
Օգոստոս 16-ին, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Բիւրոյի անդամ, Գերմանիոյ մէջ Հ.Հ. դեսպան Վահան Յովհաննիսեան կը դառնար 62 տարեկան:
Ընտանիքի անդամները, թոռնիկները, զինակից եւ կուսակից ընկերները այցելեցին Վահան Յովհաննիսեանի շիրիմը` ծաղիկներ խոնարհելու, աղօթելու եւ խնկարկելու անոր յիշատակը:
«Այսօր, իսկապէս, Վահան Յովհաննիսեանի կարիքը կայ, եւ ատիկա զգալի է նաեւ բարոյական առումով: Այս դաշտը, որ ունինք այսօր, շատ կը շեղի իր բարոյական չափանիշներէն, եւ Վահան Յովհաննիսեանի պէս մարդ մը այսօր շատ պէտք էր մեր կողքին։ Այսօր մեր շրջապատին մէջ յաճախ կը լսենք այն արտայայտութիւնները, թէ «ափսոս` Վահանը հիմա չկայ», «Վահանը հիմա ըսելիք պիտի ունենար»: Իսկապէս, մեր քաղաքական կեանքին մէջ ինք ունէր իր տեղը, փնտռուած էր եւ սպասուած: Մարդիկ կը սպասէին իր խօսքին, շատ կարեւոր էր իր տեսակէտը։ Վահանը մեզի համար տարիներու ընկեր էր, որ կենսագրութիւն ստեղծեց, որ կերտեց ամէնէն դժուար ժամանակներու ընթացքին: Ան ամէնէն պատասխանատու գործերուն մէջ ըլլալով, ամէնէն պատասխանատու գործերը ստանձնելով` նաեւ կրցաւ ճանչցուած եւ սիրելի դառնալ մեր ժողովուրդին համար, որովհետեւ իր մէջ իսկապէս տեսան մարդը, որ ոչ թէ խօսքով հայրենասէր էր, ոչ թէ խօսքով եւ պաշտօնով քաղաքական գործիչ էր, այլ` իր անցած ուղիով, որ կը սկսէր Արցախով եւ կ՛անցնէր դժուար ժամանակներով», ըսաւ Վահան Յովհաննիսեանի կուսակից ընկեր Արտաշէս Շահպազեան:
Անդրադառնալով Վահան Յովհաննիսեանի մտաւորական կերպարին` Շահպազեան ընդգծեց, որ ան, իբրեւ քաղաքական գործիչ, ունէր մտաւորականի «խորքը»` երեւոյթներուն նայելու, ըլլալու շրջահայեաց, չշտապելու ու ըսուած խօսքը կշռելու եւ ծանր խօսք ըսելու:
Ան նաեւ անդրադարձաւ Վահան Յովհաննիսեանի գրականութեան: «Վահանը շատ կարեւոր ըսելիքով ուղերձ ունեցող գիրք գրեց: Ատիկա ոչ միայն մեր, այլեւ` հայ ժողովուրդի դերի եւ պատմական արժէքի մասին է, անցեալի եւ ապագայի», նշեց Շահբազեան` խօսքը եզրափակելով. «Այնպէս որ, Վահանը բազմազան էր եւ բազմաշնորհ»:
1973-ին Երեւանի թիւ 55 դպրոցը աւարտելէ ետք, Բրիւսովի հիմնարկին մէջ իր ուսումը կիսատ ձգելով, Վահան Յովհաննիսեանը մեկնեցաւ Մոսկուա եւ 1978-ին այնտեղ աւարտեց Մոսկուայի պետական մանկավարժական համալսարանը:
Վահան Յովհաննիսեան գերադասեց վերադառնալ հայրենիք եւ աշխատիլ գիւղին մէջ` իբրեւ ուսուցիչ: 1980-ին զինուորական ծառայութիւնը աւարտելէ եւ Երեւան վերադառնալէ ետք վերջապէս կարելի էր սկսիլ աշխատանքը սիրած մասնագիտութեամբ: Բայց այդ օրերու համալսարանական ղեկավարները Վահան Յովհաննիսեանը ետ վանեցին Հայաստանի միջնադարեան պատմութենէն:
«Էրեբունի» թանգարանին մէջ Վահան Յովհաննիսեան աշխատեցաւ 1980-էն սկսեալ, սկիզբը` իբրեւ գիտաշխատող, ետքը` գիտահետազօտական բաժանմունքի վարիչ, իսկ 1989-ին տեղափոխուեցաւ Գիտութիւններու ակադեմիայի հնագիտութեան եւ ազգագրութեան հիմնարկ:
Տարբեր հնագիտական արշաւախումբերու կազմերու մէջ Վահան Յովհաննիսեան պեղումներու մասնակցած է Հայաստանի տարածքներուն մէջ. այդ պեղումներուն ընթացքին յայտնաբերուած են պրոնզի եւ կանուխ երկաթի դարու շատ արժէքաւոր նիւթեր: 1989-էն ի վեր Վահան Յովհաննիսեան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան անդամ էր:
Հայրենիքին մէջ կուսակցութեան պաշտօնական վերահաստատումէն ետք 1990-ին ընտրուած է Դաշնակցութեան առաջին Կեդրոնական կոմիտէի անդամ եւ գործուղուած է Արցախ, ուր մասնակցած է ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման եւ իրականացման աշխատանքին. 1992-ին Վահան Յովհաննիսեան ընտրուած է Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի անդամ` պարտականութիւններու մօտաւորապէս նոյն շրջանակով:
Սակայն, քաղաքական մթնոլորտը Հայաստանի մէջ կը շիկանար ՀՀՇ-ական իշխանութիւններու ամէն մէկ ապաշնորհ սայթաքումին պատճառով, եւ ղարաբաղեան հարցէն զատ Դաշնակցութեան առջեւ կը կանգնէին նորանոր խնդիրներ: Գտնուելով կալանքի տակ` Վահան Յովհաննիսեան 1997-ին հեռակայ կերպով ընտրուեցաւ Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ:
Դատաքննութեան ընթացքին ան կը շարունակէր քաղաքական գործունէութիւն ծաւալել: Անոր ելոյթները դատարանին մէջ քաղաքական մեծ արժէք ունէին այդ օրերուն երկրին մէջ տիրող ներքաղաքական իրավիճակին համար:
1999-էն մինչեւ իր մահը Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ էր:
1999-ին ընտրուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի պատգամաւոր 17-րդ մեծամասնական ընտրատարածքէն եւ դարձած Պաշտպանութեան, ազգային անվտանգութեան եւ ներքին գործերու մնայուն յանձնախումբի նախագահ:
Ղեկավարած է Հայաստանի Ազգային Ժողովի առաջին պատուիրակութիւնը ՕԹԱՆ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ:
2003-ին եւ 2007-ին դարձեալ ընտրուած է խորհրդարանի պատգամաւոր եւ երկու անգամ դարձած Ազգային ժողովի փոխնախագահ: Այդ պաշտօնը զբաղեցուցած է մինչեւ 2008 թուական:
Այդ ընթացքին ղեկավարած է Հայաստանի Ազգային ժողովի պատուիրակութիւնը ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ, հանդիսացած է Հայաստան-Ռուսիա եւ Հայաստան-Պիելոռուսիա միջխորհրդարանական յանձնախումբերու համանախագահ:
2008-ին մասնակցած է նախագահական ընտրութիւններուն` իբրեւ Հ.Յ.Դ.-ի թեկնածու:
6 մայիս 2012-ին ընտրուած է Ազգային ժողովի պատգամաւոր համամասնական ընտրակարգով` Հ.Յ.Դ.-ի կողմէ: Ղեկավարած է Հայաստանի առաջին պատուիրակութիւնը ԵՒՐԱՆԵՍԹ խորհրդարանական վեհաժողովին` հանդիսանալով ԵՒՐԱՆԵՍԹ-ի Բիւրոյի անդամ:
28 դեկտեմբեր 2013-ին Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահին հրամանագիրով նշանակուած է Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան:
Վահան Յովհաննիսեան կեանքէն հեռացաւ 20 տարի ետք ճիշդ այն օրը, երբ հայրենիքին մէջ կասեցուեցաւ Հ.Յ. Դաշնակցութեան գործունէութիւնը: