
Read Time:18 Second
ՊՈՍԹԸՆ․- Վաւերագրական ժապաւէններ բեմադրող Անոյշ Էլպակեան, հինգերորդ անգամ ըլլալով արժանացաւ «Էմմի» մրցանակին:
Ան ստացած է Նիւ Ինկլընտ շրջանի երկու մրցանակներ «Everything Is Changing: Climate Change On Cape Cod» վաւերագրականին համար: Ան դերասան եւ բեմադրիչ Արթուր Էլպակեանի դուստրն է։
2016-ին, ան արժանացած է տեղական «Էմմի» մրցանակին «A Day in Life of Leo» ժապաւէնին համար:
Էլպակեան «Պոսթըն Կլոպ» թերթի լրագրող է: