
ՎԱՏԻԿԱՆ, ԱՆԳԱՐԱ.- Ուրբաթ, Յունիս 7 թուակիր նամակով մը, Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը պաշտօնական բողոք ներկայացուցած է Հայկական Ցեղասպանութիւնը հաստատող Փրանկիսկոս Պապի յայտարարութեան դէմ, միաժամանակ` իր յուսախաբութիւնը եւ դժգոհութիւնը յայտնելով:
Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց նախարարութիւնը նամակին մէջ կոչ կ՛ընէ Պապին, որ պատմական հարցերու միջամուխ չըլլայ:
Ըստ թրքական “Թուտէյզ Զաման“-ի, պապը Վատիկանի մէջ Հայաստանի դեսպանատան բացման արարողութեան ընթացքին յայտնած է, թէ կ՛ուզէ Երեւան այցելել եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կրօնական արարողութիւն մը կատարել: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը շաբաթ օր հաղորդագրութիւն մը հրապարակած է` հակազդելով Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Ներսէս Պետրոս ԺԹ. պատրիարքին հետ հանդիպումին ընթացքին Փրանկիսկոս Պապին “20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնը հայերու Ցեղասպանութիւնն է“ յայտարարութեան մասին: “Պապութեան կողմէ պահանջուածը իր զբաղեցուցած դիրքին պատասխանատուութենէն մեկնելով միջազգային խաղաղութեան նպաստելն է` պատմութենէն թշնամանքներ դուրս բերելու փոխարէն“, կը նշէ հաղորդագրութիւնը եւ անցեալի դէպքերուն մասին պապի “միակողմանի“ յայտարարութիւններուն մասին ցաւ կը յայտնէ:
Թուրք պաշտօնատար մը “Թուտէյզ Զաման“-ին յայտնած է, որ “պապութիւնը ցեղասպանութեան մասին հայկական պնդումներուն վերաբերեալ տեսակէտներ արտայայտելու լիազօրութիւնը չունի, այդ մէկը պէտք է մեկնաբանուի պատմաբաններու եւ փաստաբաններու կողմէ` քննարկելէ ետք պատմական փաստերը“: Ան նշած է, որ տակաւին չէ քննարկուած, եթէ Պոլսոյ մէջ Յոյն ուղղափառներու տիեզերական պատրիարքութիւն պապի նախատեսուած այցելութիւնը այս խօսքերէն ետք պիտի մերժուի:
Անգարայի մէջ Վատիկանի դեսպան Անթոնիօ Լուչիպելլօ ուրբաթ օր Արտաքին Գործոց նախարարութիւն կանչուեցաւ եւ թրքական կողմը իր դժգոհութիւնը փոխանցեց Պապին անցեալ շաբաթ կատարած “անընդունելի“ յայտարարութեան համար: Լոյս տեսած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ հանդիպումին ընթացքին “Վատիկանի կողմէ մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն վրայ անդառնալի կերպով ազդող քայլերէ զգուշանալու կարեւորութիւնը շեշտուեցաւ“:
Յունիս 3-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս-Պատրիարք Ներսէս-Պետրոս ԺԹ.ի Հռոմի Վատիկան այցելութեան ընթացքին, Պապ Փրանկիսկոս այցելու պատուիրակութենէն հայ կնոջ մը ըսած էր, թէ “Հայոց պատահածը` 20-րդ դարու առաջին Ցեղասպանութիւնն էր“:
Միւս կողմէ, Վատիկանի մօտ Հայաստանի առաջին դեսպան Միքայէլ Մինասեանը, որ Յունիս 7ին հաւատարմագիրները յանձնած է Պապին, հանդիպման ընթացքին փոխանցած է նաեւ նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ Հայաստան այցելելու հրաւէր: Հռոմի պապը խոստացած է քննել այս հրաւէրը իրագործելու կարելիութիւնները: