Հ.Յ.Դ. Հանրային կապերու գրասենեակը կը տեղեկացնէ, թէ Կիրակի, Փետրուար 11֊ին, Անգարայի մէջ գումարուեցաւ Թուրքիոյ քրտամէտ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան (HDP) Երրորդ Համագումարը։ Ժողովը կը գումարուէր ծանր պայմաններու մէջ։ Մէկ տարիէն աւելի է, որ ձերբակալուած են կուսակցութեան հազարաւոր գործիչներ, ներառեալ՝ կուսակցութեան երկու համանախագահները, Թուրքիոյ խորհրդարանին անդամ աւելի քան տասնեակ մը պատգամաւորներ եւ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած բազմաթիւ գիւղապետեր։ Ժողովի նախօրէին եւս Թուրքիոյ իշխանութիւնները նոր ձերբակալութիւններ կատարեցին եւ կը խոչընդոտէին կարգ մը շրջաններէ պատգամաւորներու մասնակցութիւնը համագումարին։Համագումարին, կուսակցութեան նորընտիր համանախագահ Սեզայ Թիմելլի եւ Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչ Խաժակ Մկրտիչեան
Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան դէմ, փաստօրէն հակաքիւրտ այս համատարած հալածանքը տեղի կ՚ունենայ Յուլիս 15, 2016-ի ձախող յեղաշրջումի փորձէն ետք երկրին մէջ հաստատուած արտակարգ դրութեան կարելիութիւններէն օգտուելով՝ հակա-ահաբեկչութեան պատրուակով, իսկ վերջին շրջանին նաեւ՝ թրքական բանակի Սուրիա ներխուժելու մթնոլորտին մէջ, ուր Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը խորհրդարանին մէջ ներկայացուած միակ կուսակցութիւնն է, որ դէմ հանդէս կու գայ այդ ներխուժումին։ Այդուհանդերձ, համագումարը տեղի ունեցաւ, մասնակցութեամբ երեսուներկու հազար կուսակցականներու (մեծ մասը՝ մարզասրահէն դուրս) եւ «Ինչ ալ ըլլայ՝ պիտի՛ յաղթենք» կարգախօսով։
Համագումարի դիւանին մաս կը կազմէր Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան կողմէ Թուրքիոյ խորհրդարանի հայազգի անդամ Կարօ Փայլանը։ Համագումարին հրաւիրուած եւ ներկայ էին արտասահմանէն շարք մը կուսակցութիւններ, որոնց շարքին՝ Եւրոպական ընկերվարական կուսակցութեան, Ֆրանսայէն, Յունաստանէն, Նորվեկիայէն, Իրաքէն, Գերմանիայէն, Իրլանտայէն, Պասքերու եւ այլ երկիրներէ զանազան կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ եւրոերեսփոխաններ։ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը եւս մէկ ներկայացուցիչով մասնակցեցաւ համագումարին։ Հ.Յ.Դ.-ն կը ներկայացնէր կուսակցութեան Միջազգային քարտուղարութեան անդամ Խաժակ Մկրտիչեանը։
Կարօ Փայլան, HDP֊ի համագումարի դիւանի անդամ
Հ.Յ.Դ. մասնակցութիւնը Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան համագումարին զօրակցութեան արտայայտութիւն էր՝ ազատութեան եւ արդարութեան համար Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան մղած պայքարին։ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութեան պատասխանատուները բարձր գնահատեցին արտասահմանէն բոլոր կուսակցութիւններու, ներառեալ՝ Հ.Յ.Դ.-ի մասնակցութիւնը համագումարին. բոլոր մասնակից կուսակցութիւնները ներկայացուեցան համագումարին։
Համագումարի ընթացքին, խանդավառ մթնոլորտ կը ստեղծէր հայրենասիրական երաժշտութիւնը, որուն տակ մասնակիցներէն ոմանք երբեմն շուրջպար կը բռնէին։ Հնչեցին նաեւ հայերէն հայրենասիրական երգեր։
Համագումարի կարեւորագոյն պահերէն մէկն էր ձերբակալուած համանախագահներ՝Սելահետտին Տեմիրթաշի եւ Ֆիկէն Եուքսքտաղի պատգամներու ընթերցումը։ Տեղի ունեցաւ նոր համանախագահներու (մէկ կին, մէկ տղամարդ) ընտրութիւնը. ընտրուեցան Փերւին Պուլտան եւ Սեզայ Թիմելլի։
Հ.Յ.Դ. եւ Ժողովուրդներու Ժողովրդավարական Կուսակցութիւնը անդամ են Ընկերվար Միջազգայնականին; Վերջին տարիներուն, երկու կուսակցութիւններու բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ հանդիպումներ ունեցած են թէ՛ Ընկերվար Միջազգայնականի շրջանակներէն ներս, թէ՛ առանձնաբար՝ Հիւսիսային Ամերիկայի, Եւրոպայի եւ Թուրքիոյ մէջ։