
Ա.Ա.
Ռեճէպ Թայիպ Էրտողանի եւ սուլթան Ապտիւլ Համիտ երկրորդի միջեւ կան նմանութիւններ՝ կառավարման մեթոտներու, խօսքի ազատութիւններու կաշկանդումներու եւ յատկապէս իսլամականութեան գաղափարախօսութիւնը քաղաքականութեան մէջ ներմուծելու եւ Արեւմուտքի հետ կապերն ու յարաբերութիւնները վատթարացնելու ճիգերու իմաստով։ Կարմիր Սուլթանին ուղիէն ընթանալու Էրտողանի երթը բնաւ չէ վրիպած քաղաքական պատգամագիտութեան առաջատար պատմաբաններու ուշադրութենէն, որոնց գծած զուգահեռները բաւական լոյս կը սփռեն Էրտողանի՝ շրջանային մակարդակի վրայ, արաբական աշխարհին եւ Արեւմուտքին հետ այսօրուան քաղաքական արկածախնդրութիւններուն վրայ, որոնց վրայ կ՛աւելնայ կովկասեան իրավիճակը, ուր Թուրքիա հաստատապէս ասպարէզ կարդաց Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի խաղաքարտը գործածելով՝ կովկասեան շրջանին մէջ Ռուսիոյ մրցակիցը դարձաւ։
Հարեւան պետութիւններու հետ Զերօ Խնդիրներու Էրտողանեան արտաքին քաղաքականութեան ծանուցման ժամանակաշրջանը խորքին մէջ նախապատրաստական հանգրուանը պէտք է նկատել՝ Անգարայի ծաւալապաշտական ծրագրերուն նախագծումներուն, որոնց ուղղութիւնները առաւել քան յստակ են։ Արաբական աշխարհ՝ Սուրիա, Լիպիա, Իրաք, Լիբանան, Եմէն, Եգիպտոս, Սէուտական Արաբիա, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։ Շրջանային մակարդակի վրայ՝ Իրան, Արեւմուտքի նկատմամբ՝ յատկապէս Եւրոպական Միութեան առաջնորդ պետութիւններ, Միջերկրականի Արեւելեան Աւազանին մէջ՝ Յունաստան եւ Կիպրոս, իսկ նորագոյն մրցադաշտը՝ Կովկաս, ուր Ռուսիոյ ազդեցութիւնն ու ռազմաքաղաքական հեղինակութիւնը հարցականի տակ առնելով՝ էրտողան կը հետապնդէ կովկասեան իրադրութիւններուն մէջ քաղաքական – զինուորական – տնտեսական – մշակութային դերակատարութիւններ ապահովելու նպատակները, որոնց հենքը համաթուրանականութեան նկրտումներն են։
Սուլթան Համիտ՝ լրտես- գործակալներու մեծ բանակներու ետին թաքնուած, սարսափի եւ ճնշումներու քաղաքականութեամբ կը կառավարէր Օսմանեան կայսրութիւնը՝ եւրոպացիներուն աչքին փոշի ցանելով։ Էրտողան համիտեան խուսանաւումներու քաղաքականութեան կցած է նախկին օսմանեան կայսրութեան տարածքներու մէջ դերերու ապահովման բացայայտ յանդգնութիւններ, որոնց գործնական արդիւնքը կ՛երեւին ամէնուրէք։
Նախ արաբական աշխարհին մէջ։ Սուրիա – Իրաք Լիպիա առանցքներուն վրայ թրքական միջամտութիւնները որոշումներու մայրաքաղաքի մը վերածած են Անգարան՝ Էրտողանի շնորհելով իսլամութեան անունով խօսելու, արաբական դատերու հոգատար հովանաւորի մը խաբուսիկ իրաւացիութիւն մը, որ խորքին մէջ՝ Անգարայի բռնատէրին ծաւալապաշտական ախորժակները ծածկելու նպատակին կը ծառայէ։
Արաբական աշխարհին մէջ Էրտողանեան քաղաքականութեան հետ բախում ունեցան երկու գլխաւոր պետութիւնները՝ Եգիպտոս եւ Սէուտական Արաբիա։ Թուրքիա- եգիպտոս յարաբերութիւնները 2013 ին լարուեցան, երբ խումբ մը զինուորականներ՝ գլխաւորութեամբ զօրավար Ապտէլ Ֆաթթահ էլ Սիսիի, տապալեցին իսլամական նախագահ Մոհամէտ Մուրսին, որ հաւատարիմ հետեւորդն էր էրտողանի։ Այդ թուականէն ի վեր Անգարա – Գահիրէ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կը կատարուին գործերու յանձնակատարներու մակարդակով։ Անգարա եգիպտական ղեկավարութիւնը կ՛ամբաստանէ ամբողջատիրական կարգեր հաստատելու յանցանքով, իսկ Գահիրէ Թուրքիան կը համարէ Իսլամ Եղբայրներ ահաբեկչական կազմկերպութեան զօրակցող պետութիւն մը, որ խորքին մէջ Արաբական Աշխարհին մէջ ծաւալապաշտական ծրագրեր կը հետապնդէ։
Գահիրէ Անգարայի հետ նաեւ լուրջ տարակարծութիւններ ունի՝ Լիպիոյ, Սուրիոյ եւ Սուտանի տագնապներուն, ինչպէս նաեւ Միջերկրականեան ծովու Արեւելեան աւազանին մէջ տնտեսական ազատ գօտիներու սահմանագծման եւ ընդերկրեայ հարստութիւններու շահագործման հարցերուն շուրջ։
Թուրքիա – Սէուտական Արաբիա յարաբերութիւններն ալ լարուած են եւ բազմաթիւ պատճառներուն գլխաւորը Արաբական Գարնան նկատմամբ Ռիատի եւ Անգարայի որդեգրած քաղաքական դիրքորոշումներն են։ Ասոր աւելցած է նաեւ Սէուտական Արաբիոյ իշխանութիւններուն լուրջ մտահոգութիւնը, թէ Անգարայի իշխանութիւնները կրնան սէուտական ընդդիմութիւն մը հիւրընկալել եւ պատճառ դառնալ,որ Ռիատի աւանդական իշխանութիւնը սասանի։Այս պատճառով ալ է, որ ըստ կարգ մը մեկնաբաններու, սէուտցիք կարգադրեցին ընդդիմադիր լրագրող Ժամալ Քաշոկժիի սպանութիւնը՝ Պոլսոյ մէջ,նման հաւանականութեան մը առաջքը առնելով։
Միւս կողմէ, Թուրքիա – Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ յարաբերութիւններն ալ վատթարացած են՝ Թուրքիոյ մէջ Էմիրութիւններուն կողմէ լրտեսական ցանցի մը գործունէութեան եւ յատկապէս Էմիրութիւններ- Իսրայէլ յարաբերութիւններու հաստատման պատճառով։ Թուրքիա կը համարէ, որ Արաբական Միացեալ էմիրութիւններ շրջանին մէջ որդեգրած են Փրօ – Իսրայէլեան քաղաքականութիւն մը, որ անընդունելի է Անգարայի կողմէ։
Արաբական աշխարհէն անցնելով Միջերկրականեան ծովու Արեւելեան աւազանին մէջ Էրտողանի գլխաւորութեամբ կատարուող թրքական ոտնձգութիւններուն, ապա կարելի է միանշանակ եզրակացնել, որ Անգարա ծաւալապաշտական ծրագրերու թիրախ դարձուցած է Եւրոպական Միութեան երկու անդամ պետութիւններ՝ Յունաստանն ու Կիպրոսը, մարտահրաւէրներ կարդալով Եւրոպական Պլոքին։Իսկ այս կացութեան աւելցնելով Ֆրանսայի նկատմամբ ցուցաբերուած արհամարհանքն ու աննախընթաց քննադատութիւնները, պատկերը առաւել կը յստականայ՝ եւրոպական պլոքին նկատմամբ Էրտողանի սնուցած ատելութեան եւ անհանդուրժողականութեան, որ քաղաքական ախորժակներու բացայայտ եւ դիտաւորեալ դրսեւորում ունի։
Անշուշտ պէտք է ընդգծել ՆԱԹՕ-ի եւ Միացեալ Նահանգներու հետ Էրտողանի արկածախնդրական դրուագները, որոնք սկսած են կարմիր գիծերու մօտենալ եւ ուշ չէ այն պահը, երբ Էրտողան զանոնք պիտի հատէ։
Բնականաբար այս բոլորին կողքին, ամէնէն վտանգաւոր իրավիճակը կը վերաբերի Կովկասի։ Երբ Սուրիոյ, ապա Լիպիոյ մէջ ռուսեւթրքական որոշակի համագործակցութիւն եւ կեցուածքներու նոյնացում հրապարակուեցաւ, եւ երբ այս իրողութեան զուգահեռ Անգարա՝ անտեսելով ամերիկեան եւ ՕԹԱՆեան բոլոր զգուշացումները, իր աւարտին հասցուց ռուսական Էս- 400 տիպի հրթիռներու գնումը, արդէն ուրուագծուած էր աշխարհագրական որոշ տարածքներու մէջ ազդեցութիւններու բաժնեկցութեան պատկեր մը, ուր Կովկասը, ամբողջութեամբ հասկնալի պատճառներով, Էրտողանի համար առաջնակարգօրէն կարեւորութիւն ունեցող շրջան մըն էր։ Եւ Էրտողան՝ առանց իսկ վարանելու կամ հաշուի առնելու ռուսական գործօնը, մրցադաշտ նետուեցաւ եւ ասպարէզ կարդաց Փութինի։ Այսօրուան իրավիճակը այնպիսին է, որ ռուս քաղաքագէտներու եւ փորձագէտներու իսկ գնահատմամբ, Էրտողան Ազրպէյճանի վրայ աւելի ազդեցութիւն ունի, քան Ռուսիոյ նախագահը։
Ասոր իբրեւ արդիւնք, թուրք պաշտօնատարներ, ինչպէս՝ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու, Էրտողանի բանբեր Իպրահիմ Քալըն, արտաքին գործոց նախարարութեան ներկայացուցիչ Համի Աքսէօյ, սկսան յայտարարել, որ Մինսքի խումբը պէտք է հաշուի առնէ ռազմաճակատային իրավիճակին մէջ արձանագրուած նոր կացութիւնները եւ ըստ այնմ կազմակերպէ արդիւնաւէտ բանակցութիւններ։ Ասիկա այլ խօսքով կը նշանակէ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը ապահովել՝ անտեսելով եւ մերժելով Արցախահայութեան Ինքնորոշման Իրաւունքի կիրարումը։
Կովկասեան խճանկարին մէջ Ռուսիա այժմ ունի իր մրցակիցը։ Էրտողան բնականաբար հաշուի առած էր, որ երբ կը դիմէր Մոսկուայի՝ Էս 400 հրթիռներու համակարգերը գնելու համար, Փութինի կարեւորագոյն երազներէն մին կ՛իրականացնէր։ ՆԱԹՕ-ի անդամ պետութիւն մը՝ անտեսելով Արեւմտեան Զինակցութեան բոլոր արժեչափերը եւ սկզբունքները, ռուսական զէնք կը մտցնէր ՕԹԱՆեան ծիրին մէջ։ Ասկէ աւելի «շահաբեր» գործառք չէր կրնար ըլլալ Փութինի համար։ Գործառքը սակայն ունէր իր գինը։Կովկասեան իրադրութիւններուն մէջ այդ գինը այս օրերուն կը վճարուի՝ թուրքեւատրպէյճանական ճակատին։ Իսկ խնդիրը այն է, որ Մեծ Շահերու բախման կիզակէտը այս անգամ Արցախն է։