ԾՈՎԻԿ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ
Հոլանտա
Երբեք չեմ ներկած պատկեր մը: Կը յիշեմ, տարիներ առաջ ննջարանս ներկեցի:
Առաւօտեան սուրճս խմած պահուս սկսայ երեւակայել:
Ձեռքս արի վրձինս ու թաթխեցի թաց ներկին մէջ:
Մի քանի զարկ իմաստուն դեղին, յետոյ սիրոյ կանաչը հմայիչ, մանուշակագոյնը դէպի ապագայ ձգտում, իսկ կապոյտը ամէն տեղ խաղաղ հոգիիս թռիչքը, նարնջագոյնը երգեցի վրձինիս հետ, վարդագոյնը փսփսաց ականջիս, կարմիրը աչքերս փայլեցուց, խանդավառուեցայ, լեղակագոյնը էութիւնս լեցուց խորհուրդով, սրճագոյնը հայրս յիշեցուց… արմատներուս ու հողիս կապուածութիւնը, սեւը սահմանեց խենթութիւններս, մոխրագոյնը մութ անկիւներ լուսաւորեց, ճերմակը, ա՜՜խ, ճերմակով շոյեցի ու համբուրեցի իւրաքանչիւր գոյնի ծայրերը ու խաղաղութեամբ աւարտեցի պատկերը:
Ես այսօր գծագրիչ եմ:
Աշխարհս գունաւոր է ու գեղեցիկ: