
Նիւ Եորք այցելող զբօսաշրջիկը չի կրնար յաւակնիլ քաղաքը տեսած ըլլալ: Տեղացին անգամ չի ճանչնար իր քաղաքը: Թէեւ նոյնն է պարագան բոլոր մեծ եւ նուազ մեծ ոստաններուն, անոնք կոչուին` Նիւ Եորք, Փարիզ, Լոս Անճելըս, Շանկհայ, Գահիրէ, կամ նոյնիսկ` Երեւան: Կը տեսնենք քաղաքի կեդրոնական մասը, պատմական համարուած վայրերը, մեծ վաճառատուները, երբեմն ալ թանգարանները, ի հարկէ` ճաշարանները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի իւրայատկութիւններ, բայց մենք յաճախ կը նկատենք նմանութիւնները, առեւտուրի միջազգայնացման որպէս հետեւանք նոյն մակնիշով վաճառատուները, ինքնաշարժները, հագուստները, անուշահոտերը, ճաշարանները:
Մեծ ոստանները առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով ցեղերու, ժողովուրդներու, մշակոյթներու եւ բարքերու խառնարաններ են:
Բայց ուրիշ ոչ մէկ տեղ կարելի է գտնել Նիւ Եորքի պատկերը, բազմաբղէտ անկարելի սահմանում ունեցող բազմագոյն խճանկարը: Առանց ինքնաշարժի եթէ թափառիք Քուինզի թաղամասերուն մէջ եւ դիտելու արուեստով սեւեռէք զանոնք, գէթ այն մասերը, ուր կը յանձնուիք մայթերու հեղեղին, առանց ընկերաբան ըլլալու շատ բան պիտի հասկնաք, նոյնիսկ եթէ միայն մէկ թաղամաս չափէք հետիոտն, կամ` կողք-կողքի եղող թաղամասեր, իրարու նմանող իրենց հսկայ փեթակի նմանող պատուհաններով մեծածաւալ շէնքերով, անոնց մեղուներու պէս յարաշարժ բնակիչներով, ինչպէս` Էլմհըրստը, Էլմվուտը, Վուտհավենը…
Քուինզը Նիւ Եորքի մէկ մասն է միայն: Անոր բնակչութեան թիւն է 2,272,771, մէկ քառակուսի քիլոմեթրի վրայ կ՛ապրին 8153 հոգի: Ոչ մէկ ուրիշ տեղ կրնաք հանդիպիլ այս շրջանի պարզած այլազանութեան: Բնակիչներուն 44 առ հարիւրը սպիտակամորթ է, 20 առ հարիւրը` ափրիկեցի-ամերիկացիներ (նախկին գերիներու եւ այժմ արդար հաւասարութեան տիրացած անոնց սերունդները), 17 առ հարիւրը` ասիացիներ, մնացեալները ունին տարբեր ծագումներ: Բնակչութեան 23 առ հարիւրը` 18 տարեկանէն վար է: Ֆլաշինկի շրջանին մէջ հաստատուած են մեծ թիւով չիներ եւ քորէացիներ: Արդէն սովորութիւն է խօսիլ Չինական քաղաքի մասին, Chinatown: Գումարեցէ՛ք յարաճուն թիւը Կեդրոնական եւ Հարաւային Ամերիկայէն հասնող սպանախօսներու:
Աւելի հետաքրքրական է գիտնալ, որ հոն 190-է աւելի տարբեր ծագում ունեցող հաւաքականութիւններ կան, եւ կը խօսուին 140-է աւելի լեզուներ, դիզուած` մէկը միւսին վրայ: Յիշուած են այլազան լեզուները եւ ժողովուրդներու անունները: Առանց շատ զարմանալու զարմանալի էր, որ հայերէնը եւ հայերը չէին յիշուած այդ “տարբերներ“-ուն մէջ, երբ հոն կան հայկական եկեղեցիներ, կար դպրոց, կան ազատ ասպարէզներու հայեր, նպարավաճառներ…
Հոս ալ Նիւ Եորք է, բայց Մանհաթըն չէ: Հոս ալ կան հսկայական եւ կողք-կողքի բարձրացած շէնքեր, անթիւ անհամար բնակարաններով, մէկը միւսին նման, կրկնօրինակներու պէս, պատուհաններուն ամրացուած զովացման սարքերով: Փողոցները շղթայ կապած խանութներ են, պատրաստ ճաշերու այլազանութեան ցուցահանդէս, մեծ վաճառատուները քաղաքներ են, ուր գիները կը մրցին աւելի աժան ըլլալու ծանուցումներով: Զանազան տարազներով կը կրկնուի “զեղչ“-ը` “sale“, առեւտրական քաղաքակրթութեան պատկեր: Մակնիշները ամերիկեան են, բայց արտադրուած են աշխարհի հեռու կամ մօտ վայրերը. Չինաստան, Քորէա, Հնդկաստան, Պանկլատէշ…
Տոկոսային հաշուով սպիտակամորթները 44 առ հարիւրն են բնակչութեան, բայց երբ կը քալէք փողոցը կամ կը դառնաք մեծ վաճառատուներուն մէջ, այդ տոկոսը չէք տեսներ: Հաւանօրէն անոնք աւելի բարձր կենսամակարդակ ունին, տարբեր տեղեր կ՛աշխատին: Մարդկային հեղեղը կազմուած է անդադրում երթեւեկովը բազմացեղ եւ բազմալեզու հաւաքականութիւններուն: Անտարազելի խառնուրդ մը կը պարզուի, կարծէք` աշխարհի բազմացեղ ժողովուրդները հոս ժամադրուած են, իրենց դիմագիծերով, գոյներով, լեզուներով, հագուստ-կապուստով, երբեմն ալ` դրսեւորելով իրենց կրօնական պատկանելիութիւնները: Փողոցի մը մէջ կը գտնէք աղօթատեղի մը, որ կը կրկնուի տարբեր անունով միւս փողոցին մէջ:
Մեծղի վերելակներուն մէջ կը լսէք տարբեր լեզուներ: Անգլերէնը, աւելի ճիշդ է “ամերիկերէն“ ըսել, կը թուի հասկցուիլ: Ան հասարակ յայտարար է, երբ նոյն հաւաքականութեան պատկանող մարդիկ միասին չեն: Դպրոցները եւ փողոցը միաձուլման թատերաբեմ են, եւ ամերիկերէնը կոչուած է աստիճանաբար հարթելու տարբերութիւնները, եթէ օր մը սպաներէնը, համրանքի ճնշման տակ, չյանդգնի զայն փոխարինել:
Ուշադիր զբօսաշրջիկը, ի տես այս պատկերին, պիտի խորհի, որ գալիք դարերու նոր բնակչութեան փորձառական աշխատանքը հոս կը կատարուի, նոր բնակչութիւն ստեղծելու “լապորաթորիա“… Մերուելով քաղաքակրթական, տնտեսական, լեզուական, մշակութային, գիտական, բարքերու հասարակաց արժէքներու, այս խայտաբղէտ հաւաքականութիւնը նորի ծնունդ պիտի տայ, որուն նկարագիրը այժմէն կարելի չէ սահմանել, ոչ ոք կրնայ ըսել, թէ ի՛նչ բան դուրս պիտի գայ փորձանօթէն:
Առեւտուրի, փոխանակութիւններու, գիտութեան, արհեստագիտութեան, մարդկային իրաւանց համաշխարհայնացման հունով ընթացող ընկերատնտեսական եւ մշակութային հոլովոյթը մարդկային նոր ընկերութեան մը ծնունդին արգանդն է: Այս կացութեան յատկանշական “լապորաթուար“-ը Քուինզն է: Որքա՞ն ժամանակի կը կարօտի այս ընթացքը հասնելու համար իր աւարտին, իրականացնելու համար իր synthese-ը, նման synthese կարելի՞ է, եւ ինչպիսի՞ synthese պիտի ըլլայ ան: Պատմութեան ընթացքին ժողովուրդներ խառնուած են իրարու, տիրողի եւ տիրուածի խառնուրդ ստեղծելով, այսինքն անոնք եղած են երկու` մէկ ըլլալէ առաջ: Այս պարագային, երբ ցեղային, կրօնական, լեզուական եւ մշակութային տարբերութիւնները հարիւր յիսունով կամ երկու հարիւրով կը բազմապատկուին, ո՞վ ի՞նչ նախատեսութիւն կրնայ ընել, ապագայ սահմանել: Լեզուն եւ “համպըրկըր“-ը պիտի բաւե՞ն նոյնութիւն ստեղծելու համար:
Ամերիկեան ապրելու ձեւը, ամերիկերէնը, ազատութիւնները, կենսամակարդակը, ինչպէս որ սովորաբար կ՛ըսէին` “ամերիկեան երազը“, եւ “կանաչ“-ը, ոչ թէ անտառներու, այլ ամենազօր “տոլար“-ի, բաւարար պիտի ըլլա՞ն խաղաղած synthese-ի հասնելու:
Քուինզը մեծ պաստառի վրայ երեւցող անվարագուրելի իրականութիւն մըն է: Բայց միակը չէ:
Համաշխարհայնացման տնտեսական, կրօնական, լեզուական եւ մշակութային հետեւանքները ի՞նչ պիտի ըլլան, ինչպիսի՞ անիրաւութիւններով եւ անարդարութիւններով: Մարդկութիւնը ի՞նչ գին պիտի վճարէ, ինչպէ՞ս պիտի հարթուին ինքնուրոյնութիւնները:
Այս տարերային փոփոխութիւններուն մէջ ի՞նչ պիտի ըլլայ ճակատագիրը անոնց, որոնք հզօրութիւն չունին եւ այդ հզօրութեամբ չեն պաշտպանուած: Անոնք ինչպէ՞ս պիտի պաշտպանուին, կրնա՞ն պաշտպանուիլ:
Քուինզի շուրջ երկու հարիւր ցեղային եւ լեզուական խառնարանին մէջ որպէս առաւել մէկ չհաշուող հայերէնը եւ հայերը կան:
Անոնք կան նաեւ` Ֆրանսա, Աւստրալիա, Գերմանիա, Պրազիլ, Արժանթին, Միջին Արեւելք, ուր ինքնութիւնները կ՛աղօտին, անհետանալէ առաջ:
Անմիջականի ճնշումէն ձերբազատելով տեղ մը պիտի խօսուի՞, կը խօսուի՞ այս մասին, որ չըլլայ զգացական հայրենասիրութեան զբօսաշրջութիւն, քանի մը թութակային կարգախօս, երգ, աղմուկ եւ լուսանկար, այլ նախատեսութիւն, մտածում` ըստ հեռանկարի, եւ քիչ մըն ալ երազելով` նախաձեռնութիւն, որպէսզի շարունակութիւն ըլլալու իրաւունքը չարձանագրուի պատմութեան շահ-վնասի գլխուն տակ:
Թափառիլ Քուինզի անվերջանալի փողոցներով` կը նշանակէ աշակերտել Հին Յունաստանի “Ճեմարան“ը, եթէ չգրաւուիք “համպըրկըր“-ով, “սուշի“-ով կամ “թաքօ“-ով…