ԱՆԿԱԽ, ԱԶԱՏ ԵՒ ԱՆԱՉԱՌ ՄԱՄՈՒԼԸ ՑՆՈ՞ՐՔ Է

0 0
Read Time:3 Minute, 34 Second

Յ. Պալեան

Մարգարէական խօսք ըսած է ամերիկեան լրագրութեան իրաւ մեծերէն Ժոզէֆ Փուլիցեր (1847-1911): Երբ մամուլը,- թերթ, ձայնասփիւռ, հեռատեսիլ,- կը հակակշռուի իշխանութեան մը կամ այլ ուժերու կողմէ, կը կորսնցնէ իր առաքինութիւնը, virtusը, կը դառնայ գործիք, միջոց, վարձկան, ամբոխին կեր հայթայթող եւ նոյն ամբոխը շահագործող:

            Ի՞նչ ըսած է Ժոզէֆ Փուլիցեր.

            «Շնական, վարձկան եւ ամբոխավարական մամուլ մը, ժամանակի ընթացքին ծնունդ պիտի տայ իրմէ վատ ժողովուրդի մը: Հանրապետութեան ապագան բորբոս դարձնելու ուժը պիտի գտնուի ապագայ սերունդներու լրագրողներու ձեռքին»*:

            Այսինքն, երբ մամուլը ինքզինք կը ծախէ դրամի եւ քաղաքական իշխանութեան, իր արդարութիւն եւ ճշմարտութիւն հետապնդողի կուսութիւնը կը կորսնցնէ: Օրինակ, երբ հեռատեսիլի կայան մը ինքզինք կը տրամադրէ նախագահական պաշտօնի թեկնածութեան պաշտպանութեան գործիք ըլլալու, քաղաքական շահեր կամ նիւթական միջոցներու ձեռքբերում հետապնդելով:

            Ժոզէֆ Փուլիցէր նախատեսա՞ծ էր դրամի միջազգային կայսերապաշտութեան եւ քաղաքականութեան փոխլրացումը երաշխաւորող մամուլի այլասերումը:

            Երբ այս մտածումին հանդիպեցայ, մտածեցի մտաւորականի, գրողի, լրագրողի եւ հրապարակագրի խօսքի ազատութեան սահմանափակման մասին, երբ լրագրողը կամ մտաւորականը կը ստիպուին իրենց ազատութիւնը կորսնցնել եւ դառնալ խօսափող, «տիրոջ ձայնը» կրկնող:

            Երբ մամուլը կը ծառայէ շահերու, անոր խօսքը կ’ըլլայ ապսպրանք, ան կը դառնայ քարոզչական միջոց, կը կորսնցնէ առարկայականութեան բարոյականը: Այս հարցը տագնապեցուցած է եւ կը տագնապեցնէ ազատութիւններու պաշտպանները:

            Կը յիշեմ ԺԸ դարու մեծ մտաւորական եւ իմաստասէր Վոլթէրը, որ կ’ըսէր. «Քեզի հետ համաձայն չեմ ըսածիդ համար, բայց մինչեւ մահ պիտի պայքարիմ, որ դուն այդ ըսելու իրաւունք ունենաս»**:

            Ընկերութեան համար օդի եւ ջուրի չափ անհրաժեշտ է խօսքի ազատութիւնը, որուն վրայ կը կռթնի բազմակարծութիւնը: Երբ մամուլը կը հակակշռուի եւ արգելակներ կը դրուին բազմակարծութեան առջեւ, լրագրողին խօսքը կ’ըլլայ ապսպրանք, ճարտարարուեստ, եւ նորատեսակ ստրկութեան դէմ յանդիման կը գտնուին մարդիկ, շարքային քաղաքացին, մտաւորականը, անոնք կը զրկուին մտածելու, ընտրելու, դատելու եւ առանց ճնշումներու կողմնորոշուելէ իրաւունքէն:

            «Տէր ունեցող» մամուլը, այդ տէրը ըլլայ իշխանութիւնը, դրամատէր անհատը թէ ընկերութիւնը, կուսակցութիւնը, միշտ փորձութիւնը կ’ունենայ հանրային կարծիքին վրայ ազդելու, անոր վրայ ճնշում բանեցնելու, իր ուղղութիւնը տալու: Այս ձեւով մամուլը կը շեղի իր լուսաբանելու առաքելութենէն, եւ կը կորսուի, առաւել կամ նուազ համեմատութիւններով խորհրդային «ագիտ-պրոպ»ի պղտորութիւններուն մէջ: Լրագրողին ազատութիւնը իրաւ ժողովրդավարութեան հոգին է, այլապէս ան զոհը կ’ըլլայ ճշմարտութենէ տարբեր նկատումներու, որոնց ականատեսներն ենք, կամ պարզապէս զոհերը:

            Այսօր, բոլոր ընկերութիւնները, նոյնիսկ որպէս անխառն կերպով ժողովրդավար  ներկայացողները, կամայ եւ ակամայ, բռնուած են Ժոզէֆ Փուլիցէրի բանաձեւած «cynical, mercenary, demagogic press»ի ուռկանին մէջ, ուր շատեր ցանցուած ձուկերու պէս կը պատշաճին կամ կը թփռտան: Գիտենք, որ մամուլը, իր բոլոր ձեւերով, դարձած է «սուղ հաճոյք»: Իսկ հայկական սփիւռք(ներ)ի պարագային ան ոչ միայն «սուղ հաճոյք» է, այլ ինքզինք կը պահէ յանձնառութեան եւ «զոհողութեան» ենթահողի վրայ: Աւելին. ան ինքզինք կ’իմաստաւորէ «դաւանուած» եւ միանգամընդմիշտ ընդունուած ճշմարտութիւններով, իւրացուած, յաճախ անխախտ տեսակէտներով:

            Մամուլի, եւ ընդհանրապէս խօսքի ազատութիւնը, տագնապեցուած է իրաւ մտաւորականները (ոչ կարգախօս կրկնողները եւ ոչ թուղթ մրոտողները): Յառաջադէմ ընկերութեան մը համար կենսական է ազատ մամուլը, որ կը դատուի, ինչպէս մեծ գրող եւ նոպէլեան դափնեկիր Ալպէր Քամիւ կ’ըսէ, թէ «դիմադրել նախ տեղի չտալ է սուտին» եւ ապա, խօսելով թերթի ազատութեան մասին կ’ըսէ. «Ազատ թերթ մը կը չափուի նոյնքան իր ըսածով որքան իր չըսածով»:

            Ալպէր Քամիւի այս միտքերը կը գտնուին, 1939ին գրուած իր  երբեք լոյս չտեսած յայտարարութեան (Manifeste) մէջ, Երկրորդ Աշխարհամարտին հաստատուած գրաքննութեան պատճառով: Կ’ընէ նաեւ յատկանշական դատում մը. «Գերմանական լուրերուն մէջ ճշմարտութեան ջնջումը յատկանշական նշանն է նացիական վարչակարգին»: Ամէն անգամ որ, աստ եւ անդ, մամուլը եւ լրատուամիջոցները ընդհանրապէս կը կեղծեն եւ կը ստեն, ազատութիւնները կը չքանան կամ կը գտնուին չքացման սպառնալիքի տակ:

            Մամուլը եթէ կորսնցնէ իր քննադատելու առաքինութիւնը, կը դադրի ազատութեան եւ ժողովրդավարութեան սպասարկելէ, կը ծառայէ դրամագլուխի, խմբակային շահերու: Մամուլը պարտականութիւն պէտք է համարէ մեծ կամ պզտիկ քաղաքական շահերէ վեր դասել բարոյականութիւնը, քաղաքացին եւ անոր իրաւունքները: Այսինքն անհատի կամ կողմի թիկնապահ, body guard, ըլլալու նուաստացումէն եւ տխրութենէն հեռու պէտք է պահէ ինքզինք:

            Ստրկացուած մամուլը ընկերութիւնը եւ մարդը ստրկացնելու միջոց է:

            Այս ըմբռնումներով ալ, մամուլի աշխատաւորը ինք պիտի ունենայ բարոյական դէմք, պիտի կռթնի ճշմարտութեան եւ առարկայականութեան:

            Կարելի կ’ըլլա՞յ մամուլը ազատագրել «դրամ»ի եւ իշխանութեան ճնշումէն, ժամանակակից ընկերութեան մեծ հարցն է հեռատեսիլը ազատագրել audimatի ենթարկուելու անձնատուութենէն:

            Մամուլի ազատութեան համար դրամէն եւ դրադամատէրէն ոչ-կախուածութիւնը նախապայման է, որպէսզի տեղեկատուութիւնը ունենայ անաչառութեան որակ, գերին չըլլայ ուշագրաւին, եւ փոխանակ անպայման արագ տեղեկութիւն հասցնելու շուտիկութեան, ճիշդ տեղեկութիւն փոխանցէ, միաժամանակ խուսափելով տիրացուական բարոյախօսութենէ:

            Անկախ եւ ազատ մամուլը կարիք ունի նաեւ որակի առաքինութեան, այսինքն պատրաստութիւն, լաւատեղեակ, բանիմաց եւ գիտակից լրագրողի:

            Արգիլուած չէ, որ երբեմն մենք մեզի հարց տանք, մեր «փոքրիկ ածու»ի պարագային, թէ այս բոլոր ցանկութիւններուն յարաբերաբար, ուր կը կանգնի հայ ազգային մամուլը, Հայաստան եւ սփիւռք(ներ), չգոհանալով զգացական հայրենասիրութեամբ եւ քարոզչութեամբ:

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles