Անոր համաձայն, Ֆրանսան 1915-էն ի վեր ցեղասպանութիւնը կը կոչէ մարդկութեան ու քաղաքակրթութեան դէմ յանցագործութիւն, որ 2001 թուականին երկարատեւ պայքարէ ետք իբրեւ այդպիսին ճանչցուած է արդէն օրէնքով:
«Ֆրանսահայերու պատմութիւնը Ֆրանսայի պատմութիւնն է: Եւ որովհետեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը մեր յիշողութիւններուն մաս կը կազմէ, Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը պէտք է յարգուի նաեւ մեր հանրապետութեան մէջ: Ձեզի հետ միասնաբար ես եւս ուժերուս ներածին չափով պիտի պայքարիմ ժխտումի որեւէ դրսեւորումի դէմ, որ կ՛անարգէ զոհերու յիշատակն ու ողջերու արժանապատուութիւնը», նշեց Մաքրոն:
Ան նաեւ խոստացաւ շարունակել երկխօսութիւնը` պատմական փաստերը լսելի դարձնելու համար. «Ես յստակօրէն կ՛ըսեմ` Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահի ամբողջական պատասխանատուութիւնը Թուրքիոյ նախագահը երկխօսութեան հրաւիրելն է»:
Նշենք, որ ընթրիքին Ֆրանսայի նախագահի կողքին կը մասնակցէին Ֆրանսայի կրթութեան նախարարը, Փարիզի քաղաքապետը, Ծերակոյտի անդամներ, բարձրաստիճան պաշտօնատարներ եւ հանրածանօթ անձնաւորութիւններ:
Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն անդրադառնալով Մաքրոնի յայտարարութեան յայտնեց. «Բուռն կերպով կը դատապարտենք Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի` 24 Ապրիլը ենթադրեալ Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակման օր յայտարարելը: Մենք կը մերժենք Մաքրոնի կողմէ, իր երկրին դիմագրաւած քաղաքական խնդիրներէն ինքզինք փրկելու նպատակով պատմական դէպքերը իբրեւ քաղաքական նիւթ օգտագործելը: Ենթադրեալ Հայոց ցեղասպանութիւնը քաղաքական սուտ մըն է, որ կը հակասէ պատմական ճշմարտութեան, եւ Թուրքիան ատոր որեւէ արժէք չի տար»:


