Արուեստ Եւ Մշակոյթ

ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ “ՊՈՍԹԸՆ ՓՈՓՍ“Ի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱԳՐԻՆ ԵԼՈՅԹ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՆԱՐԵԿ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

 Յատուկ հաղորագրութեամբ մը, կը տեղեկանանք թէ, այս տարի, յաջորդաբար 61-րդ անգամ ըլլալով պիտի նշուիՊոսթըն Փոփսի հայկական յատուկ երեկոն, հանրածանօթՍիմֆընի Հօլսրահին մէջ:

Այս տարուան հայրենի արուեստագէտն է` Նարեկ Յարութիւնեան (աւագասրինգքլարինէթ), որ պիտի ներկայացնէ Վիթորիօ Մոնթիի հռչակաւորՉարտասգործը, ԿոմիտասիԿռունկն ու ճէզ հանրածանօթ աւագասրնգահար Արթի ՇոյիՀամանուագը:

19 գարուններ բոլորած Նարեկ Յարութիւնեան  երկու տարի առաջ շահած էր միջազգային կարեւոր մրցանակներէն մէկը` the 2010 Young Concert Artists International Auditions, Նիւ Եորքի մէջ: Ան նաեւ ելոյթներ ունեցած է Ուաշինկթընի եւ Պաֆըլոյի մէջ:

Ծնած Գիւմրի եւ հազիւ երեք տարեկանին փոխադրուած Մոսկուա, ան աշակերտած է ծանօթ Եւկենի Փեթրովին: Այժմ, ան կը բնակի Նիւ Եորքի մէջ, եւ կ՛ուսանի   Juilliard Schoolի մէջ, ուսուցիչ ունենալով Չարլզ Նայտիշը:

Ան ելոյթ ունեցած է Ֆրանսայի Լուվր թանգարանի սրահին մէջ, նաեւ Ճենովայի Փալազօ Տէլ Փրինչիփէ սրահէն ներս: Նաեւ, ան ելոյթ ունեցած է Փրակայի Radio Symphony Orchestraի, ՄոսկուայիVirtuosi Chamber Orchestraի եւ Քալինկրատի նուագախումբերուն հետ: Իսկ իր աւագասրինգը ձօն մըն է կատարուած ջութակահար եւ մաէսթրօ Վլատիմիր Սփիքարովի կողմէ:

Նշենք թէ, “Պոսթըն Փոփսի ղեկավարն է մաէսթրօ Քիթ Լոքըրթ:

Advertisement Subscribe Today

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար.- www.FACSBoston.org.

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Back to top button