0 0
Read Time:54 Second

Սօսի Միշոյեան-Տապպաղեան

***
Ինչո՞ւ կ’աւլես տերեւները, մայրի՛կ,
չե՞ս տեսներ
երկինքն ի վար կ’իջնեն
անթիւ, անհամար գոյներ,
ի՜նչ գոյներ երազային…
մինչդեռ դուն աշնան
հեքիաթը կ’ուզես վերացնել
ու մեզի թողուլ
կեանքին գորշ գոյնը,
ինչո՞ւ…

***
Ու այս քաղաքին մէջ
ամէն ոք սպասելիք մը ունի.
քայլ կ’առնեն՝
արագ փոփոխութիւն կը յուսան,
որ կ’ագուցուի
միայն ու միայն
նիւթականին հետ:
Երեսուն տարի ամէն տեսակ
կեղծիքի, կաշառակերութեան, գողութեան
եւ անմարդկային կեանքով գոյատեւելէ ետք,
մարդիկ ապրիլ կ’ուզեն ա՛լ.
սակայն սպասելու ունակութիւնը կորսնցուցած՝
արագ փոփոխութիւն կը բաղձան:

Իմ կեանքս յեղակարծ փոփոխութիւն է,
սպասելիքս ո՞րն է.
ինչո՞ւ քայլերս հաստատուն չեն.
ինչի՞ կը սպասեն.
ինչո՞ւ կը դանդաղին…

***
Ու կը քալեմ մտամոլոր, հալածուած,
հալածողը հինն է միշտ,
որ մթութեան վհուկի պէս
շղթայաւոր կ’ընէ զիս,
կը կապտէ, կը գերէ
կը սանձէ՝
արգիլելով արբենալ,
երազել ու տենչալ.
մինչդեռ հոգիս,
որ կը մերժէ յանձնուիլ,
ծառերուն տակ խօլաբար,
կը սպասէ նոր իղձերուս պսակին,
ամէն թափուող տերեւին տակ
հաւատալով նոր ծիլին,
որ պիտի գայ, չուշանայ
պիտի փթթի ու ծաղկի՝
տարածելով բուրմունքը
դալարագեղ թաւիշին.

ներսս բռնկեր, երկունք կ’ապրի,
Պիտի տքնիմ, քրտընիմ,
քայքայեմ հինը՝
դուրս գալու անկէ,
վերածնուելու նոփ-նոր:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles