Յօդուածներ

Անտիպ Քատէսը Կը Վկայէ` Հայ Անտոնեան Միաբանութեան Առաքելավայրերը` Անտիոքի Մէջ

 

Գերպծռ. Մաշտոց Թ.Ծ.Վ Զահթէրեան

Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Վանքի Մեծաւոր

Անտիոքը քրիստոնէական աշխարհի հնագոյն կեդրոններէն մէկն է։
19-րդ դարուն` համայնքներու համակեցութեան կեդրոն համարուող Անտիոքի մէջ, փոքրաթիւ, բայց կազմակերպուած հայ կաթողիկէ համայնք մը գոյութիւն ունէր։ Համայնքը աստիճանաբար ստացաւ աւելի հաստատուն եկեղեցական կառոյցի կարգավիճակ` իր թեմական կազմակերպումով։
Բազմազգ ու բազմակրօն բնակչութիւն ունեցող Անտիոքի մէջ, կողք-կողքի կապրէին`
յոյն ուղղափառ, ասորի, լատին եւհայ համայնքներ։
Հայերը հիմնականաբար բաժնուած էին երկու յարանուանութեան` առաքելական եւ կաթողիկէ։
Կաթողիկէ հայերը կը բնակէին ոչ միայն Անտիոքի մէջ, այլ` շրջակայ քաղաքներու մէջ եւս։
Կարեւորագոյն վայրերը, ուր հաստատուած էին եւ մեր տրամադրութեան տակ գտնուած Անտոնեան հայրերու հրատարակած քարտէզը կը վկայէ զայն, հետեւեալներն էին՝ պատմական Անտիոքը,որ շրջանի գլխաւոր քաղաքն էր։
Այստեղ գոյութիւն ունեցած է հայ կաթողիկէ համայնք մը իր եկեղեցական աշխուժ կեանք։
Ալեքսանդրէթթա` նաւահանգիստը, այստեղ կային հայ կաթողիկէ ընտանիքներ։
Սուէյտիէ (Սուետիա), որ Անտիոքի մօտիկ հայերով բնակեցուած վայր մըն էր, որտեղ կային կաթողիկէ հայեր եւս։
Ներառեալ` Սուրիոյ Հիւսիս-արեւմուտքը գտնուող Քեսապի, Գարատուրանի եւ մերձակայ գիւղերու մէջ եւս, որ 1832-ին, երբ Եգիպտոսի Իպրահիմ փաշան Սուրիան գրաւեց` Քեսապը, ծովափնեայ Գարատուրանը եւ միւս գիւղերու բնակիչները ենթարկուեցան Անտիոքի կառավարիչի գերիշխանութեան տակ։
Չնայած այսօր սոյն տարածքը Սուրիոյ կը պատկանի, սակայն պատմականօրէն Անտիոքի լայն շրջանին հետ կապուած հայկական տարածք էր։
Այստեղ հայ կաթողիկէներու ստուար զանգուած մը գոյութիւն ունէր եւ ունի։
Վերոյիշեալ քաղաքներն ու գիւղերը կը պահէին հայոց լեզուն, մշակոյթը եւ եկեղեցական աւանդութիւնները։
Անտիոքի թեմը ստեղծուեցաւ, որպէսզի այդ շրջանի հայ կաթողիկէները ունենային կազմակերպուած եկեղեցական կառոյց եւ հոգեւոր առաջնորդ։
Սոյն գործի առաջամարտիկներն էին` հայ Անտոնեան միաբանութեան անդամները, ի դէմս`
Սուքիաս Արքեպիսկոպոս Գազանճեանի, որ Անտիոքի հայ կաթողիկէ համայնքի պատմութեան մէջ կարեւոր դերակատարութիւն ունեցաւ։
Իր առաջնորդութեան տարիներուն ան աշխատեցաւ՝
կազմակերպել թեմական կառոյցը,
ամրապնդել եկեղեցական կեանքը,
զարգացնել համայնքային կազմակերպումը, պահպանել հայկական ինքնութիւնը բազմազգ միջավայրի մէջ։

Իսկ ինչպէ՞ս հիմնուեցաւ Անտիոքի` հայ կաթողիկէ թեմը։
———————————————————-
1830-ին, Սուլթան Մահմուտ Օսմանեան կայսրը հայ կաթողիկէներուն եւս շնորհեց այլ ազգերու նման քաղաքական պատրիարքութիւն, Հռոմն ալ այն ատեն նախագահական աթոռ մը հաստատեց Կոստանդնուպոլսոյ մէջ հայ կաթողիկէներու համար, անկախ բոլորովին Կիլիկիոյ կաթողոկոսէն, յատկացնելու անոր Փոքր Ասիոյ թեմերը: Դժգոհացաւ բոլորովին հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը իր ազգային եկեղեցական իրաւասութեան երկուքի բաժնուելուն համար, եւ այն օրէն սկսաւ բաղձալ այս երկու նուիրապետական աթոռաց միութեան, որ տեղի չունեցաւ բայց 1867-էն երեք տարի առաջ Անտիոքայ թեմը տրուած էր Անտոնեան միաբանութեան եւ անոր Աբբահայրը Հայր Սուքիաս Գազանճեան Արքեպիսկոպոս ձեռնադրուած էր նոյն թեմին վրայ Գրիգոր Պետրոս Ը. Կաթողիկոսէն, որուն յաջորդը Հասուն Անտոն Պետրոս Թ. հակառակեցաւ այս տուչութեան, որով 1867-ի վերջերը դատ բացաւ Հռոմայ բրոպականտային առջեւ: Գազանճեան Հռոմ գալով իր խորհրդականներով միասին՝ պաշտպանեց միաբանութեան դատը, եւ տարի մը ետք յաղթական Կ. Պոլիս դարձաւ:
Ի դէպ տեղին է նշել, որ Գազանճեան Հռոմ գտնուած պահուն միաբաններէն երեքը քահանայ ձեռնադրեց։
Ի սկզբանէ հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը նախանձախնդիր էր իր ընտրական եւ տնտեսական իրաւանց, հանդերձ այսու Հասուն Անտոն Պետրոս Թ. Կիլիկիոյ կաթողիկոսը 1867-ին, չվարանեցաւ Հռոմի մէջ մատնել զանոնք, եւ Կ. Պոլիս դառնալէն ետք ալ բարձր դռնէն քաղաքական պատրիարքութիւնը ձեռք բերել առանց ժողովրդային ընտրութեան: Այս իրողութեանց վրայ հայ կաթողիկէ հասարակութիւնը վերջին աստիճան տագնապեցաւ եւ բողոքեց իր դարաւոր իրաւանց բռնաբարուելուն դէմ եւ յայտարարեց Հասունի իրաւասութիւնը: Այսպիսով ժողովուրդը երկու կուսակցութեան բաժնուեցաւ, մէկը կ’ուզէր Հասուն կաթողիկոսը իսկ միւսը կը մերժէ: Այս վերջինը իր քահանայութեան համար հրաւիրեց Անտոնեանները, ինչպէս նաեւ ուրիշ եկեղեցականներ, որոնք խոհեմութիւն սեպեցին յանձն առնել այս պաշտօնը, որպէսզի չըլլայ թէ ժողովուրդը անքահանայ մնալով ծայրահեղութեան դիմէ: Ասոր վրայ Հռոմ կախակայեց Կ.Պոլսոյ հայրերը եւ Ս.Գրիգոր Լուսաւորիչ վանքին վրայ ալ առաքելական այցելութիւն դրաւ, ուր կը բնակէր այն ատեն նաեւ միաբանութեան Արքեպիսկոպոս Աբբահայրը Հայր Սուքիաս Գազանճեան Վատիկանեան տիեզերական ժողովի ատեն: Յիշեալ վանքի միաբանները մերժելով մերժեցին այս առաքելական այցելութիւնը, որով Պիոս Թ. այդ բնակչութիւնն ալ կախակայեց:
1867-ի վերջերը մինչ Հռոմը կը զինուէր կարիպալտիի յարձակման դէմ, Հայր Սուքիաս Գազանճեան Անտիոքայ Արքեպիսկոպոսը իր խորհրդականներով միասին յաւիտենական քաղաք գալով բրոպականտայի առջեւ պաշտպանեց դատ մը՝ զոր Հասուն Կիլիկիոյ կաթողիկոսը յարուցած էր իր միաբանութեան դէմ, իբր թէ՝ Աբբահայր մը չկրնար միանգամայն թեմակալ եւս ըլլալ: Գազանճեան թէեւ դատը վաստակեցաւ եւ յաջորդ տարւոյն վերջերը յաղթական Կոստանդնուպոլիս դարձաւ, բայց եւ այնպէս 1881-ին, ազգային հաշտութեան ատեն յիշեալ թեմը միաբանութեան ձեռքէն առնուեցաւ:
Անտիոքի թեմը ծաղկեցնող` Սուքիաս Վրդ. Գազանճեան՝
– Ծնած է՝ 1818 Հոկտեմբեր 15-ին, Պոլիս
– 1842 Մայիս 8-ին, քահանայ ձեռնադուած ի Հռոմ ձեռամբ՝ Հ. Իգնատիոս Փափազեանի՝ ձեռնադրիչ Արքեպիսկոպոս Վենետիկի Մխիթարեան միաբանութեան ի վանս Սրբոյն Գրիգորի Լուսաւորչի
– 1842-ին, Հռոմ՝ վերակացու նորընծայից եւ ուսումնականաց
– 1851 Յուլիս 21-ին, ուսումնապետ եւ ընդհանուր փոխանորդ ի վանս Հռոմի
– 1853-ին, Գրիգոր Պետրոս Ը Տէր Աստուածատուրեան
Պատրիարքի ատենադպիր
– 1864 Սեպտեմբեր 16-ին, ցմահ ընդհանրական մեծաւոր եւ աբբայ եւ թեմակալ Արքեպիսկոպոս Անտիոքայ
– 1864 Նոյեմբեր 21-ին, Արքեպիսկոպոս ձեռնադրուած` Զմմառու “փոխման Սուրբ Կուսին” մայր եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ` Գրիգոր Պետրոս Ը Տէր Աստուածատուրեան
Կաթողիկոսի
– 1865-ին, Երուսաղէմի տիտղոսաւոր Արք. Միքայէլ Աղեքսանդրեանի հետ եկած՝ Անտոն Հասուն նախագահի հետ բանակցելու՝ աթոռոց միութեան համար
– 1867-ի, Հոկտեմբերի վերջերը Հռոմ՝ Հասունի կողմէ միաբանութեան դէմ յարուցուած դատը պաշտպանելու
– 1868 յաղթական վերադարձ Պոլիս
– 1869-ի վերջերը մասնակցած Վատիկանեան Տիեզերական Ա ժողովին
– 1870-ին, Պոլիս յարուցուած ազգային խնդրոյն յարած
– 1876 Յունիս 20-ին, հրաժարեալ ընդհանրական մեծաւորութենէ (Աբբայութենէ) եւ Անտիոքի թեմակալութենէ
– 1876 Եւդոքսիոպոլսոյ տիտղոսաւոր
– 1880-ին, Հռոմ՝ Սիւնհոդոսի
– 1881 Օգոստոս 21-ին, Տիտղոսաւոր Արքեպիսկոպոս Սէլէմբրիոյ
– 1883 Յունիս 30-ին, վախճանած Պէյքոզ գիւղ-Վոսփոր, թաղուած ի գերեզմանատան կաթողիկէ հայոց, Շիշլի։
Սուքիաս Արքեպիսկոպոս Գազանճեանի ճիգերը Անտիոքի թեմը պահպանելու գործընթացին մէջ`
ի դերեւ ելաւ։
Արդ` Անտիոքի հայ կաթողիկէ թեմը բախեցաւ բազմաթիւ մարտահրաւէրներու դէմ`
Ա- Բնակչութեան սակաւաթիւ եւ տարբեր քաղաքներու մէջ ցրուած ըլլալն էր։
Բ- Տնտեսական դժուարութիւններու առջեւ գտնուիլը։
Միջոցները շատ սահմանափակ էին` եկեղեցիներն ու դպրոցները պահպանելու առումով։
Գ- Վարչական եւ քաղաքական պայմանները Օսմանեան կայսրութեան մէջ` կը կաշկանդէին համայնքի գործունէութեան բարգաւաճման ի խնդիր։
Այս բոլոր դժուարութիւններով հանդերձ` թեմը շարունակեց իր հոգեւոր եւ համայնքային ծառայութիւնը շարունակել մինչեւ 1881-թուականը, երբ թեմը Անտոնեան միաբանութեան ձեռքէն` մէկ անգամ ընդ միշտ առնուեցաւ։
Սակայն Անտիոքը մնաց կարեւոր օղակ` հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ եւ վկայութիւն հայկական համայնքներու կենսունակութեանը` Օսմանեան կայսրութեան սահմաններուն մէջ։

Ծանօթութիւն- Տեղեկութիւնները քաղուած են` Անտոնեան հայ միաբանութեան հայրերէն` Իսահակ Վրդ.Սրապեան, “Միաբանութեան ընդարձակ պատմութենէն”
22 Յունուար 1908

Advertisement Subscribe Today

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button