
Read Time:18 Second
ՊԷՅՐՈՒԹ.- Դեկտեմբեր 21-ին, Լիբանանի նախագահ Միշել Աուն ընդունեց ն Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը եւ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունին: Խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին շրջանի եւ Լիբանանի վերջին իրադարձութիւններն ու Հ.Յ.Դ.-ի դերը յաչս միջազգային շրջանակներու եւ հարթակներուն` ի նպաստ Լիբանանի զօրակցութեան, յատկապէս Լիբանանի պատմութեան ներկայի զգայուն փուլին: Նաեւ խորհրդակցութիւնները անդրադարձան Արցախի ներկայ կացութեան: