
«Միւզիքըլ Արմինիա»-ի 37-րդ տարեկան համերգը տեղի պիտի ունենայ այս կիրակի, Մարտ 6-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նիւ Եորքի աշխարհահռչակ «Քարնըկի» կեդրոնի «Ուէյլ» սրահին մէջ։ Երեք երիտասարդ արուեստագիտուհիները՝ երգահան եւ դաշնակահարուհի Տաթեւ Ամիրեան, սոփրանօ Աննա Հայրապետեան, որ պիտի մեկնաբանէ Տաթեւ Ամիրեանի գործերը, եւ թաւջութակահարուհի Լաուրա Նաւասարդեան, այլազան ու հետաքրքրական ծրագիր մը պիտի ներկայացնեն, շարունակելով երկար տասնամեակներու աւանդութիւնը։
«Միւզիքըլ Արմինիա», որ 1982-ին հաստատուած էր օրուան առաջնորդ՝ լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեանի եւ Ազգային Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան ջանքերով, նուիրուած է երիտասարդ հայ արուեստագէտներ ծանօթացնելու եւ հայ երգահաններու գործերու տարածման սատարելու։ Անցնող տարիներուն, ելոյթ ունեցողներէն շատերը իրենց ասպարէզին մէջ յայտնի ու հաստատուն անուն ունեցող երաժիշտներ դարձած են։
Ինչպէս անցեալին, «Միւզիքըլ Արմինիա»-ի հովանաւորներն ու աջակիցները կարեւոր նպաստ մը կրնան բերել՝ այս արուեստագէտներու զարգացման գործին։ Հովանաւորութեան չորս տարբեր դասակարգեր հաստատուած են՝ ադամանդ (1000 տոլարի նուիրուատուութիւն), լսնոսկի (platinum, 500 տոլար), ոսկի (300 տոլար) եւ արծաթ (200 տոլար)։ Առաջին երեք դասակարգերուն հովանաւորները երկու անվճար տոմսակ պիտի ստանան։
Համերգի տոմսակներուն գինը 25 տոլար է։ Յաւելեալ տեղեկութիւններու կամ տոմսակներ գնելու համար՝ կապուիլ Ազգային Առաջնորդարանին հետ 212-689-7810 թիւին կամ գրել sophie@armenianprelacy.org հասցէին։
Նշենք, թէ «Քարնըկի» սրահը լրիւ պատուաստումի եւ ինքնութեան փաստաթուղթեր պիտի պահանջէ մուտքի պահուն։