ ըսել ծափահարողներուն համար,- ըսի իմ կարգիս:
– Ճիշդ ես, Մակա՛ր, անոնք իմաստուն են եւ հասկցեր են, որ ծիծաղելիութիւնը չի մեռցներ, le ridicule ne tue pas: Եթէ նման կառափնատ ըլլար, ժողովական չէր մնար:
Պարպելէ ետք «Կոտայք» գարեջուրի բաժակները, ոտքի ելանք հասնելու համար «Գայեանէ» «բալէտ»ի ներկայացման, որ քաղաքական կամ մշակութային «բլէֆ» չէ:


