Read Time:18 Second
ՅԱԿՈԲ ՆԱԼՊԱՆՏ ՏԼՏԼԵԱՆ
Փետրուար, 1994
Փոքրիկը լոգարանին ծորակը բացաւ, աչքերը փակեց եւ ծովը երազեց. նոյնիսկ շառաչը լսեց: Երբ երազաթաթախ աչքերը բացաւ՝ արդէն փոքրիկ չէր:
Հայրն ու մայրը չկային: Որբ էր: Ծորակներէն ջուրը շատոնց անջատուած էր:
Իրականութիւնը երազ դարձած էր, իսկ երազը՝ կապոյտ իրականութիւն:
Երազկոտ տղան ծովուն մէջտեղն էր, անկայմ մակոյկով:
Այլեւս աչքերը բնաւ չփակեց և աչքերը բաց երազել սորվեցաւ…