
“Փոփոխութիւններն սկսուելու են Երեւանից եւ տարածուելու ամբողջ Հայաստանում: Այս սկզբունքով է առաջնորդւում Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը, եւ դա է պատճառը, որ մեր կարգախօսն է` “Երեւան` փոխի՛ր Հայաստանը“, կը յայտնէ Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար եւ Գերագոյն Մարմնի փոխ ներկայացուցիչ Աղուան Վարդանեան:
Այսպէս, այս Կիրակի, Մայիս 5-ին պիտի կատարուին Երեւանի Քաղաքապետութեան ընտրութիւնները: Այս գծով, արդէն իսկ Մարտ 21-ին, աւարտած էր, կուսակցութիւններու կողմէ Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբին ցուցակներ ներկայացնելու ժամկէտը, եւ ցուցակներ ներկայացուցած էին եօթ քաղաքական ուժեր` Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութիւնը, Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը, Հայ Ազգային Քոնկրէսը, Ժառանգութիւն, Առաքելութիւն եւ Հ.Յ.Դաշնակցութիւն կուսակցութիւնները:
Այս գծով, Հ.Յ.Դ., շաբաթներէ ի վեր սկսած էր նախընտրական աշխատանքներուն:
Վերջերս կատարուեցան Նախընտրական քայլարշաւներ` Երեւանի զանազան շրջաններէ ներս: Այսպէս, Աւան վարչական շրջանին մէջ կատարուեցաւ քայլարշաւ մը, որ աւարտեցաւ ժողովրդային հանդիպումով: Քայլարշաւի մասնակիցներուն հետ էին Հայաստանի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ, Երեւանի աւագանիի Հ.Յ.Դ. նախընտրական ցուցակին երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Արսէն Համբարձումեան եւ Հ.Յ.Դ. աւագանիի ցուցակի Աւան վարչական շրջանը ներկայացնող ներկայացուցիչներ:
Քայլարշաւի ընթացքին խումբին միացաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան քարտուղար, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի փոխներկայացուցիչ, Երեւանի աւագանիի Հ.Յ.Դ. նախընտրական ցուցակին երկրորդ դիրքին վրայ գտնուող Աղուան Վարդանեան: Այս հանդիպման ընթացքին, մասնակիցներուն ներկայացուցին Երեւանի ապագային հետ կապուած Հ.Յ.Դ.-ի ծրագիրները, կոչ ուղղուեցաւ անվարան ուղղուելու ընտրատեղամասեր եւ քուէարկելու ի նպաստ ընդդիմութեան ու Հ.Յ. Դաշնակցութեան, որ յաջողութեան պարագային Երեւանի քաղաքապետարանին մէջ պիտի համախմբէ բոլոր ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը: Այնուհետեւ խօսք առաւ նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովի նախորդ գումարման Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւոր, Աւան համայնքի բնակիչ Արտաշէս Շահպազեան, որ անդրադարձաւ կուսակցութեան մը մենիշխանութեան պատճառով յառաջացող մերժելի երեւոյթներուն եւ կեանքի տարբեր մարզերուն մէջ համատարած հանրապետականացման տխուր իրողութեան: “Մայիս 5-ին բոլորս միասին պիտի երթանք ընտրատեղամասեր եւ մեր “ո՛չ“-ը պիտի ըսենք այս երեւոյթներուն` մեր ձայնը տալով Դաշնակցութեան“, իր խօսքը աւարտեց Շահպազեան:
Նոյն ծիրին մէջ, Հ.Յ.Դ. համամասնական ցուցակի ներկայացուցիչները, Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւորներն ու խումբի անդամները, նախապէս քայլարշաւ կատարած էին “Կոմիտաս“ փողոցին վրայ:

Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան նշեց, որ ընտրութիւններու նախընտրական քարոզարշաւի այս հանգրուանին ընթացքին Հ.Յ.Դ. քարոզչական խումբը նպատակայարմար գտած է այս ձեւով քարոզչութիւն իրականացնել:
Ան լրագրողներուն յայտնեց, որ Հ.Յ.Դ.-ի պարագային ցայսօր քարոզարշաւը անցած է բնականոն եւ իրենք դժգոհելու առիթ չունին: Իսկ ինչ կը վերաբերի ընտրութիւններուն Դաշնակցութեան ակնկալած առիթներուն, Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի փոխ ներկայացուցիչը ըսաւ, որ դատելով բակային հանդիպումներէն, տուն առ տուն իրականացուող քարոզարշաւէն, Դաշնակցութիւնը բաւական լաւ պատկեր ստացած է, որ շահեկանօրէն կը տարբերի այն վիճակէն, ինչ որ ունեցած են նախորդ տարի տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին:
“Մեր գլխաւոր նպատակն է մեր ծրագիրները տալ ընտրողներուն, որպէսզի մեր քաղաքացիները լիարժէք պատկերացում ունենան մեր ծրագիրներէն` ընտրութիւններէն առաջ: Կը ներկայացնենք ծրագրային տարբերութիւնները միւս ուժերէն եւ դէպի միասնութիւն ձգտող մեր կամքը“, նշեց քայլարշաւի մասնակից, Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան:
Քայլարշաւը, որ սկսած էր “Կոմիտաս“ պողոտային վրայ գտնուող “Երեւան Սիթի“ խանութին քովէն, հասաւ մինչեւ Երեւանի “Բարեկամութիւն“ կայարանին քով, ուր Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչները փոքրիկ հանրահաւաք-հանդիպում ունեցան քաղաքացիներուն հետ: Հ.Յ.Դ. քարոզչական խումբերը քայլարշաւի ընթացքին անցորդներուն` քաղաքի բնակիչներուն շարունակ բաժնեցին Հ.Յ.Դ. նախընտրական ծրագիրները եւ գրքոյկներ ու կը խնդրէին Դաշնակցութեան ձայն տալ յառաջիկայ ընտրութիւններուն:
Միւս կողմէ, Դաւթաշէն վարչական շրջանին մէջ Երեւանի աւագանիի յառաջիկայ ընտրութիւններու քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ բնակիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհան
նիսեան յայտարարեց, որ այսօր Երեւանի մէջ առկայ վիճակը ուղղակի ողբերգական է: Ան նշեց, որ Դաւթաշէնի բնակիչներուն հետ հանդիպումներէն եկած են այն եզրակացութեան, որ այս վարչական շրջանի գլխաւոր խնդիրը փոխադրամիջոցներն են: “Կը թուի, որ կամուրջը կառուցուեցաւ եւ Դաւթաշէնը շատ մօտ դարձաւ կեդրոնին: Սակայն այդ մօտ ճամբան տակաւին պէտք է անցնիլ“, ըսաւ ան, որ հետաքրքրական բաղդատութիւն մը կատարեց Երեւանի եւ Փարիզի ջրամատակարարումներուն միջեւ` նշելով, որ իր չափերով Երեւան գրեթէ հաւասար է Փարիզին, սակայն բնակչութեամբ քանի մը անգամ կը զիջի Ֆրանսայի մայրաքաղաքին: “Օրական Փարիզ կը մտնէ նոյնքան ջուր, որքան Երեւան, սակայն Փարիզի ջրամատակարարման տեսանկիւնէն ամէն ինչ կարգին է, 20-րդ յարկը ջուր կը հասնի, իսկ Երեւանի մէջ` ոչ: Եթէ դուք կը կարծէք, որ անոր հիմնական մեղաւորը ջրամատակարարումով զբաղող կառոյցներն են, ապա կը սխալիք: Գլխաւոր խնդիրը վատ տնտեսավարումն է“, եզրակացուց Յովհաննիսեան, ըստ որուն Երեւանի մէջ աւագանիի կառոյցը մինչեւ այսօր ինքզինք որեւէ դրական ձեւով չէ դրսեւորած:
Ան յայտնեց, որ ճիշդ չէ այն կարծիքը, թէ Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը անպայման կ՛ուզէ դաշնակցական քաղաքապետ ունենալ: Ըստ անոր, ամէնէն կարեւորը այն է, որ Մայիս 5-ին ընդդիմութիւնը յաղթէ ընտրութիւններուն եւ միաւորուելով կարենայ ընտրել ընդդիմադիր քաղաքապետ: Ան աւելցուց, որ ներկայիս գլխաւոր խնդիրը այն է, որ ընդդիմադիր բոլոր ուժերը կարենան յաղթահարել Երեւանի աւագանի մուտք գործելու համար անհրաժեշտ շեմը, բոլորով միասին աւելի շատ ձայներ ունենալ, քան իշխանութիւնը: Յովհաննիսեան նաեւ յայտնեց, որ Երեւանի մէջ ընդդիմութիւնը իշխանութեան գալով հաշուետու պիտի ըլլայ ժողովուրդին առջեւ եւ իրականացնէ բնականոն եւ Երեւանի զարգացման միտուած գործունէութիւն` բաղդատմամբ ներկայ իշխանութիւններուն:
Ան նաեւ շեշտեց, որ Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը տարիներ շարունակ պայքարած է, որպէսզի Երեւանի իշխանութիւնները կազմաւորուին ընտրութիւններու միջոցով: 2005 թուականին սահմանադրական բարեփոխումներուն իբրեւ արդիւնք թէեւ ատիկա իրականութիւն դարձաւ, սակայն, ըստ Յովհաննիսեանի, անկէ վիճակը էականօրէն չփոխուեցաւ, իսկ պատճառն ալ այն էր, որ Երեւանի աւագանին կը կազմաւորուի նոյն ձեւով, ինչպէս միւս ներկայացուցչական մարմինները: Ըստ Վահան Յովհաննիսեանի, Երեւանի մէջ դրական փոփոխութիւններու գլխաւոր գրաւականը ընդդիմադիր քաղաքապետի առկայութիւնն է:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան, վերջերս “Երկիր Մետիա“ պատկերասփիւռի կայանի “Երկրի հարցը“ հաղորդումի շրջագիծին մէջ նշեց, որ Երեւանի աւագանին իր լիազօրութիւնները չէ կատարած եւ անոր իբրեւ հետեւանք Երեւանի պիւտճէն զգալի վնասներ կրած է: “Հողերու աճուրդները կատարուած են փակ ընթացակարգով: Փակ աճուրդներով հողերը վաճառուած են“, յայտնեց ան: Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչը նշեց, որ ըստ վիճակագրական տուեալներու` Երեւանի կենցաղային աղբը ամէն տարի կը կազմէ 200 հազար թոն եւ այս աղբի տեղադրման վճարները զերօ են: “Շատ հետաքրքրական մեքանիզմ աշխատած է: Երեւանի աղբավայրի մասին երկար քննարկումներէն ետք եկան ճափոնական ներդրողներ, այլ մարդիկ, բայց հարցը չլուծուեցաւ, քանի որ ոմանց ձեռնտու է այս վիճակը: Մենք հաշուարկած ենք եւ բազմաթիւ ձեւերով կարելի է բազմակի աւելցնել Երեւանի պիւտճէն“, ընդգծեց Համբարձումեան, որ յայտնեց, թէ միջոցները անարդիւնաւէտ ձեւով կը ծախսուին թէ՛ շինարարութեան ու նորոգման, թէ՛ կանաչապատման ծրագիրներով: Համբարձումեան նշեց, որ այս ծառատեսակները կը չորնան եւ անոնք Երեւանի բնակլիմայական պայմաններուն համար լաւ չեն: Ան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը արդէն կը պատրաստուի ներդնել պիւտճէի կառավարման թափանցիկ, վերահսկող համակարգ:

“Կ՛ուզեմ փաստարկել, թէ ինչո՛ւ ընդդիմադիր քաղաքապետը աւելի լաւ պիտի աշխատի. ընդդիմադիր քաղաքապետը հարկադրուած է լաւ աշխատիլ, քանի որ նախ ան պիտի ըլլայ իշխանութեան խոշորացոյցին տակ: Երկրորդ` այն ուժերը, որոնք անոր սատարած են, եւս պիտի հսկեն, որ ան լաւ աշխատի: Եւ նաեւ` ինքը շահագրգռուած պիտի ըլլայ լաւ աշխատիլ, քանի որ քննադատելը տարբեր բան է, իսկ այլ բան է սեփական օրինակով ցոյց տալը, որ կարելի է աւելի լաւ կառավարել, աւելի լաւ կատարել այդ գործը“, յայտնեց Համբարձումեան եւ աւելցուց թէ, Հ.Յ. Դաշնակցութիւնը պիտի ստեղծէ քաղաքապետարանի ոստիկանութիւն, պիտի ձեւաւորէ ընկերային բնակարանային ֆոնտը: Դաշնակցութիւնը նաեւ պիտի անձնագրաւորէ ամբողջ ֆոնտը, քանի որ ատիկա անհրաժեշտ է հասկնալու համար, թէ ի՛նչ միջոցներ ունի իր ձեռքը: “Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը նաեւ մտադիր է ստեղծել տարեցներու յատուկ ընկերային կեդրոններ` անոնց ժամանցը, առողջապահական խնդիրները կազմակերպելու համար“, նշեց ան: Համբարձումեան աւելցուց, որ կան քանի մը մտադրութիւններ եւս, որոնց համար եւս հաշուարկուած են անհրաժեշտ միջոցները եւ անոնց ձեռքբերման կարելիութիւնները:
Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան Քանաքեռ-Զէյթուն համայնքի բնակիչներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց, որ Դաշնակցութիւնը նոր չէ, որ քաղաքական բեմահարթակին վրայ կը խօսի իր ծրագիրին մասին, կը խօսի երկրին մէջ ստեղծուած վիճակին մասին: Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը ընդդիմադիր կուսակցութիւն է եւ իր ընդդիմադիր տեսակէտներն ու դիրքորոշումները շատ յստակ ձեւով արտայայտած է: Ան ընդգծեց, որ հիմնական հարցը այն է, որ Հ.Յ.Դ.-ն կարենայ Երեւանի քաղաքային իշխանութիւնը փոխել եւ եթէ այդ փոփոխութիւնները մինակ չյաջողի կատարել, բնականաբար պիտի փորձէ գտնել իրեն պէս մտածող քաղաքական ուժեր, որոնց հետ կարելի է այդ միտքը կեանքի կոչել: Ան ընդգծեց յետընտրական համագործակցութեան կարեւորութիւնը:
Ան բացատրեց, թէ ինչո՛ւ Հ.Յ.Դ.-ն Երեւանի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն այդքան լուրջ քաղաքական կազմով, մեծ քաղաքական նշանակութիւն տալով եւ այդ նշանակութիւնը ընդունելով մտած է քաղաքական պայքարին մէջ: Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ իր բարձրացուցած հարցերը եւ առաջարկած ծրագիրները իրականացնելու համար պէտք է ամէն առիթ օգտագործել:Նաեւ Ռուստամեան նշեց, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները գիւղապետի մը կամ քաղաքապետի մը ընտրութիւնները չեն Դաշնակցութեան համար, այլ կարեւոր են անով, որ մայրաքաղաքը իրապէս կրնայ փոխել Հայաստանի վիճակը: Ռուստամեան անդրադարձաւ փոփոխութիւններուն եւ անոնց Երեւանէն սկսելու անհրաժեշտութեան:
Ռուստամեան անդրադառնալով քաղաքացիներէն մէկուն այն հարցումին, որ Դաշնակցութիւնը աւագանիի կազմին մէջ ի՞նչ կը պատրաստուի ընել կրթական համակարգին վերաբերեալ, երբ այդ համակարգը համատարած կուսակցականացուած է, Ռուստամեան յայտնեց, որ ատիկա անթոյլատրելի է, քանի որ նախ եւ առաջ աշակերտները իրենց ուսուցիչներուն դէմքով Հանրապետական կուսակցութիւնը կը տեսնեն եւ չի կրնար այնպէս ըլլալ, որ բոլորը նոյն գաղափարական, մտածելակերպի եւ աշխարհընկալման պատկերացումները ունենան:
Հ.Յ.Դ. ներկայացուցիչները Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ հանդիպում ունեցան նաեւ մայրաքաղաքի Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանի ընտրողներուն հետ: Հանդիպման կը մասնակցէին Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան, աւագանիի անդամի թեկնածուներ Արթուր Եղիազարեան եւ Սպարտակ Ասոյեան:
Ռուստամեան ընդգծեց, որ Երեւանի աւագանիի յառաջիկայ ընտրութիւնները հերթական առիթ են ընտրութիւնները դարձնելու իշխանութիւններուն նկատմամբ անվստահութեան հանրաքուէ: Ըստ անոր, եթէ քաղաքապետը ընդդիմութեան անդամ ըլլայ, կարելի չ՛ըլլար զայն փոխել Տոմինկոյի համերգի միջադէպին պատճառով, քանի որ ան իշխանութեան խաղերը չի խաղար:
Ան աւելցուց, որ եթէ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները համընդհանուր դժգոհութեան հետ կապուին, անոնց քաղաքական բնոյթ կը տրուի. ժողովուրդը “այո“ կ՛ըսէ այն քաղաքական ուժին, որ ի վիճակի կ՛ըլլայ պայքարիլ իշխանութեան հետ, որուն ան ըսած է “ոչ“:
Ռուստամեան շեշտեց, որ Երեւանի աւագանիի նախընտրական արշաւի վերջին շաբթուան ընթացքին Հ.Յ.Դ.-ն պիտի զբաղի միւս ընդդիմադիր ուժերու միասնութեան կոչ ուղղելով: Ըստ անոր, նախագահական ընտրութիւններուն բաղդատմամբ, այս ընտրութիւններուն ժամանակ պիտի ըլլան 464 ընտրական տեղամասեր, քանի մը անգամ աւելի քիչ, ինչ որ կը դիւրացնէ ձայներու պահպանման եւ կեղծիքները կանխելու հոլովոյթը: