
Ապրիլ 29-ին, Պելոռուսիոյ մայրաքաղաք` Մինսքի մէջ պիտի կայանայ Եւրասիական բարձրագոյն տնտեսական խորհուրդի նիստը, ուր նախատեսուած է Հայաստանի կողմէ ստորագրումը Մաքսային միութեան անդամակցելու փաստաթուղթին:
Հարցի մասին տեղեկութիւնները փոխանցեց տնտեսութեան նախարարի պաշտօնակատար Վահրամ Աւանեսեանը: Ան միաժամանակ տեղեկացուց, որ դեռ եւս աւարտած չեն բացառութիւններու վերաբերեալ բանակցութիւնները:
Ռուսաստանի մաքսային օրէնսգրքի հիման վրայ ձեւաւորուած Մաքսային միութենէն ներս ապրանքներու մօտ 60 տոկոսի պարագային մաքսատուրքերը աւելի բարձր են, քան Հայաստանի մէջ: Միութեան մաքսային օրէնսգրքի մէջ ներառուած է 11.553 տող ապրանք: Բռնելով Մաքսային միութեան անդամակցելու ճանապարհը` պաշտօնական Երեւանը բանակցութիւններ սկսաւ մօտ 900-ի շուրջ բացառութիւններ ստանալու նպատակով, որպէսզի այդ ապրանքներու մաքսազերծումը շարունակուի Հայաստանի մէջ գոյութիւն ունեցող աւելի ցած դրոյքաչափերով:
Ինչպէս յայտնի է սակայն` Հայաստան պիտի ստորագրէ անդամակցութեան իր փաստաթուղթը, առանց վերջնականապէս յստակացուցած ըլլալու անդամակցութեան պայմանները:
Միւս կողմէ, Հայաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Էդուարդ Նալպանտեան Ապրիլ 19-ին այցելեց Մոսկուա, ուր աշխատանքային հանդիպում ունեցաւ Ռուսաստանի Արտաքին Գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրովի հետ:
Նախարարները քննարկած են երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութիւններու գործադրութեան ընթացքը, անդրադարձած են երկկողմանի օրակարգային տարբեր հարցերու:
Էդուարդ Նալպանտեանն ու Սերգէյ Լաւրովը միտքեր փոխանակեցին միջազգային արդիական խնդիրներու վերաբերեալ: Հանդիպման ընթացքին կողմերը նաեւ քննարկեցին Արցախեան հիմնախնդիրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացը: Ընդգծուեցաւ հակամարտութեան բացառապէս խաղաղ կարգաւորման ուղղուած կողմերուն եւ ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահներուն միացեալ ջանքերու գործադրութեան կարեւորութիւնը: