

Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի յարանուանութիւններու հետ նախաձեռնած հանդիպումներու ծիրէն ներս, Չորեքշաբթի, Փետրուար 3, 2010-ին, Կեդրոնական Կոմիտէէն ներկայացուցչութիւն մը, հանդիպեցաւ Հիւսիսային Ամերիկայի (Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան շրջաններ եւ Գանատա) Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Առաջնորդ Մանուէլ Եպիսկոպոս Պաթագեանի հետ, Պրուքլինի (Նիւ Եորք) Առաջնորդարանէն ներս:
Այս հանդիպումը առիթ մը եղաւ որ արծարածուին եւ քննուին գաղութը յուզող հարցեր, յատկապէս վերջին ամիսներուն մելան հոսեցնող Հայաստան – Թուրքիա ճանապարհային քարտէսն ու անոր յաջորդած արձանագրութիւնները: Առաջնորդը կարեւորեց համագործակցութեան եւ իրարհասկացողութեան անհրաժեշտութիւնը:
Նշենք թէ Հ.Յ.Դ. Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանը կը ներկայացնէին Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ընկ. Հրայր Պարոնեան (Նիւ Ճըրզի) եւ Մարի Քէշիշեան (Նիւ Ճըրզի): Անգամ մը եւս շեշտուեցաւ թէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար, Հիլըրի Քլինթընին հրաւէրը չէր ներկայացնէր ամերիկահայութեան մեծամասնութիւնը:
Աւելի քան կէս ժամ տեւողութիւն ունեցող այս հանդիպումը, անցաւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ:
Նշենք թէ, քանի մը օր առաջ, Հ.Յ.Դ. Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Կեդրոնական Կոմիտէի յարանուանութիւններու հետ նախաձեռնած հանդիպումներու ծիրէն ներս, նաեւ կատարուած էր տեսակցութիւն մը Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչ՝ պատուելի Աւետիս Պոյնէրեանի հետ: