
Կիրակի, Ապրիլ 2-ին, Ծաղկազարդի տօնին առթիւ, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան պատարագեց, քարոզեց եւ Դռնբացէքի արարողութիւն կատարեց Տիրպորնի մէջ (Միշիկըն) Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ։
Սուրբ Պատարագը մատուցուելէ առաջ տեղի ունեցաւ Անդաստանի յատուկ արարողութիւն, նորոգուած եկեղեցւոյ վերաբացման առթիւ։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, եկեղեցւոյ նորոգեալ սրահին մեջ տեղի ունեցաւ հանդիսաւոր ընդունելութիւն, ծխականներու հոծ ներկայութեամբ։ Հոգաբարձութեան ատենապետուհի՝ տիկ. Սեդա Չօպանեան, բարի գալուստ մաղթեց ծխականներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորին աջակցութեան։ Հոգեւոր հովիւ՝ Արժպ. Տ. Հրանդ Քհն․ Գէորգեան սրտի ջերմ խօսքով հանդէս եկաւ, դրուատելով բոլոր անոնք, որոնք տարբեր ճամբաներով բազմաթիւ տարիներու եկեղեցւոյ վերանորոգման երազը իրականացուցին։
Հուսկ ապա, Սրբազան Հայրը բարձրօրէն գնահատեց հոգեւոր հովիւին, հոգաբարձութեան, շինութեան յանձնախումբին բարեյաջող տեսիլքը եւ այնքան կարճ ժամանակամիջոցին իրականացումը այս հոյակապ ծրագրին, ծխականներու սիրայօժար նուիրատուութիւններու շնորհիւ։ Ճաշկերոյթի ընթացքին, հանրածանօթ ջութակահար Սոնիա Լի արուեստի ջերմ մթնոլորտ ստեղծեց նուագելով դասական կտորներ, եզրափակելով Կոմիտասի «Կռունկ» երգով։
«Կիլիկիա» երգով եւ «Պահպանիչ» աղօթքով փակուեցաւ Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ տարեգրութեան մէջ բացառիկ յաջողութեամբ արձանագրուած այս օրը։