ԱՆ­ՆԱ­ԽԱՆ­ՁԵ­ԼԻ ՄԱՆ­ԿՈՒ­ԹԻՒՆ

0 0
Read Time:12 Minute, 36 Second

oror  ԳԷ­ՈՐԳ ՊԵ­ՏԻԿ­ԵԱՆ

 

Այդ օր դպրո­ցա­կան մի­օր­եայ ար­ձա­կուրդ էր, որուն իբ­րեւ ար­դար հե­տե­ւանք բազ­մա­հա­զար աշա­կերտ­ներ եւ երե­խա­ներ, իրենց ծնող­նե­րուն աշ­խա­տան­քին պատ­ճա­ռով, կրկին ան­գամ պի­տի իյ­նա­յին մեծ ծնող­նե­րու խնամ­քին տակ:

Մեր կար­գին, մեր եր­կու թոռ­ներն ալ մե­զի հետ էին, ու­րեմն մենք ալ ան­մասն չէ­ինք կրնար մնալ այս ան­գիր պար­տա­կա­նու­թիւն-օրէն­քէն:

Օգտ­ուե­լով Գա­լի­ֆորն­իոյ փետր­ուար­եան նա­խան­ձե­լի օդէն, էրիկ-կնիկ որո­շե­ցինք այս ան­գամ մե­րին­նե­րը` Հայկն ու Վա­նան, մեր տան շատ մօ­տիկ փարք“` պար­տէ­զը, տա­նիլ: Ու այս­պէս, ծան­րա­բեռն­ուե­լով տե­սա­կա­ւոր պէտք էնե­րով, օր­ուան կէ­սին քա­լե­լով, խօ­սե­լով, եր­բեմն ալ վա­զե­լով հա­սանք հան­րա­յին այդ փոքր պար­տէ­զը:

Աստ­ուած իմ, այս ինչ զար­մա­նա­լի տե­սա­րան: Հայ տա­րեց­ներ, հայ մա­մա­ներ եւ հայ մօր­քուր-հօր­քուր­ներ, իրենց աղ­մու­կով եւ բեռ­նե­րով ար­դէն լե­ցու­ցած էին դաշ­տը:

Դուր­սէն դի­տո­ղին հա­մար, այս փար­քը զուտ հայ­կա­կան ըլ­լա­լու տպա­ւո­րու­թիւնը կը ձգէր:

Տե­ղա­ւոր­ուե­լու հա­մար, յար­մար ան­կիւն մը փնտռե­ցի: Բախտս քա­լեց: Շու­քոտ տեղ մը գտած էի: Արագ մը սե­փա­կա­նա­ցու­ցի եւ մեր բեռ­նե­րը գե­տի­նը շա­րած ու հա­զիւ տե­ղա­ւո­րած էի, յան­կարծ նշմա­րե­ցի, որ կնոջս խիստ աչ­քե­րը վրաս կեդ­րո­նա­ցած էին:

Իր կար­ծի­քով, ես դարձ­եալ սխալ բան մը ըրած ըլ­լա­լու էի: Հոգս չէր, որով­հե­տեւ հո՛ս, ինք, մա­նա­ւանդ այս “երե­ւան­եան“ բազ­մու­թեան մէջ, պի­տի չկա­րե­նար վրաս պո­ռալ: Այս մէ­կուն վստահ էի: Ուս­տի զինք կան­խե­լով, ըսի.- Ի՞նչ է. կ՛ու­զես, որ այս տա­րի­քիս ե՞ս ալ թոռ­նե­րուս հետ օրօ­րոցմօ­րօ­րոց խա­ղամ: Այ­սօր քու կարգդ է“:

Այս բո­լո­րը ըսած էի մէկ շուն­չով, հայ­կա­կան պատ­կե­րաս­փիւռ­նե­րու ջար­դելփշրել սեր­ի­ալնե­րուն մէջ հան­դի­պած էրիկ մար­դկու­թիւն խաղ­ցող­նե­րուն նման:

Իրա­պէս, որ խեղճ կինս զար­մա­ցաւ ու այս­պէս ան­խօս ու զար­մանք մը գծե­լով դէմ­քին, պզտիկ­նե­րը առ­նե­լով դէ­պի սահ­նակ­նե­րու ուղ­ղու­թեամբ գնաց:

Չորս կողմս նա­յե­ցայ յաղ­թա­նակ մը տա­նո­ղի նայ­ուած­քով: Ոչ ոք զիս կը դի­տէր: Ամէն մարդ, բա­նով մը ինք­զինք կը զբաղց­նէր: Պար­տէ­զին քա­րէ եւ փայ­տէ բո­լոր սե­ղան­նե­րը, հայ տա­րեց­նե­րը իրենց թաւ­լը­նե­րով (նար­տի) գրա­ւած էին: Ան­դին` մայ­րիկ­ներ, տա­տիկ­ներ գե­տի­նը, կա­նաչ խո­տին վրայ կար­պետ­ներ փռած, ան­հոգ նստած կամ երկն­ցած բարձ­րա­ձայն կը զրու­ցէ­ին, շա­տեր ու­տե­լով կը զբա­ղէ­ին, իսկ ու­րիշ­ներ ալ սուր­ճի գա­ւա­թը ձեռ­քեր­նին կը շա­ղակ­րա­տէ­ին: Իսկ պար­տէ­զի աւա­զոտ բա­ժի­նին տե­ղա­ւոր­ուած քա­նի մը օրօ­րոց­նե­րու եւ սահ­նակ­նե­րու վրայ, մա­տի վրայ համ­րուող փոք­րերն ալ, մա­մա­նե­րու հսկո­ղու­թեամբ` կ՛օ­րօր­ուէ­ին, իրենց խան­դա­վառ եւ ու­րախ պոռչ­տուք­ներն ալ խառ­նե­լով պար­տէ­զի ժխո­րին: Քիչ ան­դին, գրե­թէ ամ­բողջ տա­րա­ծու­թեան, մեծ թիւով 7-15 տա­րիք ու­նե­ցող տղաք եւ աղ­ջիկ­ներ խո­տին վրայ կամ ան­կիւն մը եւ կամ ալ ծա­ռի մը շու­քին տակ նստած, իրա­րու հետ եւ նոյ­նիսկ իրար­մէ հե­ռու, ափեր­նուն մէջ մէ­կա­կան սել (բջի­ջա­յին) հե­ռա­ձայն­ներ եւ կամ ալ այ բատներ բռնած` մատ­նե­րով գրա­ւոր կը խօ­սակ­ցէ­ին, եր­բեմն անի­մաստ եւ ան­հասկ­նա­լի բա­ցա­գան­չու­թիւն­ներ ար­ձա­կե­լով: Մէկ խօս­քով, ամէն մարդ զբաղ­ուած էր եւ ու­րախ: Ճա­նըմ, ին­չո՞ւ տխուր պի­տի ըլ­լա­յին, ար­ձա­կուրդ օր էր: Արե­ւոտ ու ան­ժա­մա­նակ գար­նա­նա­յին: Ահա քե­զի Գա­լի­ֆորն­իոյ առա­ւե­լու­թիւնը, Ամե­րի­կա­յէն ու աշ­խար­հէն:

Բո­լո­րին նման ես ալ ու­րախ էի, որով­հե­տեւ կինս ար­դէն իմ բեռս ու­սէս վեր­ցու­ցած էր: Կուտ ու պիս­տակ ու­տե­լով, հի­մա առանց խան­գա­րու­մի պի­տի կա­րե­նա­յի չորս կողմս դի­տել:

Ահա քե­զի զբա­ղում:

– Է՜հ ման­կու­թիւն, դո՛ւն մար­դուն կեան­քին ամէ­նէն մա­քուր եւ ան­մեղ բա­ժինն ես. ինչ լաւ բան ես. դուն ես մար­դոց հիմ­նա­քա­րը, որուն վրայ կեան­քը իր սիւ­նե­րը պի­տի բարձ­րաց­նէ, կ՛ը­սէի մտո­վի, երբ կրկին ան­գամ աչ­քէ ան­ցու­ցած էի ամ­բողջ դաշ­տին տա­րած­քը: Միւս կող­մէ սա­կայն, նստած տեղս կը զգա­յի, որ նայ­ուածք­նե­րուս ցան­ցը թուլ­ցած էր: Մտա­ծում­ներս սկսած էին օրօր­ուե­լու գլխուս մէջ: Կար­ծես կապ­ուած ըլ­լա­յի հին յի­շա­տակ­նե­րուս եւ ինք­նա­բե­րա­բար նոր խորհր­դա­ծու­թիւն­նե­րու յանձն­ուած:

Գի­տէի, որ տա­րիքս իր խո­հե­րով եւ հո­գե­րով ծան­րա­ցած էր ու ամէն բա­նի սկսած էի նա­յե­լու իբ­րեւ հե­տաքր­քիր երե­ւոյթ: Ու այդ պա­հուն, այդ մի­նա­կու­թեանս մէջ կար­ծես անց­եա­լի բո­լոր երազ­ներս արթն­ցած էին: Քակ­ուած էր յու­շե­րուս գե­ղե­ցիկ շա­րա­նը: Յու­շեր, որոնք տաս­նամ­եակ­ներ առաջ կեանքս ջեր­մա­ցու­ցած էին, հի­մա սիրտս կը տրո­փէ­ին: Հաս­տա­տա­պէս նստած էի կեան­քիս ապր­ուած ու եր­ջա­նիկ պա­տառ­նե­րուն հետ ու հի­նին երա­նու­թիւնը կ՛ապ­րէի:
Այն օրե­րուն, եր­կար կամ կարճ ար­ձա­կուրդ­նե­րուն, մենք` դրա­ցի կամ թա­ղի տղոց կամ մեր ըն­կեր­նե­րուն հետ, մեր մեծ բա­կին կամ նեղ թա­ղին մէջ աղ­մու­կով գնդակ կը խա­ղա­ղա­յինք: Եթէ գնդակ չու­նե­նա­յինք, գնդիկ կը խա­ղա­յինք կամ հօլ եւ կամ ալ թա­ղին գե­տի­նի աղ­տոտ քա­րե­րուն վրայ նստե­լով` հինգ քար: Տա­կա­ւին կռիւկռիւ կը խա­ղա­յինք, աջ ձեռ­քեր­նիս երե­ւա­կա­յա­կան սու­րեր բռնած իրա­րու հետ սու­սե­րա­մարտ ընե­լով: Յե­տոյ, երբ տուն կը կանչ­ուէ­ինք, մե­զի կը թե­լադր­ուէր գիրք կար­դալ: Եր­բեմն ալ բա­կէն ներս, իբ­րեւ նստակ­եաց խաղ, մօրս` մե­զի հա­մար մեր գրա­գէտ­նե­րու անուն­նե­րով պատ­րաս­տած փոքր քար­թե­րով, որոնց վրայ հայ գրա­գէ­տին կամ բա­նաս­տեղ­ծին գոր­ծե­րուն անուն­նե­րը գրած էր, թղթիկ կը խա­ղա­յինք: Մենք պի­տի փոր­ձէ­ինք իրար­մէ թուղ­թեր քա­շե­լով նոյն գրա­գէ­տին գոր­ծե­րուն հա­ւա­քա­ծոն մէկս միւ­սէս առաջ կազ­մել: Այս խա­ղով ար­դէն գոց ըրած էինք Վա­րու­ժա­նի, Սի­ա­ման­թո­յի, Զոհ­րա­պի եւ միւս մե­ծե­րուն անուն­ներն ու գոր­ծե­րը:

Մէկ խօս­քով հայ աշա­կեր­տա­կան թղթա­խաղ:

Յան­կարծ զգա­ցի, որ նման օրե­րու ետե­ւէն մտո­վի վազքս ու­րա­խու­թե­նէն սիրտս լաց պի­տի բե­րէր:

Իսկ հի­մա: Այ­սօր, հո՛ս, դի­մացս ահա չոր ցա­մաք տե­սա­րան մը: Ո՞ւր մնաց ասոնց բնու­թեան եր­կին­քին տակ խա­ղա­լու սո­վո­րու­թիւնը: Ճիշդ է, որ մենք չու­նէ­ինք այ բետ, թի.վի.“ կամ նման շատ ու­րիշ խա­ղեր ու խա­ղա­լիք­ներ, բայց ըն­կեր­նե­րով մի­ա­սին ըլ­լա­լու, խա­ղա­լու, վա­զե­լու նոյ­նիսկ կռուե­լու հա­ճոյ­քը կ՛ապ­րէ­ինք գրե­թէ ամէն օր:

Իրա­պէս կեան­քը հի­մա տար­բեր է: Լեռ ու ձոր տար­բե­րու­թիւն: Ին­ծի հա­մար հի­մա, այս փոք­րե­րը թա­գը կորսն­ցու­ցած թա­գա­ւո­րի կը նմա­նէ­ին:

Ի՞նչ ու­նի այ­սօր­ուան փոք­րի­կը, հարց կու տա­յի ես ին­ծի: Իմ թոռ­նիկ­նե­րէս գի­տեմ: Այ­սօր­ուան երե­խա­յին կամ աշա­կեր­տին սեն­եակն ու նոյ­նիսկ միտ­քը խճող­ուած է զա­նա­զան տե­սա­կի ելեկտ­րո­նա­յին խա­ղա­լիք­նե­րով, պատ­կե­րաս­փիւ­ռի յայ­տա­գիր­նե­րով, ջար­դելփշրելնե­րու նկար­նե­րով ու տե­սա­կա­ւոր վայ­րագ-նո­րոյթ խա­ղե­րով:

Այ­սօր­ուան երե­խան տա­կա­ւին վատն ու լա­ւը չճանչ­ցած, բա­րին ու չա­րը չհասկ­ցած, ար­դէն ու­նի իր ու­զած ելեկտ­րո­նա­յին ան­հա­մար խա­ղե­րը: Կը կար­ծեմ, որ այս իսկ ըն­թաց­քով ոչ միայն անոր կեան­քը, այ­լեւ անոր միտքն ու հո­գին ալ խա­թար­ուած են: Նոյ­նիսկ` ճա­շա­կը փոխ­ուած: Իւ­րա­քան­չիւր 5-6 եւ աւե­լի տա­րիք ու­նե­ցող փոք­րիկ տղայ կամ աղ­ջիկ իր աշ­խար­հը քաշ­ուած, իր ըն­կե­րոջ հետ խա­ղա­լու, նոյ­նիսկ վի­ճե­լու կամ կռուե­լու անու­շու­թե­նէն ինք­զինք զրկած է ու գո­հա­ցած` այդ սելով կամ այ բե­տի տրա­մադ­րած նո­րու­թիւն­նե­րով: Ատով կ՛ապ­րի: Ատով կ՛արթն­նայ:

Արդ­եօք հան­դի­պած կամ տե­սա՞ծ էք իր բազ­մա­տե­սակ խա­ղե­րու մար­դաս­պան, ոճ­րա­գործ եւ այս մո­լո­րա­կը քան­դել ու­զող հե­րոս­նե­րուն:

Որո՞նք են այդ “հե­րոս­նե­րը“: Չեմ գի­տեր:

Այս նոր սե­րուն­դին պատ­կա­նող երե­խան ինք այդ վայ­րագ խա­ղե­րու հե­րոս­նե­րով կը ներշնչ­ուի, առանց հո­գե­կան բո­վան­դա­կու­թեան:

Ի՞նչ է իր մօտ կեան­քին ձե­ւը: Ինքն ալ տեղ­եակ չէ: Չի գի­տեր: Ոչ ալ կ՛ու­զէ գիտ­նալ: Հո­գը չէ: Իր խա­ղա­լի­քը զինք այդ­պէս դա­սա­ւո­րած է:

Առանձ­նա­նալ: Անձ­նա­սի­րու­թիւն: Ան­հա­ղորդ: Ին­ծի հա­մար տխուր մի­նա­կու­թիւն, որով­հե­տեւ ու­նայ­նու­թիւն­նե­րով միայն կ՛ար­բե­նայ: Մին­չեւ հի­մա չեմ կրցած մար­սել իրենց այս վի­ճա­կը:

Ան­շուշտ բա­ցա­ռու­թիւն­ներ կան, որոնք փոք­րա­մաս­նու­թիւն­ներ են միայն: Անն­շան:

Կ՛անդ­րա­դառ­նամ: Կը շտկուիմ: Սխալ բան մը կայ այս բո­լո­րին մէջ, կ՛ը­սեմ գրե­թէ ջղա­յին ու կը զգամ, որ ճա­կատս քրտինք ու­նի: Իս­կա­պէս, այս մէ­կը զիս տագ­նա­պե­ցու­ցած էր:

Սխալ բան եւ բա­ներ, որոնց գլխա­ւոր պատ­ճա­ռը մենք ենք կամ ծնող­քը: Մենք ենք, որ կու տանք, կը գնենք այս փոք­րե­րուն այս տե­սա­կի բո­լոր խա­ղա­լիք­նե­րը:

Ճիշդ է, որ նո­րե­րը իմ ապ­րած դարս չէ, զոր կ՛ապ­րէ­ին, կը շա­րու­նա­կէր տրա­մա­բա­նու­թիւնս իր վազ­քը: Ճիշդ է, որ իմ հին մե­թոտս, որուն շուն­չին տակ հա­սակ առած էի, բա­ւա­րա­րու­թիւն պի­տի չտար նոր սե­րուն­դին, բայց ես զիս չեմ կրնար հա­մո­զել:

Բո­լորս ալ քաջ գի­տենք, որ մեր կեան­քը մեր որոշ­ման հա­յե­լին է: Բո­լորս ալ կ՛ըմբռ­նենք այս մէ­կը, բայց չենք կրնար հաշտ­ուիլ: Չենք կրնար ներ­կայ այս իրա­կա­նու­թե­նէն հրա­ժա­րիլ, բայց չենք ալ ըն­դու­նիր մեր սխա­լը:

Մեղք է այս սե­րուն­դը, կ՛ը­սեմ մտո­վի: Այս փոք­րե­րը, իրենց այս խա­ղա­լիք­նե­րով առան­ձին կը մեծ­նան: Իրենք մտա­ծե­լու առիթ չու­նին, ամէն բան իրենց հրամց­ուած է: Միայն կո­ճա­կը պի­տի սեղ­մեն: Իրենց մատ­նե­րը պի­տի շար­ժեն: Ներ­կայ ար­դի թեք­նո­լո­ճին զի­րենք հե­ռա­ցու­ցած է իրենց մտքի զար­գա­ցու­մէն:

Յու­սա­խաբ ու տխրու­թեամբ կը մտա­ծեմ: Ին­ծի հա­մար ասոնց կեան­քը իս­կա­պէս կորսն­ցու­ցած է իր շքե­ղան­քը: Բայց… որո՞ւ հո­գը:

Յան­կարծ մե­րին­նե­րուն ձայ­նե­րը շատ մօ­տէն ական­ջիս կը հաս­նին: Կը զգաս­տա­նամ:

– Հի­մա քու կարգդ է, – կ՛ը­սէ կինս:

Կը զգամ, որ ֆի­զի­քա­պէս ար­դէն յոգ­նած է: Չեմ փոր­ձեր հա­կա­ճա­ռել: Ու ժպտե­լով` կա­մաց-կա­մաց քայ­լերս կ՛ուղ­ղեմ դէ­պի օրօ­րոց­նե­րը:

Հաս­տա­տա­պէս ես հին գա­րուն­նե­րովս շրջա­պատ­ուած էի: Մարդ ինչ­պէս կրնայ մոռ­նալ իր ապ­րած կեանքն ու անոր ժա­մե­րը:

Յայտ­նի էր, որ անոնք տա­կա­ւին չմա­րած անց­եա­լէս կու գա­յին, այն անց­եա­լէն, ուր տա­կա­ւին մար­դիկ կ՛ապ­րին:

Ու սահ­նակ­նե­րուն մօտ, թոռ­նե­րուս ու­րախ պոռչ­տու­քին մէջ, յուզ­ուած ու անց­եա­լովս խան­դա­վառ, դէ­պի ետեւ կը դառ­նամ ու իրենց “խա­ղա­լիք­նե­րով“ զբա­ղուող երե­խա­նե­րուն մտո­վի պո­ռա­լով` կ՛ը­սեմ.- Հէ՜յ, պզտիկ­ներ, տե­սէ՛ք, ես եր­բե՛ք չեմ նա­խան­ձիր ձե­զի ու ձեր խա­ղա­լիք­նե­րուն: Ես իմ ման­կու­թիւնս եր­բե՛ք չեմ փո­խեր ձե­րի­նին հետ: Դուք խեղճ էք: Ին­ծի հա­մար ձեր ման­կու­թիւնը ան­բաղ­ձա­լի եւ ան­նա­խան­ձե­լի է:

Ապա մօ­տե­նա­լով թոռ­նե­րուս, կա­րօ­տով յի­շե­լով կա­նաչ օրերս` բարձ­րա­ձայն կ՛ը­սեմ.- Հի­մա պա­պի­կին կարգն է:

Ու կը ցատ­կեմ օրօ­րո­ցին վրայ:

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles