Անկախութիւնը` Առաքելութիւն Մը, Որուն Համար Արժէ Ապրիլ

0 0
Read Time:1 Minute, 20 Second
Լուսանկար՝ Հէրի Գունտաքճեան

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Ես հայ մըն եմ, ծնած, դաստիարակուած եւ ապրած եմ Պէյրութ, Լիբանան եւ ունիմ լիբանանեան հպատակութիւն:

2005 թուականին աշխատանքային նստավայրս հաստատուեցաւ Նիկոսիա, Կիպրոս, ուր նաեւ ստացայ կիպրական հպատակութիւն: Արդէն եղաւ աւելի քան երեսուն երկար տարիներ, որ կը գործեմ Արաբական Ծոցի երկիրներու տարածաշրջանին մէջ:

Այս իրականութիւնը տուն կու տայ հարցումի մը. «Ո՞ւր է իմ տունս` Պէյրո՞ւթ, Նիկոսիա՞, Քուէ՞յթ, թէ՞…»: Երեւի կրնամ ներկայացնել սփիւռքահայու ապրած կեանքի մէկ լաւ տարբերակը` ապրելով քիչ մը հոս ու հոն: Բայց իմ սրտին մէջ կայ սէր եւ երախտագիտութիւն: Սէրը եւ երախտագիտութիւնը հանդէպ այն երկիրներուն, որոնք ինծի տուին հպատակութիւն, ինքնութիւն, ուսում, երդիք եւ մարտահրաւէր, որպէսզի կարենամ արժէքի կեանքը կերտել: Իմ սրտին մէջ կայ նոյնքան ուրախութիւն եւ անձկութիւն` իմ հայրենիքիս` Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ, որուն անկախութեան 29-րդ տարեդարձն է սեպտեմբեր 21-ին:

Այս այն հայրենիքս է, որ իմ սրտիս մէջ կը կուտակէ հպարտութիւնը` իւրաքանչիւր անգամ որ իրեն այցելութեան կ՛երթամ: Հոն, ուր կեանքիս համար մշակոյթի հասկացողութիւնը կը մշակուի, եւ քրիստոնէական հաւատքս կը զօրանայ: Հայրենիքը, ուր իմ ազգային ինքնութիւնս կը մխրճուի նոյնինքն իր հարազատ հողին մէջ, եւ որուն մէջէն իմ պատկանելիութեան գիտակցութիւնս կ՛արտացոլայ եւ կը բիւրեղանայ:

Այսօր իւրաքանչիւր հայ ունի կարեւոր առաքելութիւն մը` պահելու, հոգալու եւ ծաղկեցնելու հայրենիքը, անկախ անկէ, թէ ո՛ւր կ՛ապրի: Անկախութիւնը այս իմաստով հայուն համար պէտք է դառնայ առաքելութիւն, որուն համար արժէ ապրիլ:

Շնորհաւոր անկախութեան տարեդարձդ, Հայաստա՛նի Հանրապետութիւն: Անկախութիւն մը, ուր հայուն կեանքի ինքնութիւնը կը խարսխուի եւ կը վերածուի ազգային առաքելութեան: Առաքելութիւն մը, որ մեր կեանքերը կը դարձնէ իմաստալից: Իսկ ասիկա այն առաքելութիւնն է, որ հայուն կեանքը կը դնէ պատմութեան շարունակականութեան մէջ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles