
Յունուար 17-ին, Արամ Ա. Կաթողիկոս բացումը կատարելով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կազմակերպած Ժընեւ 2 ժողովին համար կայացող համագումարին, կարեւորութեամբ շեշտեց յիշեալ համագումարին վճռական կարեւորութիւնը ամբողջ Միջին Արեւելքին համար:
Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ. “եթէ Ժընեւ 2 ժողովը դրական արդիւնք չունենայ, անոր հետեւանքները կըրնան աննախատեսելի ըլլալ ամբողջ Միջին Արեւելքին համար, եւ նոյնիսկ՝ անկէ անդին“։ Ապա Վեհափառ հայրապետը աւելցուց. “ա՛յս պատասխանատուութեամբ պէտք է մեր մասնակցութիւնը բերենք այս ժողովին եւ աւելին՝ սովորական յայտարարութիւն պէտք չէ կատարենք, այլ՝ յստակ ուղեցոյց մը ճշդենք, զայն փոխանցելու համար Ժընեւ 2 ժողովի պատասխանատուներուն“:
Խօսելով Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի կազմակերպած ներկայ համագումարի մասին, Վեհափառ հայրապետը շեշտեց կարեւորութիւնը հետեւեալ երեք կէտերուն.- ա) հաւաքական քրիստոնէական մօտեցում ճշդել սուրիական տագնապի լուծման. բ) մեր փորձառութիւնները եւ հայացակէտերը բաժնել իրարու, ինչպէս նաեւ Արեւմտեան աշխարհին հետ. գ) միասնաբար որոնել Ժընեւ 2 ժողովին մեր բերելիք նպաստը, որ պէտք է ըլլայ ազդու, գործնական ու յստակ“:
Ապա Վեհափառ հայրապետը ըսաւ. “Հարկ է որ մեր մօտեցումը ըլլայ իրապաշտ՝ հեռու մնալով զգացական, միակողմանի ու քաղաքական մօտեցումներէ: Այլ խօսքով, պէտք է կարեւորութեամբ շեշտել Ժընեւ 2 ժողովին մեր բերելիք նպաստին իւրայատկութիւնը“: Մեկնելով իր կատարած այս հաստատումէն, Վեհափառը շեշտեց հետեւեալ երկու կէտերը.– ա) Անհրաժեշտ է կարեւորութեամբ ընդգծել, թէ սուրիական տագնապը կարելի չէ զէնքի ուժով լուծել, այլ՝ բանակցութեամբ: բ) Անհրաժեշտ է որ բանակցութեան մասնակցին կառավարութիւնը, ընդդիմութիւնը եւ բոլոր համայնքներու պատասխանատուները:
Համագումարի բացման նաեւ խօսք առաւ Եկեղեցիներու Համաշխարհային Խորհուրդի Ընդհանուր Քարտուղարը, որ իր կարգին պարզեց Խորհուրդին կատարած աշխատանքները՝ սուրիական տագնապի սկզիբէն ի վեր, յատկապէս մարդասիրական մարզէն ներս: Յայտնենք, որ համագումարին կը մասնակցին պատրիարքներ, եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան կողմէ իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Գերշ. Տ. Սեպուհ Արք. Սարգիսեան եւ տիկին Թենի Սիմոնեան. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան կողմէ՝ Գերշ. Տ. Վիգէն Արք. Այգազեան: Կը մասնակցին նաեւ Ռուսաստանի, Ամերիկայի, Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Անգլիոյ եւ այլ եկեղեցիներու պաշտօնական ներկայացուցիչները: