
Read Time:34 Second
«Անցանք մենք ընդ հուր եւ ընդ ջուր, իսկ ես կ’աւելցնեմ նաեւ ընդ արիւն եւ նորէն կ’երթանք դէպի հուր եւ արիւն».- Սեբաստացի Մուրատ այս գրութիւնը փորագրած է Սուրբ Թադէի վանքի պատերուն վրայ, 1904-ի ամրան, երբ թրքական զօրքերու պաշարման շղթան ճեղքելով, թրքական նաւ մը գրաւեց եւ իրեն հետեւող ժողովուրդն ու ֆետայիները ապահով Պարսկաստան հասցուց։ Այդ օրերուն, ֆետայիները յատուկ սովորութիւն ունէին Սուրբ Թադէի վանքի պատերուն վրայ յատուկ արձանագրութիւններ կատարելու: