
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ
Գիտէինք, որ ազերիները ձեռնարկած էին Լաչինի միջանցքին մէջ, Բերձոր ու Աղաւնոյ աւանները շրջանցող ճանապարհի կառուցման: Ներկայիս գործող ճանապարհի փոխարինումը այլ ճանապարհով մը նախատեսուած էր 9 նոյեմբեր 2020-ի զինադադարի, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել` անձնատուական յայտարարութեան 6-րդ կէտով: 6-րդ կէտով համաձայնուած էր, որ Լաչինի միջանցքը պիտի ունենայ 3 քիլոմեթր լայնք եւ պիտի վերահսկուի ռուսական խաղաղարար ուժերու կողմէ: Ստորագրութեան յաջորդող երեք տարիներու ընթացքին պիտի մշակուէր այդ միջանցքին մէջ գոյութիւն ունեցող երթեւեկութեան նոր ուղիի մը ծրագիրը, որ պէտք է շրջանցէր Շուշի քաղաքը: Կը կարծուէր, որ համաձայնութեան կամայական մեկնաբանութեամբ, Ատրպէյճան աճապարած էր (բացառելով ծրագիրի մշակումը) ճամբու իր բաժինը կառուցել, մինչ Հայաստան ոչինչ կ՛ընէր իր բաժինը կառուցելու ուղղութեամբ: Պէտք եղաւ ատրպէյճանական յարձակման, զոհերու ու վիրաւորներու, որպէսզի Հայաստան նախաձեռնէ, վերջապէս, իր բաժինի կառուցման աշխատանքներուն:
Ժողովուրդը իրազեկելու խոստումով ընտրուած օրինական իշխանութիւնը մոռցած էր տեղեկացնելու, որ նոր ուղիի կառուցման շուրջ բանաւոր համաձայնութիւն գոյացուցած է ազերիներուն հետ: Այս տեղեկութիւնը փոխանցուած է Արցախի իշխանութիւններուն կողմէ, որոնք հանդիսացած են բանակցող կողմը, անշուշտ ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ ու Հայաստանի իշխանութիւններու լուռ համաձայնութեամբ:
Ազրպէյճան հազիւ աւարտած ճամբու իր բաժինի շինարարութիւնը, պահանջեց զայն օգտագործել: Ռուսական խաղաղապահ ուժերը պարտաւոր են լքել իրենց ներկայ դիրքերը եւ փոխադրուիլ նորաբաց ճամբան, Ազրպէյճանին հնարաւորութիւն տալով գրաւելու Բերձորի շրջանը: Այդ շրջանին մէջ կը գտնուին կարգ մը բնակավայրեր, որոնց մէջ` Աղաւնոյ գիւղը, իր Արիաւան թաղամասով: Այդ բնակիչներուն թելադրուած է, մինչեւ 25 Oգոստոս դատարկել իրենց բնակավայրերը եւ տեղափոխուիլ ընտրովի, Արցախ կամ Հայաստան:
Աղաւնոն նոր գիւղ է, կառուցուած սփիւռքահայերու ներդրումներով եւ բնակուած Հայաստանէն ու սփիւռքէն վերաբնակներով: Իսկ Արիաւանը կառուցուած է ARI (Արցախ Ռութց Ինվեսթմընթ) ընկերութեան կողմէ, որ կազմուած էր լիբանանահայ եւ այլ գործարարներու կողմէ: Արիաւանը միակ ներդրումը չէր ԱՐԻ ընկերութեան: Արցախի ազատագրուած տարածքներու բնակեցման համար բազմաթիւ նախաձեռնութիւններով հանդէս եկած է ու ջանացած ստեղծել շրջանին մէջ բնակութեան բարւոք պայմաններ:
Ազերիական յարձակումը, նախորդող ու յաջորդող դէպքերը տեղի ունեցան, երբ Հայաստանի վարչապետը արձակուրդի մէջ էր: Բնականաբար աւելորդ էր կառավարութենէն ակնկալել որեւէ դիրքորոշում պատահածին նկատմամբ, Փաշինեանի բացակայութեան: Պէտք եղաւ սպասելու մինչեւ Հինգշաբթի, 4 Օգոստոսի նախարարական խորհուրդի նիստը, որպէսզի իրազեկ դառնանք Նիկոլ Փաշինեանի գրաւոր յայտարարութեան եւ իմանանք Հայաստանի կառավարութեան դիրքորոշման մասին:
Ի՞նչ կ՛ըսէ այդ յայտարարութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնը:
Հաւաստելէ ետք, որ հայաստանցի զինծառայողներ այլեւս չկան Արցախի մէջ (անոնք հապճէպով դուրս բերուած էին օր մը առաջ) եւ թէ նոր ճամբու մասին տեղեկութիւններ չեն տրուած հանրութեան, քանի որ անոնք պարզապէս թեքնիք մանրամասնութիւններ էին, Նիկոլ Փաշինեան յայտնեց Ազրպէյճանի հետ տարակարծութիւններու մասին:
Այսպէս. առաջին` Ատրպէյճան կը մերժէ ընդունիլ Լեռնային Ղարաբաղ կոչուած գոյացութիւն մը, երկրորդ` այդ գոյացութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ շփման գիծի առկայութեան փաստը, եւ երրորդ` Լաչինի միջանցքի անխափան գործածութեան եւ անոր 3 քիլոմեթրնոց տարածքի կարգավիճակը: Ատրպէյճանի համար ո՛չ Արցախ գոյութիւն ունի, ո՛չ ալ Լաչինի միջանցք: Արցախի պաշտպանութեան բանակը կը համարէ իր հողամասին վրայ գործող ահաբեկչական խմբակ մը:
Սկզբունքով, այս կամայական ու թիւր մեկնաբանութիւններուն Հայաստան հնարաւորութիւն չունի հակադարձելու: Երկու տարիէ ի վեր, Հայաստանի իշխանութիւնները լծուած են «խաղաղութեան դարաշրջան» կերտելու աշխատանքին: Հայաստան հրաժարած է ինքնապաշտպանութիւն կազմակերպելու ընտրանքէն ու համաձայնած` զիջումներու ճամբով ապահովելու իր երազած ապահովութիւնը: Սակայն Ատրպէյճան չի բաւարարուիր հրամցուած խաղաղութեամբ եւ անդադար աւելին կ՛ուզէ: Կը թուի, որ Նիկոլ Փաշինեան սկսած է անդրադառնալ խաղաղութեան իր պատկերացման անկարելիութեան ու անոր պաշտպանութիւնը կ՛ակնկալէ միջազգային ընտանիքէն: Հաստատելէ ետք, որ իրաւարար ռուսական խաղաղարար ուժերը ի վիճակի չեն թուիր ապահովելու իր քաղաքականութեան կենսագործումը, կ՛առաջարկէ ռուսական մանտան միջազգայինով փոխարինել:
Միջազգային իրաւարարութիւնները ո՛չ մէկ տեղ կրցած են արդիւնք ապահովել: Հովանաւորի փոխարինումը իրարու դէմ մրցավազքի ելած «միջազգային» ուժերով կը նշանակէ անդադար հաւասարութեան նշան դնել յարձակողին ու զոհին միջեւ: Այսինքն` տագնապը յաւիտենականացնել:
Հայաստանը դէմ յանդիման կանգնած է փակուղիի մը: Լուծումը կը պահանջէ Գորդեան հանգոյցի կտրուիլը, այսինքն` վարուած քաղաքականութեան կտրուկ փոփոխութիւնը: