ԱՆՀԱՏ ԵՒ ԱԶԳ ԿԸ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆԻՆ ԵՒ ԿԸ ՅԱՌԱՋԴԻՄԵՆ ԲԱՐՈՅԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՀԻՄԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

0 0
Read Time:3 Minute, 30 Second

Յ. Պալեան 

«Ոչ ոք կրնայ նպաստել իր երկրի յառաջդիմութեան,  եթէ

համարձակի անտեսել իր հայրենակիցներու փոքրագոյնը»:

Մահաթմա Կանտի

 

Իմաստասիրական եւ բարոյական ճշմարիտ խորք պէտք է հանրային ծառայութեան, քաղաքական աշխատանքի եւ ընդհանրապէս ղեկավարումի համար: Այս պէտք է ընել ընկերային կեանքի բոլոր մակարդակներուն, աշխատատեղիէն մինչեւ նախարարներ եւ նախագահներ: Ժողովուրդը պէտք է տեսնէ նախաձեռնութիւնները առաջնորդող գաղափարները, միտումները, նաեւ ինքզինք, որպէսզի վստահութիւն հաստատուի. նախագահ, թագաւոր, վարժապետ, երկրագործ, բանուոր, մտաւորական, ընտանիքի հայր եւ մայր:

            Ժողովուրդի մը հզօրացման եւ վերականգնումին համար անհրաժեշտ է զինք առաջնորդողներուն օրինակը: Այս հասկնալու համար, ինչպէս երբեմն կ’ըսեմ, պէտք է յաճախել իրաւ մեծերու դպրոցը: Մահաթմա Կանտի հանդիսացաւ միլեառ հաշուող ժողովուրդի հայրը, ֆրանսացիները դիպուկ կերպով կ’ըսեն Père de la Nation, ինչ փոյթ նոյնիսկ եթէ ոմանք կը սարսափին ազգ-nation բառէն: Այս մեծ մարդը կ’ապրէր պարզութեան մէջ, բուսակեր էր, ինք կը կը կարէր իր հագուստը, կը մանէր բամպակը, ապարանք չունէր: Իր անձին համար գիտէր  նուազագոյնով բաւարարուիլ, բայց դարձաւ ոչ միայն իր ժողովուրդին համար մեծ, այլ նաեւ՝ համայն մարդկութեան:

            Լաւ ղեկավարը ան է, որ ինքզինք, իր երկիրը, իր պատկանած միութիւնը, կազմակերպութիւնը, կուսակցութիւնը, հիմնարկը կ’առաջնորդէ Մահաթմա Կանտիի իմաստութեամբ, որ ըսած է. «Աշխարհի մէջ բաւարար չափով կայ ամէն բան, բաւարարելու համար մարդուն կարիքները, բայց ոչ բաւաւար՝ յագեցնելու համար անոր ագահութիւնը»: Եթէ մենք մեզի հետ անկեղծութեան պահու մը, քանի մը անգամ կարդայինք Կանտիի երկու տողերը, մենք կը յեղափոխուէինք, եւ թերեւս ալ կը յեղափոխէինք մեր շրջապատը, համայնք, ազգ, երկիր, եւ համայն մարդկութիւն:

            Ինչո՞ւ այս մասին կը մտածեմ:

            Քանի կը դիտեմ ինքզինքս, շրջապատս, ապրած երկիրս, նաեւ Հայաստանը, կը համոզուիմ թէ որքա՜ն ագահ ենք, կը խօսինք մշակոյթի մասին, երգի,  գիրի եւ արուեստի մասին, բայց չենք խօսիր ՄՇԱԿՈՅԹ ԴԱՐՁԱԾ ԱԳԱՀՈՒԹԵԱՆ ԲԱՑԱՍԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ մասին, անոր հետեւող պերճանքներու, որոնք պատկերն են Կանտիի նշած հայրենակիցներու անտեսման, պատճառը ամէն կարգի փտախտներու:

            Փոքրաթիւ ժողովուրդ ենք, Հայաստան եւ սփիւռք, բայց աշխարհի փոքրաթիւ մեծահարուստներու ցանկին մէջ հայրենակիցներ ունինք, որոնք եթէ չանտեսեն, չանտեսէին Կանտիի նշած փոքրագոյնները…: Խօսքը չի վերաբերիր խիղճ հանդարտեցնող փշրանքներու: Հայաստանի եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդի վերականգնումը, Հայաստան, Արցախ, սփիւռք, մեծապէս կախում պիտի ունենայ, կախում ունի հայրենակիցներու փոքրագոյնի վերականգնումէն: Այդ փոքրագոյնները, բայց ազգի իրաւ մեծամասնութիւնը, երաշխիք են պահելու համար երկիրը, եւ ապահովելու համար շարունակութիւնը:

            FORBESի, աշխարհի ամենահարուստներու ցանկին վրայ գտնուող հայերուն, նաեւ դեռ հոն չգտնուողներուն, ինչո՞ւ չ’ըսուիր, որ իրենք կրնան ըլլալ երկրի յառաջդիմութեան ազդակ, եթէ…

            Երկիր մը, եւ այս պարագային կը խօսիմ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մասին, երբ կը տուայտի թշուառութեան մէջ, անոր ժողովուրդը  զինաթափ կ’ըլլայ, կը կորսնցնէ ինքնութիւն եւ հպարտութիւն, կորով եւ բարոյական: Բոլոր ժամանակներու բարոյական նկարագրով մեծագոյն ղեկավարներէն Մահաթմա Կանտի հասկցած էր, որ թշուառութիւնը բռնութեան յոռեգոյն ձեւն է, ինչպէս ինք կ’ըսէ: Իսկ թշուառութիւն եւ անաշխատ հարստացում կը նմանին իրարահաղորդ ամաններու, երկրորդը կ’աճի առաջինի զրկանքով:

            Հայկական էսթէպլիշմընթը,- քաղաքական, դրամատիրական, կրօնական, մտաւորական,- ազգային իրաւ վերականգնումի համար թշուառութեամբ զանգուածը հարուածող յոռեգոյն բռնութեան դէմ պայքար պէտք է շղթայազերծէ, ազնուացնելով մարդը եւ հայը, զայն բերելով աւելի արդարութեան: Արդարեւ, քիչ մը ամէն տեղ խաղցուող ժողովրդավարական խաղը կեղծիք է, երբ զանգուածները ենթակայ են թշուառութեան բռնութեան: Փակագիծ մը. այդ բռնութեան յոռեգոյն պատկերը կը խաղցուի ժողովրդավարութեան բեմի վրայ, երբ տեղի կ’ունենայ քուէի առուծախ, երբ երգիչներ բեմ կը բարձրանան քուէի որսորդներուն ծառայելու համար:

            Թշուառութեան դէմ պայքարը ընկերային, ազգային, քաղաքական եւ կրօնական բարոյական է, յանձնառութիւն՝ մարդուն եւ մարդկութեան համար:  Իսկ զանգուածը, ինք ազգն է, առանց իրեն էսթէպլիշմընթ գոյութիւն չ’ունենար, ինք ժողովրդավարութեան քուրան է, եթէ չխափանուի իր գիտակցութիւնը: Կրկին լսենք Մահաթմա Կանտին. «Ճշմարիտ ժողովրդավարը ան է, որ շնորհիւ իրապէս ոչ բռնամիջոցներու, կը պաշտպանէ իր ազատութիւնը, հետեւաբար նաեւ իր երկրի, եւ վերջապէս համայն մարդկութեան»:

            Մահաթմա Կանտիի ուսուցումը պէտք է կիրարկել հանրային կեանքի բոլոր մարզերու պարագային, հոն ուր հաւաքականութիւնը կ’ուզէ ինքզինք օժտել առաջնորդով, առաջնորդներով: Իրաւ ղեկավարը ան է նաեւ, որ ժողովուրդին կ’ընծայէ Կանտիի իմաստութեամբ ընտրելու եւ ընտրուելու բարոյական ըմբռնումը:

            Երբեմն մեր ժողովուրդին հետ պէտք է խօսիլ այս հարցերու մասին: Ասիկա ոչ շատախօսութիւն է ոչ ալ պերճանք, այլ մասնակցութեամբ մէկութեան տանող ուղին, որուն այնքա՜ն պէտք ունինք, որպէսզի յաղթահարուի հայրենալքումը, ընդգրկուինք զանգուածային հայրենադարձութեան հարազատութեան ընթացքին մէջ,  հայրենատիրութիւնը դառնայ համազգային յանձնառութիւն:

            Կը յաջողինք, եթէ Կանտին ներշնչէ մեծերու եւ նուազ մեծերու քայլերը: Կրկին բարձրաձայն կարդալ Կանտին. Ոչ ոք կրնայ նպաստել իր երկրի յառաջդիմութեան,  եթէ համարձակի անտեսել իր հայրենակիցներու փոքրագոյնը:

            Իսկ հայրենակիցներու փոքրագոյնը ինք տէր պիտի ըլլայ իր իրաւունքին եւ ճակատագրին, մերժելով դիմակահանդէսները: Այդ կ’ըլլայ ազգի վերականգնումի առաջին քայլը, կրկնելով Կանտիի հետ, որ՝ «Ոչ մէկ երկիր չէ վերականգնած առանց մաքրուելու տառապանքի կրակով»:

            Աստ եւ անդ: Այսօ՛ր եւ վա՛ղը:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles