Անմոռանալի Օրեր Հայրենիքի Մէջ

0 0
Read Time:2 Minute, 19 Second

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Միշիկընի Ալեք եւ Մարի Մանուկեան վարժարանի 29 աշակերտներ, իրենց ժրաջան տնօրէն դոկտ. Յովսէփ Թորոսեանին ու երեք ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ, Երեւան ժամանեցին Ապրիլ 17-ի երեկոյեան: Այս մէկը, վարժարանի կազմակերպած վեցերորդ աւանդական շրջապտոյտն էր: Բոլորը ոգեւորուած էին՝ ուրախ: Սակայն, ամենավառ երեւակայութեամբ օժտուած աշակերտն անգամ, բնաւ պիտի չպատկերացնէր թէ յետագայ օրերուն պատմական ինչպիսի դէպքերու ականատես պիտի ըլլար ան:

Օդակայանէն Անի հիւրանոց ճանապարհին, զգալի էր Երեւանի արտակարգ շնչառութիւնը: Աշակերտները արդէն տեղեակ էին Երեւանեան անցուդարձերուն ու ծանօթ՝ յեղափոխականներու պահանջքներուն: Արդէն այն փաստը, որ գործող նախագահ Սերժ Սարգսեանը, սահմանադրութիւնը փոխելով կ’ուզէր դարձեալ իշխանութեան ղեկին մնալ, մեր աշակերտներուն համար անընդունելի նկատուեր էր:

Մեր աշակերտութեան խանդավառութեանը ուրիշ պատճառ մըն ալ կար: Որոշուեր էր այցելել Արցախ: Առաւել այն՝ որ տնօրէն Թորոսեանի խնդրանքին ընդառաջելով, Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանը պիտի հանդիպէր մեր աշակերտներուն հետ:  Այդ հանդիպումը կայացաւ Ուրբաթ, Ապրիլ 20-ին: Շուշի քաղաքը այցելելէ ետք, Մանուկեանցիները հասան Ստեփանակերտ եւ անշուշտ առաջին կանգառը Տատիկ եւ Պապիկի արձանն էր: Ստեփանակերտի մէջ շրջելէ ետք, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը, աշակերտները մուտք գործեցին Արցախի նախագահական պալատ: Հանդիպմանը կը մասնակցէր նաեւ նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ պրն. Դաւիթ Պապայեանը: Հանդիպման սկիզբէն իսկ, մտերմիկ եւ անկաշկանդ զրոյց սկսաւ Նախագահ Սահակեանին ու աշակերտներուն միջեւ: Աշակերտները հարցեր ունէին Արցախի տնտեսութեան, բանակի, արտաքին յարաբերութեան ու կրթական համակարգի մասին: Նախագահը համբերատար եւ մանրամասն կը պատասխանէր բոլոր հարցերուն, վստահեցնելով որ Արցախի բանակը ուժեղ է եւ անսասան, վճռակամ՝ պաշտպանելու հայրենիքի իւրաքանչիւր թիզ հողը: Նախագահական հանդիպումէն ետք, դոկտ. Թորոսեան եւ վարժարանիս հայկական բաժանմունքի պատասխանատու պրն. Սեպուհ Աւետիքեան կարճ հարցազրոյցներ ունեցան Արցախի պետական հեռուստացոյցին համար:

Այս հանդիպումին, տնօրէն Թորոսեանի առաջարկով եւ Արցախի նախագահին համաձայնութեամբ յարմար նկատուեցաւ Ստեփանակերտի դպրոցներէն մէկուն հետ յատուկ կապեր հաստատել, տեսակ մը քոյր վարժարան ունենալ Արցախի մէջ: Այս առնչութեամբ դոկտ. Թորոսեան եւ պրն. Աւետիքեան այցելեցին Արցախի կրթական նախարարութիւն այնտեղ հանդիպելու բարեհամբոյր կրթական նախարարուհի, տիկ. Նարինէ Աղապալեանին հետ: Նախատեսուած կարճ հանդիպումը վերածուեցաւ ջերմ զրոյցի: Որոշուեցաւ Մանուկեան վարժարանն ու Ստեփանակերտի Եղիշէ Չարենցի անուան թիւ 7 դպրոցը քոյր վարժարաններ հռչակել:

Արցախի մէջ աշակերտներուն յաջորդ կանգառը Ստեփանակերտի գլխաւոր հիւանդանոցն էր, ուր այցելութիւն կատարուեցաւ վիրաւոր զինուորներուն, նիւթական օգնութիւն տրամադրելով անոնց:

Այսպիսով, յագեցած ծրագիրէ մը ետք, աշակերտները վերադարձան Երեւան, շարունակելու իրենց շրջապտոյտները: Անոնք այցելեցին Գառնի ու Գեղարդ. Խոր Վիրապ եւ Նորավանք. Տաթեւ ու Սեւան. Սարդարապատ եւ Էջմիածին, ուր նաեւ յարգանքի տուրք մատուցեցին դպրոցիս բարերար Ալեք Մանուկեանի շիրիմին: 

Սակայն այն ինչ եղաւ Ապրիլ 23-ի երեկոյեան, աշակերտներուն խանդավառութիւնը հասցուց գագաթնակէտին: Սերժ Սարգսեանի հրաժարականի մասին մեր աշակերտները իմացան երբ անոնք կ’այցելէին Հայաստանի Ամերիկեան Համալսարանը: Տեղացի ուսանողներուն հետ միասին մեր աշակերտները այնտեղէն ուղղակի շտապեցին Հանրապետութեան հրապարակ: Եւ այստեղ սկսաւ թեժ ուրախութիւնը: Այդ օր խախտելով բոլոր օրէնքները, մեր աշակերտները, հայաստանցի իրենց անծանօթ հայրենակիցներուն հետ երգեցին ու պարեցին ամբողջ գիշեր: Այլեւս անծանօթ մարդ չկար, բոլորը եղբայրացեր էին:

Յաջորդ օր, Մեծ Եղեռնի Յուշարձանի յարգանքի իրենց տուրքը մատուցելէ ետք, աշակերտները սկսան պատրաստուիլ տունդարձի:

Իսկապէս հոգեպարար զգացողութիւններով մեր աշակերտները վերադարձան Միշիկըն, ականատեսը ըլլալով պատմական յեղափոխութեան մը, որ պիտի մնայ ժողովուրդի յիշողութեան մէջ որպէս Թաւշեայ Յեղափոխութիւն:

Թղթակից

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles