
Յ. Պալեան
Ան որ, տեսակ մը ալշիմիով գիտէ իր սրտէն արտահանել, վշտակցութիւն, յարգանք, կարիք, համբերութիւն, զղջում, անակնկալ եւ ներողամտութիւն, զանոնք միասնաբար ձուլելու համար, կը ստեղծէ այն հիւլէն՝ զոր կը կոչենք սէր:
Ժըպրան Խալիլ Ժըպրան (1883-1931)
Լիբանանցի բանաստեղծ
Ով որ ճանչցած է Լիբանանը, այսօր չի կրնար տագնապով եւ սրտի ցաւով չհետեւիլ Լիբանանի փլուզման: Լիբանանցին եւ Լիբանանը սիրողներն ու ճանչցողները, անզօրութեան զգացումով կը հետեւին Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդի կարծէք վերջ չունեցող ողբերգութեան:
Ինչպէ՞ս երկրի մը ղեկավարութիւնը, եւ անոր հետեւելով ժողովուրդը շարունակեցին եւ կը շարունակեն ապրիլ եւ գործել ժամանակավրէպ դարձած ընտանեկան-աւատապետական ըմբռնումներով եւ բարքերով, հակառակ յայտարարուած ժողովրդավարական-հանրապետական կարգերու, որոնք մնացին եւ են՝ շպար:
Լիբանանի մէջ չկային եւ չկան քաղաքական դէմքեր եւ մտաւորականներ, չկայ նաեւ հանրային կարծիք, որ չգիտնան, որ անգիր բայց գերիշխող համակարգը աւատապետական է, պատուաստուած՝ կրօնահամայնքային քարացած ըմբռնումներու վրայ,- չեմ ըսեր՝ նեղմտութեան,- որոնց կը ստորադասուին ժողովուրդի բարօրութիւնը, երկրի տնտեսութիւնը, հեռուի եւ մօտի դրացիներուն հետ յարաբերութիւնները, ազատութիւնները, հաւասարութիւնը: Այդ եսասիրական խոտորումները գերիվեր են երկրի եւ ժողովուրդի շահերէն եւ ակնկալութիւններէն: Անոնցմով կը սահմանուին քաղաքացիական իրաւունքները եւ քաղաքականութիւնը:
Նման պայմաններու մէջ, Լիբանան դատապարտուած է, ինքզինք կը դատապարտէ, ապրելու մնայուն տագնապներու մէջ, որոնք պիտակ կը փոխեն, մնալով մէկ եւ նոյն: Երկրի իշխանութիւնը կը նմանի մանկական փազըլի խաղի, որ ճիգերով կազմուելէ ետք, դժգոհ մանուկի մը ձեռքով խանգարուած, կրնայ փուլ գալ, եւ հարկ կ’ըլլայ վերսկսիլ: Յիշել, թէ ինչպէս երկիրը տարիներ տեւող քաղաքացիական կռիւ խաղցաւ, տարի տեւած փազըլ խաղցաւ նախագահ ընտրելու համար, հիմա նոյնատեսակ փազըլը կը կրկնէ ձգձգուող խաղով՝ կառավարութիւն կազմելու համար:
Խաղցողները եւ ժողովուրդը գիտեն, որ նոյն թատրոնն է, որ կը վերանորոգուի, նոյնիսկ երբ դերակատարները կը փոխուին:
Այսօր, մամուլին մէջ կար դիպուկ խօսք մը, ըստ որուն կը սպասուի, որ վերջապէս կազմուի երկու փեսաներու կառավարութիւնը: Արտայայտութիւն՝ որ փակելով բարենորագման բոլոր դռները կը խտացնէ ընտանեկան-աւատապետական համակարգի ինքնավերարտադրութիւնը: Կը նշանակէ, որ կառավարութիւն պիտի կազմուի ոչ թէ ծրագրի մը շուրջ համաձայնելով, այլ աւատապետական ըմբռնումով, մրցակից «ընտանիքներու փեսաներով», որ նշանակէ այն, որ վաղը եթէ «փեսաներ»-ը խռովին, երկիրը կրկին կառավարութիւն պիտի չունենայ:
«Նախագահ ընտրել»-ու եւ «կառավարութիւն կազմել»-ու երկարատեւ տագնապներու պատճառը այլեւս իսկապէս ժամանակավրէպ դարձած «Ազգային Ուխտ»-ն է, կամ առնուազն անոր թելադրած դիպաշարի վերսկսումը: Բայց ինչպէ՞ս իրականացնել անոր վերատեսութիւնը: Լիբանան ունի պատրաստուած եւ գիտուն մտաւորականութիւն, որուն արժանաւորները ընտանեկան-աւատապետական համակարգէն դուրս են, այսինքն չեն կրնար յաւակնիլ իշխանութեան: Այդպէս է դրութիւնը նաեւ իւրաքանչիւր «ընտանեկան-համայնքային» կեանքի մէջ, ուր աւանդական եւ ժառանգական նահապետներ կ’որոշեն՝ յանուն նոյն հաւաքականութեան, զոր կը կոչեն համայնք: Նոյն անուններու հանդէս:
Այս անկառավարելիութիւն յառաջացնող պայմաններուն վրայ կը բարդուին համայնքներու կրօնական մեծաւորներու տեսակէտները, թելադրութիւնները, պահանջները: Կարծէք անոնք ըլլան ստուերի կառավարութիւն:
Եւ փազըլի խաղը կը շարունակուի:
Այդ խաղին արդիւնքն էր տարիներ տեւած եւ աւեր գործած քաղաքացիական պատերազմը:
Եթէ հետեւիք Ֆրանսայի, Անգլիոյ, Գերմանիոյ, Սպանիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Աւստրալիոյ, Հնդկաստանի եւ ուրիշներու քաղաքական կեանքին, պիտի տեսնէք, որ Ծիրանաւորներու, Արքեպիսկոպոսներու, Հովուապետերու, կամ այլ կրօնապետերու անուններ չկան: Անգլիոյ մէջ ե՞րբ կ’երեւին անունները Քենթըրպըրիի կամ Եորքի արքեպիսկոպոսներուն, Միացեալ Նահանգներու այս կամ այն կրօնապետին, Փարիզի արքեպիսկոպոսին, մէկ միլեառ հնդիկներու այս կամ այն պուտտայական կամ այլ մեծաւորին:
Քաղաքակրթութեան եւ մշակութային հասունութեան խնդիր է. ԿՐՕՆԸ ԱՆՁՆԱԿԱՆ ԵՒ ՄՏԵՐԻՄ ԽԻՂՃԻ ՀԱՐՑ Է:
Լիբանանի բոլոր համայնքներու մտաւորականութիւնը, գիտակցական նուաճումով մը, երկիրը դուրս բերելու համար, կրօնական ազդակի վրայ կռթնելով յաւելեալ իրաւունքներու տիրանալու անպարկեշտութեան դէմ պայքար պէտք է շղթայազերծէ եւ լուսաբանէ ժողովուրդը, զայն դուրս հանէ սովորութիւն եւ բնութիւն դարձած նեղմտութենէ:
Բայց երկրի ղեկավարութիւնը կարծէք կ’ապրի այնպէս, որ ոչինչ պատահած է եւ կը շարունակէ խրած մնալ անվերջանալի սակարկութիւն-բանակցութիւններու մէջ, երբ նախագահ կ’ընտրէ կամ կառավարութիւն կը կազմէ, որոնք պատասխան չեն տագնապին: Ոչ ոք կարծէք կանգ կ’առնէ եւ հարց կու տայ, թէ մինչեւ ե՞րբ կարելի է այսպէս շարունակել, չեն տեսներ վերջնական փլուզումը: Եթէ երէկի, այսօրուան եւ հաւանօրէն նաեւ վաղուան նոյն ղեկավարները տեսնեն կացութիւնը, կը լռեցնեն յաւելեալ իրաւունքի փոխադարձ եւ անհաշտելի պահանջները, թոյլ տալով որ կառավարութիւնը կազմուի, ի հարկին նաեւ՝ առանց իրենց:
Բայց ականջները խուփ են ողջախոհութեան եւ միջազգային համայնքի կոչերուն: Կարծէք կացութեան ծանրութիւնը եւ զայն յաղթահարելու համար կոչերը իրենց չեն վերաբերիր, եւ իրենք կը շարունակեն սակարկել եւ չհամաձայնիլ: Միշտ՝ չեղածէն առաւելութիւններ ունենալու համար:
Եթէ լիբանանցին, անոր ղեկավարութեան իրենք զիրենք կոչածները եւ աթոռէ չհեռանալու ցանկութիւն ունեցողները կարդային Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանը եւ ներշնչուէին իրենց մեծ հայրենակիցին իմաստութեամբ, այսօր տարբեր կ’ըլլային Լիբանանը եւ լիբանանցիները: Կարդալ եւ նամակով ղրկել ամիսներէ ի վեր աթոռ-աթոռակի համար սակարկող աւագանիի անդամներուն:
Կարդալ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի իմաստութիւնը.
« Ան որ, տեսակ մը ալշիմիով գիտէ իր սրտէն արտահանել, վշտակցութիւն, յարգանք, կարիք, համբերութիւն, զղջում, անակնկալ եւ ներողամտութիւն, զանոնք միասնաբար ձուլելու համար, կը ստեղծէ այն հիւլէն՝ զոր կը կոչենք սէր:»
Եսերու եւ ըմբռնումներու փտախտը հասած է հոն, ուր տեսութիւններով կարելի պիտի չըլլայ փրկել Լիբանանը, այլ՝ Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանի իմաստութեամբ:
Ժողովուրդներ, պառակտումներու հետեւանքով կորսնցուցած են եւ կը կորսնցնեն հայրենիք, ազատութիւն, անկախութիւն:
Այսպէս եղած է անցեալին, այսպէս կ’ըլլայ նաեւ այսօր: