
Յ. Պալեան
Յասմիկ Նաճարեան, Օրիորդ Յասմիկ:
Մկրտիչ Մարկոսեան, տիգրանակերտցի, տիարպեքիրցի հայ գրող:
Երբ մանուկ էինք, դպրոցի կից եկեղեցիի կոչնակը գուժկան էր: Ուսուցիչը պահ մը կանգ կ’առնէր, ապա դասաւանդութիւնը բնականութեամբ կը շարունակուէր: Հիմա տարտղնուած ենք, հայ եկեղեցիի կոչնակի կամ զանգակի ղօղանջը չի հասնիր, արդիականացած ենք, բօթերը կը հասնին համակարգիչով, հեռատեսիլով, ձայնասփիւռով, թերթով: Եթէ չկապուիք լրատուական այդ միջոցներուն, կը մնաք անգէտ:
Արդէն կէսօր էր, համացանցով հայկական թերթերը կը տնտղէի: Երկու մահուան գոյժեր: Երկու անձեր: Իրարմէ հեռու, թերես իրարու երբեք չհանդիպած, հայերէն խօսքի երկու սպասարկուներ, բաժնուած էին աշխարհէն եւ մեզմէ: Առաջինը հայերէնի հաւատաւոր ուսուցչուհի մըն էր, որուն կեանքը ընդելուզուած էր հայերէնի եւ անոր ուսուցման, երկրորդը կրկին ուսուցիչ էր, իր հայրենի գաւառի քաղաքին հոգեւոր ժառանգութեան տէրն ու պահակը, գիրի սպասարկու, հեղինակ:
Առաջինը՝ Յասմիկն էր, Յասմիկ Նաճարեանը, նախորդ դարու կէսերէն մինչեւ այսօր հայերէնի սպասարկող եւ հայերէն աւանդող, երկրորդը արտակարգ հայ մըն էր, հաւատարմութեամբ ազգային ժառանգութեան, բանին, պատմութեան եւ հողին տէր համահայկական ճառագայթում ունեցած Մկրտիչ Մարկոսեանը: Իրարմէ հեռու, իրարու անծանօթ, իրարմէ տարբեր, բայց պատմութեան աւանդած խորքով նոյն: Հալէպէն Պէյրութ, Տիգրանակերտ-Տիարպեքիրէն՝ Պոլիս-Իսթանպուլ:
Յասմիկ Նաճարեան շեփորուած անուն չէր:
Մկրտիչ Մարկոսեան համայկական անուն էր:
Բայց երկուքն ալ Հայ բանի սպասարկուներ:
Յասմիկ Նաճարեանի հետ գտնուած եմ դպրոցական գրասեղաններու առջեւ: Դպրոցը՝ Հալէպի Ազգային Քարէն Եբբէ Ճեմարանը, որ ինչպէս օր մը, հանդիսութեան ընթացքին տնօրէն եւ ուսուցիչ Մինաս Թէօլէօլեան ըսաւ, որ հակառակ թերահաւատութիւններու, ճեմարանը հայերէնի տիրապետող սերունդ հասցուց: Տարիներու ընթացքին, Ճեմարանը յաջողեցաւ, սերունդներ պատրաստեց, իր ուսուցչական կազմը, հայերէնի եւ այլ առարկաներու, իր աշակերտներով մատակարարուեցաւ: Յասմիկ Նաճարեան, տարիներով ճեմարանի հայերէնի ուսուցիչ եղաւ, քանի մը տարի վերջ ես ալ դարձայ ճեմարանի հայերէնի ուսուցիչ: Ճեմարանի աշակերտներէն շատեր իրենց յաջորդող սերունդներուն փոխանցեցին իրենց ստացած աւանդը: Դպրոցի հիմնադրութեան յաւերժ խնկելի դէմքերը, ինչպէս Զարեհ սրբազան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ապագայ տառապակոծ եւ պայծառ դէմքով կաթողիկոսը եւ բազմաթիւ ուրիշներ ունեցան երազ եւ երազը իրականացուցին:
Այդ սերունդին պատմութիւնը օր մը կը գրուի՞ թէ ոչ, չեմ գիտեր: Բայց կ’ուզեմ հիմնադիրներուն չափ կարեւոր անձի մը մասին վկայել, որ Խնամակալութեան ատենապետն էր: Հայ դպրոցը միշտ իր «պիւտճէ»ն հակակշռելու դժուարութեան առջեւ գտնուած է: Նորահաստատ ճեմարանը բացառութիւն չէր կրնար ըլլար: Նեցուկ պետութիւն չունէր: Խնամակալութիւնը, երբ ամսուան վերջին, թոշակները վճարելու անկարելիութեան առջեւ կանգնած է, մտածած են ուշացնել վճարումները, կիսով վճարել, փոխառութիւններ ընել: Լռակեաց ատենապետը, ընդվզած, յայտարարած է, որ ոչ մէկ ձեւով կ’արդարանայ նման վերաբերում: Ուսուցիչները պէտք է վճարուին օրին: Հանած է իր դրամատան վճարագրերու տետրակը, ստորագրած է, ըսելով՝ որ կը գրէք հարկ եղած գումարի թիւը, կը գանձէք եւ վճարումները կ’ընէք: Անանուն հերոս մը:
Ապա՝ Լիբանան, ուր Յասմիկ Նաճարեան շարունակեց անխառն հայերէն ուսուցանել: Տիպար ուսուցչուհի մը, որ գիտցաւ տիպար հայերէն սորվեցնել եւ զայն սիրցնել: Իր աշակերտները, որոնք այսօր տարտղնուած են սփիւռքի մէջ, ոմանք թերեւս հայրենադարձ են, պիտի պահեն օրիորդ Յասմիկի լուռ ազնուութեան եւ հայ գիրի ու գրականութեան փոխանցած սէրը: Լաւագոյն վարձատրութիւն՝ Յասմիկի յիշատակին:
Օր մը պէտք է գրել Հալէպի Ազգային Քարէն Եբբէ Ճեմարանի ազգաշէն մեծ արկածախնդրութեան պատմութիւնը: Այդ կ’ըլլայ երախտագիտութեան տուրք հանդէպ բոլոր անոնց, որոնք գիտցան յանդգնութեամբ նախաձեռնել, ունեցան զոհողութեան եւ զոհաբերութեան առաքինութիւն, որ հոգիի ուժ է, հռոմէացիներու ըմբռնումով:
Այսօր նոյնքան տխրած եմ իմանալով Մկրտիչ Մարկոսեանի մահը: Զինք ճանչցայ Փարիզ, երբ կը վարէի Փարիզի հայկական ձայնասփիւռը: Կորսուած-կորսուող հայաշխարհի եւ անոր մարդոց վկայ գրողը: Տիգրանակերտ-Տիարպեքիրը մեր կեանքին մէջ բերաւ, յիշեցուց որ ան հայրենիք էր, հայրենիք է: Իր ինքնատիպ գործը, «Մեր այդ կողմերը» աշխարհի մը պատմութիւնն էր, ինքնատիպ գրականացում մը: Գրական վկայութիւնը նաեւ այդ «կողմեր»ը դեռ տեւող մնացորդացին: Իր երկերը թարգմանուած են թրքերէնի եւ ընթերցող հասարակութեան գնահատանքին արժանացած: Պոլսահայ կեանքի մտաւորական կեանքի կարեւոր դէմքերէն էր Մկրտիչ Մարկոսեան: Պահած էր հայ գաւառը:
Պէտք է յիշատակել նաեւ իր միւս գործերը Մեր Այդ Կողմերը երկի կողքին, ինչպէս Կեաւուր Թաղ, Տիգրիսի Ափերէն եւ Համրիչի Հատիկներ։
Վաստակաշատ դէմք մըն էր Մկրտիչ Մարկոսեան, եղած էր ուսուցիչ, տնօրէն Սկիւտարի Ս. Խաչ վարժարանին, հայ գրականութիւն աւանդած միաժամանակ հիմնադիրներէն «Արաս» հրատարակչութեան:
Իր կեանքով եւ գործով Մկրտիչ Մարկոսեան ապրող յիշողութիւնն էր «հայ գաւառ»ին, Յակոբ Մնձուրիի ստեղծագործութեան հունով եւ ապրումներով:
Մաղթելի պիտի ըլլար, որ Մկրտիչ Մարկոսեանի վաստակին մասին, այս առիթով, խօսուէր Սփիւռքի եւ Հայաստանի մէջ, ընդգծելով, որ դեռ հայ կեանք կայ ՀՈՆ, որ անցեալին կը կոչուէր հայկական ԳԱՒԱՌ, հոն դեռ հայեր կան, որոնք աւանդութիւններ կը պահեն, կը պահեն եկեղեցի եւ հայերէնի բարբառ:
Ամէն անգամ որ հայերէնի ժառանգութիւնը պահող եւ փոխանցող մը կ’անհետանայ, ուսուցիչ կամ գրող, անոնց կորուստը կ’ապրիմ մտածելով, թէ պիտի գա՞ն փոխարինողներ, այդ ըլլայ Պոլիս, Միջին Արեւելք, Եւրոպաներ եւ Ամերիկաներ:
Մկրտիչ Մարկոսեան սիրուած գրող էր: 2009-ին, իր ողջութեան, իր ծննդավայր քաղաք Տիգրանակերտի մէջ փողոց մը կոչուած էր իր անունով: Այդ առիթով քաղաքապետ Ապտուլլահ Տեմիրթաշ ըսած է, որ «կը յարգեն եւ տէր կը կանգնին Տիարպեքիրի մտաւորական անհատականութիւններուն»:
Օրինակելի:
Միտքի աշխատաւորներուն հանդէպ մեր ժողովուրդը, մանաւանդ բազմագոյն եւ բազմաշերտ սփիւռքը, երախտագէտ պէտք է ըլլայ երբ անոնք ողջ են, գնահատէ զանոնք, եւ պահէ անոնց յիշատակը, ուր որ ալ ծառայած ըլլան անոնք, յօրինակ այլոց, : Այդ պէտք է ընել ոչ թէ ձեւականութիւններու տուրք տալու համար, այլ սերունդները հրաւիրելու, որ առանց ընկրկելու եւ ուրացումներու, շարունակեն տէր մնալ աւանդին:
«Երախտագիտութիւնը սրտի յիշողութիւնն է», ըսած է ԺԹ. դարու դանիացի հռչակաւոր մանկագիր գրող Հանս Անտերսըն:
Եւ երախտաւորները սրտով պէտք է յիշել, նոյնիսկ երբ անոնք ապարանքներ չունին, մարմարեայ դամբարաններ պիտի չունենան:
Ուսուցիչը, գրողը, իրաւ մտաւորականը, ազգապահպաններ են, ոչ նկարուելու հիւանդ երեւելիապաշտները:
Յաճախ պէտք է կրկնել Հանս Անտերսընի խօսքը. «Երախտագիտութիւնը սրտի յիշողութիւնն է»: