ԱՅՑԵԼՈՒԹԵԱՆ …ԵՒ ՆԱՄԱԿԻ ՄԸ ԱՌԹԻՒ

0 0
Read Time:1 Minute, 53 Second

p1 khmpakragan

 

ՀԱՅՐԵՆԻՔ

Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտի պաշտօնական երկօրեայ այցելութեան առթիւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին կատարած յայտարարութիւնն ու քիւրտ բանտարկուած ղեկավար Ապտուլահ Օճալանի նամակը` յղուած հայութեան կը նկատուին վերջին տասնեակ մը օրերու հետաքրքրական իրադարձութիւնները….անշուշտ քաղաքական բնագաւառէն հեռու, Հայաստան – Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած “պայթուցիկ“ կացութեան կողքին:

Տեղին է բաղդատել նախագահ եւ բանտարկեալ ղեկավարներու կատարած յայտարարութիւնները, առաջինը` բանաւոր, իսկ երկրորդը` գրաւոր:

Ֆրանսայի նախագահն ու միեւնոյն ժամանակ մետիան, իրենց լրագրական տեղեկագրութեամբ եւ հաղորդագրութիւններով յաւելեալ անորոշութիւն եւ ապատեղեկատուական կացութիւն մը ստեղծեցին: Այսպէս, նախագահ Հոլանտ առանց Ցեղասպանութիւն բառը գործածելու, դարձ-դարձիկ արտայայտութիւնով մը, յայտնած էր թէ նման իրադարձութիւնները յիշելը միշտ ցաւալի է, սակայն անհրաժեշտ: Ան յայտնած է թէ Ֆրանսա պէտք է խօսի օրէնքի լեզուով եւ չքաղաքականացնէ ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրէնքին վերաբերող խնդիրները, աւելցնելով թէ շատ ցաւալի է վերանայիլ անցեալ պատմութեան, սակայն ամէն պարագայի, պէտք է ատիկա կատարել եւ հասնիլ հաշտեցման: Եւ այս ուղղութեամբ, ըստ Հոլանտի, պէտք է աշխատանք տարուի մինչեւ յառաջիկայ տարեշրջանի հարիւրամեակի ոգեկոչումները:

Հոլանտի այս “վերացական“ յայտարարութիւններուն հետ բաղդատած, էականօրէն տարբեր էր Ա.Ֆ.Փ.-ի լրատուական գրասենեակի սփռած լուրը, թէ նախագահ Հոլանտ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման կոչ ուղղած է: Բնականաբար, նմանօրինակ կացութիւն կամ դէպքերու ներկայացում, կրնայ իր թէ՛ դրական եւ թէ՛ ժխտական դերը ունենալ, սակայն ի վերջոյ կը ստեղծէ անորոշ եւ պղտոր կացութիւն, որ կրնայ աշխարհի լրատուամիջոցներուն առիթ ընծայել, իրենց ոճով վերլուծումներ եւ յայտարարութիւններ կատարելու եւ յաւելեալ անորոշութիւն սփռելու:

Հոլանտի եւ իր ֆրանսական լրատուամիջոցներուն ստեղծած քարոզչական մետիային դիմաց, ի՞նչպէս բացատրել քիւրտ ղեկավար Օճալանի նամակը` յղուած Իմրալը բանտի իր խուցէն, Հրանդ Տինքի մահուան 7-րդ տարելիցին առթիւ:

Հոս ալ յստակօրէն կարելի է նկատել թէ, քիւրտ ղեկավարը կոչ կ՛ուղղէ անցեալի կնճռոտ խնդիրները ոչ թէ մոռացութեան մատնելու, այլ լուծելու: Յաւելեալ յորդորանք կատարելով, ան նաեւ կը խրատէ որ հայ ժողովուրդը, առանց ցեղապաշտ-

ազգային թակարդներու մէջ իյնալու շարունակէ իր պայքարը` հեռու մնալով միջազգային դրամատիրական ուժերու եսակեդրոն աշխատանքներէն:

Օճալան կը տեղեկացնէ թէ դժուար պայմաններու տակ շարունակ կ՛աշխատի որոնել խաղաղութեան պայմանները: Ան նաեւ յստակօրէն կ՛անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութեան, շեշտելով թէ ի դէմ այս ահաւոր դէպքին, հայ ժողովուրդին իր ողբերգութեան հետ միասին գոյութիւնը մինչեւ օրս պահելն ալ հրաշք մըն է: Սակայն ոչ մէկ խօսք հատուցման մասին: Օճալան բաւականացած է զգացական նախադասութիւններ շարադրելով, յուզիչ ու տպաւորիչ նամակ մը գրել եւ վերջ:

Հասկնալի են Թուրքիոյ բանտէն յղուած նամակագրին եւ նամակին կաշկանդ արտայայտութիւնները, սակայն միւս կողմէ անբացատրելի կը մնան “Ազատութեան, Հաւասարութեան եւ Եղբայրութեան“ երկրի նախագահին կատարած ծանծաղ յայտարարութիւնները:

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles