Ամերիկահայ

ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՆԻՒ ՃԸՐԶԻԻ ՍՈՒՐԲ ՎԱՐԴԱՆԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻ

ՆԻՒ ճըրզի․- Կիրակի, Դեկտեմբեր 19-ին, Ա․Մ․Ն․ Արեւելեան Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան ներկայ եղաւ Սուրբ Պատարագին եւ քարոզեց Ռիճֆիլտի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագին, եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Նարեկ» շաբաթօրեայ վարժարանի Ամանորի եւ Սուրբ Ծննդեան տօներու հանդէս-ճաշկերոյթ, աւելի քան հարիւր ծնողներու ներկայութեամբ։ Աշակերտները թատերական փոքրիկ ելոյթէ, արտասանութիւններէ ու երգերէ ետք դիմաւորեցին Կաղանդ Պապան, որ շալակին ծանր տոպրակով իր կարելին ըրած էր Մասիս սարէն հասնելով  աշակերտները ողջունելու եւ անոնց պարգեւներ բաշխելու, որոնք տրամադրուած էին ի յիշատակ դպրոցին նախկին տնօրէնուհի՝ տիկ. Քնար Աբգարեանին, իր ազնուասիրտ դստեր՝ Թալին Աբգարեան-Քոչայեանի կողմէ։

Already a subscriber? Log in here

This story is FREE for you...

Create a free account to access this article and get more of our top stories sent to you by newsletter.

Or, subscribe now for unlimited access
By submitting your email address you agree for Hairenik Weekly to send you communication by email

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button