ԱՆԱԿՆԿԱԼ ԱՅՑԵԼՈՒ ՄԸ

0 0
Read Time:1 Minute, 11 Second

ԱՅՏԱ ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ-ՍՐԱՊՈՆԵԱՆ
Առածը կ’ըսէ. «Բարիք ըրէ, ծովը թափէ»: Ըրինք բարիք ու յետոյ թափեցինք ծովը:
Աշնան վերջաւորութիւնն էր. մելամաղձոտ եղանակ, բնութիւնը մերթ կու լար, մերթ կը փորձէր ժպտիլ: Ամէն բան զրկուած էր իր երբեմնի գեղեցկութենէն:
Ճռուողումները գեղեցիկ թռչնիկներուն չկային այլեւս. սեւ ագռաւներ կը սաւառնէին, գուժելով ձմեռնամուտի նախաքայլերը: Ընդունեցինք այս բոլորը որպէս նախախնամութեան տնօրինած օրէնք: Ընդունեցինք նաեւ անակնկալ այցելու հիւր մը. անտէր էր եւ կը տարուբերէր երեքէն չորս տարեկանի միջեւ. անծանօթ էր մեր բոլորին: Խիղճս չներեց զինք վռնտել…: Ի վերջոյ ներս առինք զայն կամայ ակամայ, կերակրեցինք կաթով և յարմար ուտելիքներով: Եւ այսպէս մի քանի ամիս շարունակաբար այդքան շաղուեցանք իրարու, որ իր առժամեայ բացակայութիւնը մեզի ցաւ կը պատճառէր: Սիրունիկ էր, երբեմն կը զբաղէինք իրմով, քանի ան ալ Աստուծոյ մէկ ձեռակերտն էր: Բայց դաժան ժամանակը չխնայեց մեր ընտելութիւնը շարունակելու:
Հասաւ բաժանումի սրտաճմլիկ վայրկեանը, բայց թէ ինչպէ՞ս:
Դարձեալ անակնկալ, ճիշդ ժամանումին պէս:
Ընտանիքով մօտակայ ճաշարան մը գացած էինք. հաճելի ժամեր անցուցինք հոն:
Երբ կը պատրաստուէինք տուն վերադառնալ, սուրացող ինքնաշարժ մը յանկարծ կանգ առաւ: Բարեկամ մը կարծեցինք, որ մեզ տեսնելով կեցաւ. բայց ոչ. օտար էր:
«Ռօ՛յ» կանչեց. այդ անունը անծանօթ էր մեզի, բայց մեր մէջ գտնուող մը վազեց դէպի ինքնաշարժը ու միասնաբար հեռացան:
Մնաք բարով չկրցաւ ըսել քանի… այդ բանականութիւնը միայն մեզի տրուած էր. ես միակն էի, որ «երթաս բարի» ըսի: Հաւատարիմ էր, մանկութենէն զինք կերակրող ու խնամողը տեսաւ և վերադարձաւ անոր:
Արցունքը աչքերուս, քարացած մնացի տեղս, նայուածքս սուրացող ինքնաշարժին ուղղած, շրթունքներս թոթովեցին. «Երթաս բարի անուշիկ շնիկս, հաւատարիմ Ռօյս»:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles