
ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ.- Օգոստոս 1991-ին, Դրմբոն գիւղի ազատագրութեան համար մղուած մարտի ընթացքին, նահատակուեցաւ Հ.Յ.Դ.-ի գաղափարի նուիրեալներէն՝ Աշոտ Ղուլեան, որ ծանօթ է Աշոտ Բեկոր անունով:
Նոյն օրը Ստեփանակերտի իր անունը կրող պուրակին մէջ համախմբուած էին իր մարտական, կուսակցական ընկերները, ընտանիքի անդամները, հարազատները:
Ազգային ժողովի փոխնախագահ, Հ.Յ.Դ. Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեան այս առիթով արտասանած իր խօսքին մէջ նշեց, որ Աշոտ Բեկորին ծանօթացած է ազատագրական շարժման ամէնէն թէժ շրջանին եւ, ցաւօք, անոր հետ կապը կարճ ժամանակի համար եղած է:
Բեկորին անունը կրող պուրակ այցելած են նաեւ Բեկորի վաշտի տղաքը, որոնք` խօսելով Աշոտ Ղուլեանի մասին, դիտել տուին, որ ան իրենց համար ոչ միայն հրամանատար էր, այլ նաեւ ընկեր եւ եղբայր:
Անոր մարտական ընկերը, ինքնապաշտպանութեան ուժերու առաջին հրամանատար Արկադի Կարապետեան՝ Բեկորը նկատեցին ազգային իսկական հերոս` հաստատելով, որ անոնք ո՛չ միայն մարտընկերներ էին, այլ նաեւ մտերիմ ընկերներ: