ԱՅՍՕՐ՝  ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 21. ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՉՀԱՄԱՐՈՒՈՂ ՄՏԱԾՈՒՄՆԵՐ ՎԱՂՈՒԱՆ ՀԱՄԱՐ

0 0
Read Time:7 Minute, 14 Second

Յ. Պալեան

«Չէ՞ որ նիւթական կորուստները միշտ կարելի է

վերադարձնել, իսկ հոգեւոր կորուստն անդառնալի է»:

«Հոգեւոր Հայաստան», Վահան Տէրեան

 

            Հայրենիքները միշտ վտանգուած են, հայրենիքները՝ որպէս ինքնուրոյն ազգերու եւ անոնց ինքնուրոյն մշակոյթներու ենթահող:

            Անցեալին հայրենիքներուն կը սպառնային վայրագ ներխուժումները, նախնականութեամբ յատկանշուող ջարդերը, կողոպուտները, աւերածութիւնները: Թէեւ երեւոյթը բոլորովին չէ անհետացած քաղաքակրթուած համարուող մոլորակի երեսէն:

            Այսօր տեղի կ’ունենայ ժողովուրդներու եւ մշակոյթներու խառնուրդ, ընկերաբանները կ’ըսեն brassage des peuples: Տեւաբար կը խօսուի համարկումի (integration) մասին, բայց ոչ ոք կը խօսի այն մասին, թէ ինչպէ՞ս տեղի կ’ունենայ այդ համարկումը զանգուածի մակարդակին, ի՞նչ են հետեւանքները մէկուն կամ միւսին համար: Բացառութիւններով չեն բացատրուիր կացութիւնները, անոնք այն հաւկուրութիւնն են՝ երբ ծառը կը ծածկէ անտառը:

            Ընթացքի մէջ եղող ներկայ կացութեան տրուած է բնորոշում մը, համաշխարհայնացում, բայց ոչ ոք կ’ըսէ, թէ ի՞նչ պիտի ըլլան անոր հետեւանքները՝ մշակոյթի եւ ինքնութիւններու մակարդակին: Կը գտնուի՞նք միատարածք  կամ թուանշաններով յատկանշուող Ճորճ Օրուէլեան մարդու յառաջացման նախօրեակին:

            Ճիշդ է, որ պատմութեան ընթացքին ազգեր եւ մշակոյթներ կորսուած են: Ազգերը իրենց ամբողջութեան մէջ չեն ջարդուած: Անոնց վերջնական կորուստը տեղի ունեցած է երբ այլեւս անկարող եղած են պահելու իրենց լեզուն եւ մշակոյթը, ընդունած են կամովին կամ պարտադրաբար (կամովինը միշտ ուղղակի-անուղղակի պարտադրանք է), կորսնցնելով իրենց լեզուամտածողութիւնը, մտածած են տիրողին պէս, դադրած են տարբեր ըլլալէ, ինքնութիւն կորսնցուցած են ընդունած ըլլալով նոր մը:

            Հակառակ գործնապաշտական ժամանակակից լեզուագարութիւններու, երբ կը կորսուին լեզուն եւ մշակոյթը, կը ծնին նոր մարդիկ եւ հաւաքականութիւններ, որոնք ժամանակ մըն ալ կը պահեն պատկանելիութեան զգացում եւ յիշողութիւն, բայց միայն ժամանակ մը: Այդ «ժամանակ մը» տեւող յիշողութիւնը, բախտաւոր պարագային, ծնունդ կրնայ տալ ուրախացնող բացառութիւններու, բայց խաբկանք պէտք չէ ունենալ եւ անգիտանալ բացառութիւններու ետին գտնուող եւ վերջնական կերպով նոր պատկանելիութեամբ տեւող զանգուածները:

            Հետեւաբար, վտանգուած հայրենիքներու եւ ժողովուրդներու համար մշակոյթի, լեզուի եւ ինքնութեան պաշտպանութեան համար մղուած-մղուելիք պայքարը նոյնքան եւ աւելի զօրաշարժ պէտք է յառաջացնէ, որքան իսկական զէնքերով մղուող աւերող պատերազմները: Ժողովուրդի մը պատմութեան մէջ, անցեալի, ներկայի եւ գալիքի այս պատերազմը մասնակի քաղաքական խնդիր մը չէ, ան էապէս գոյութենական խնդիր է, ինչպէս կը սիրենք ըսել՝ լինել-չլինելու խնդիր:

            Եթէ կարելի ըլլար թուրքերու, արաբներու, ֆրանսացիներու, ամերիկացիներու, ռուսերու եւ դեռ ուրիշ ժողովուրդներու անդամներու ADNը ուսումնասիրելով փնտռել հայկական հետքը, պիտի տեսնէինք, որ ծագումով հայեր կան ամէն տեղ, վերջնական կերպով կորսուած, առանց յիշողութեան եւ առանց զգացումի: Ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս: Պարզ է պատասխանը. Քանի որ վերջնականապէս խորթացած են իրենց լեզուէն, մշակոյթէն, ինքնութենէն: Ազգի լինելութեան տեսանկիւնէն ասոնք ալ յար եւ նման են պատերազմի ընթացքին զոհուածներուն, կամ մեր յատուկ պարագային՝ ցեղասպանութեան զոհերուն:

            Այս պարզ հաստատումներու լոյսին տակ, Հայաստանի եւ սփիւռք(ներ)ի ղեկավարութիւնները իսկական զօրաշարժի մէջ ե՞ն կորստեան վտանգը անհետացնելու համար, թէ կը տնտեսավարեն նահանջները, զանոնք ալ համարելով յաղթանակ, ինքնախաբէութիւն, ինչպէս կ’ընեն աճպարարները երբ ոտքի կանգնած հաւ կը քնացնեն, իրենք զիրենք եւ ժողովուրդը համոզելով: Այս պատկերը լաւագոյնս կ’արտայայտէ Հայատանի հեռատեսիլի Մերոնք յայտագիրը, եթէ պահ մը ոչ-զգացական վերաբերում ունենանք մեր դիտածին եւ լսածին հանդէպ:

            Հակառակ ժամանակակից ընկերութիւններուն մէջ տարածուած յառաջդիմական գաղափարներուն, որոնք կը զարգանան տիրակալ ազգերուն մէջ, Վիքթոր Հիւկոյի ազգի մասին արտայայտած միտքերը եւ բանաձեւումները կը մնան աւելի ճիշդ, հարազատ եւ այժմէական: Ան կ’ըսէ. «Ազգերու շաղախը հասարակաց մտածողութիւն մըն է: Հաւաքականութիւնները իրարու հետ դաշնութեան կը հասնին եթէ իրարու հետ ունին հասարակաց լեզու մը, որուն բառերը կը շրջին ինչպէս բոլորին պատկանող հասարակաց միտքի դրամանիշ: Ինչ որ շրջագայութեան կը դնէ լեզու մը, ինչ որ անոր ձեւ եւ կերպարանք կու տայ բառերուն, ինչ որ կը ստեղծէ հասարակաց մտածողութիւնը, ամէն բանէ առաջ արուեստն է, բանաստեղծութիւնը, գրականութիւնը…»

            Փորձենք հասկնալ Վիքթոր Հիւկոյի միտքերը եւ զանոնք փոխադրենք հայաստանեան եւ սփիւռքեան կացութիւններու մէջ:

            Արդարեւ, եթէ մենք զանազան ինքնարդարացումներով այս կացութիւնը ճակտէն չենք դիմաւորեր, մեծերը այդ լաւ հասկցած էին: Մեզի մօտ ժամանակներու պատմութիւնը եթէ նկատի ունենանք, նկատի ունենանք տիրակալ ուժերու քաղաքականութիւնը, այլապէս կը վերաբերինք մեր լեզուին, մշակոյթին, ազգային քաղաքականութեան, եւ թերեւս կը յաղթահարենք միշտ պատշաճելով եւ միշտ մէկ քայլ առաւել մէկ քայլ նահանջելով քաղաքականութիւն խաղալու ապիկարութիւնը:

            Ի՞նչ կ’ընէին եւ ըրին գաղութարար երկիրները իրենց տիրած երկիրներուն մէջ: Անոնք իրենց բանակներուն հետ բերին եւ պարտադրեցին իրենց լեզուն, որպէսզի կարենան սրսկել իրենց մտածողութիւնը, գաղափարները, ըմբռնումները: Գաղութացուած երկիրներու մտածողութիւնն ալ գաղութացուեցաւ: Գաղութացուեցաւ նաեւ հոգեմտաւոր աշխարհը, քանի որ պարտադրուեցան կրօններ, գրականութիւն, բանաստեղծութիւն: Աւելի հին ժամանակներուն պարտադրուեցաւ իսլամութիւնը, ապա կարգը եկաւ կաթողիկէներուն, բողոքականներուն եւ աւետարանականներուն: Մարդիկ եւ ընկերութիւններ դադրեցան շարունակութիւն ըլլալէ: Չինացիները եւ հնդիկները, հակառակ կատարուած ճիգերու, դիմադրեցին այլասերման ընթացքին, քանի որ իրենց համրանքը զիրենք պաշտպանող հզօրութեան վահան էր:

            Սփիւռքները, ըստ աշխարհագրական շրջաններու, մեղմ խօսքով, տեղւոյն լեզուամշակութային ազդեցութեան տակ կը գտնուին, որ իրողութեան մէջ բրտութեամբ չյատկանշուող ճնշում է: Ինչպէ՞ս կարելի է որպէս քաղաքացի ապրիլ եւ յաջողիլ առանց տեղական լեզուին, որ կեանքի լեզուն է, իսկ հայերէնը համայնքային լեզու է բախտաւոր պարագային, շաբաթավերջի լեզու, մեծ մայրիկի լեզու: Սփիւռքի (չ)իմաստուն մը չըսա՞ւ միթէ, որ հայերէնը բիզնեսի լեզու չէ, յիշողութեան լեզու է: Ի հարկէ կան եւ պիտի ըլլան բացառութիւններ, ներշնչող եւ օրինակելի բացառութիւններ, բայց անոնք չեն գոյացներ զանգուածը, կրնան պայքարիլ նահանջներու դէմ, առանց կարենալ կասեցնելու զանոնք:

            Սփիւռք(ներ)ի հայկական համարուած հաւաքականութիւններու մեծամասնութիւնը ծագման լեզուն փոխարինած է տեղական եւ այլ լեզուներով, երբեմն պահելով հայերէնը, յաճախ տարրական, հետեւաբար ինքնութեան պաշտպանութեան պատնէշները անհետացած են, ընթացք՝ որ կը շարունակուի, ազգի գիտակցութեան եւ համրանքին շուրջ սեղմելով օղակը: Պէտք չէ ուրանալ, կան բացառութիւններ, որոնք առանց լեզուով եկած ինքնութեան, յանձնառու հայեր են, բայց անոնք պէտք չէ վարագուրեն զանգուածային նահանջը:

            Լրջօրէն պէտք է մտածել Հայաստանի մասին, ուր ԼԵԶՈՒԻ ՎԵՐԱԿԱՆԳՆՈՒՄի խնդիր կայ, պէտք է ըլլայ, բայց ան ոչ մէկ ձեւով մտահոգութեան առարկայ է, ե՛ւ իշխանութեան ե՛ւ մտաւորականութեան կողմէ, իսկ ժողովուրդին համար ան ոչ մէկ ձեւով մտածման առարկայ է: Կարծէք ամէն մարդ համոզուած է, որ լեզուական զարտուղութիւնները եւ տարբերութիւնները, մէկ թաղէն միւսը, մէկ գիւղէն միւսը, կանոն են:

            Բնական է, որ իր հողին վրայ ապրող ժողովուրդ մը ունենայ գաւառաբարբառներ, թաղային կամ դասակարգային բարբառներ, բայց ազգի լեզուն, պաշտօնական եւ գրական, պէտք է ըլլայ մէկ եւ նոյն, կանոնակարգուած եւ զտուած, ինչպէս կ’ըսուի՝ մաքուր, զերծ արդիականութիւն համարուող թեթեւսոլիկութիւններէ: Այս մտահոգութիւնը չի դրսեւորուիր Հայաստանի մտաւորականութեան, պետութեան եւ ակադեմական շրջանակներու կողմէ: Հետեւանքը այն է, որ անցեալին հայերէնի մէջ տուն-տեղ եղած թրքերէն բառերուն վրայ գումարուած են ռուսերէն բառեր անդուռ եւ անսահմանափակ,  նաեւ այսօր ամերիկեան բառեր եւ ամերիկերէն:

            Կացութեան արդարացման համար կը յայտնուի այն միտքը, որ լեզուն սոցիալական երեւոյթ է, եւ ժողովուրդի գործածած լեզուն է որ կը դառնայ ազգային լեզու: Բայց ի՞նչ կ’ըսէ իրենք զիրենք յարգող ժողովուրդներու լեզուական քաղաքականութիւնը: Բոլոր լեզուներու մէջ ալ կ’ընդունուին նոր բառեր, օտար բառեր, բայց ոչ հետեւելով ամբոխային անկանոնութեան: Ամէն տարի Ֆրանսայի ակադեմիան կը հրապարակէ ներմուծուած եւ ընդունուած նոր բառերու ցանկը, որոնք լոյս կը տեսնեն բառարաններու մէջ: Այդ բառերը չեն ընդունուիր «գեղեցկութեան սրահ»ներու աշխատաւորներուն կողմէ, որոնք իրենց դռներուն վրայ կը գրեն էպիլացիա, կամ բանջարավաճառը՝ մաղատանոս եւ նաանա, հեռատեսիլի հաղորդավարը կ’ըսէ՝ թայմ աութ առին: Ի՞նչ պիտի հասկնայ Խաչիկ գիւղի համեստ հայ բնակիչը այդ թայմ աութէն… Իսկ արդէն իշխանութեան բարձրագոյն մակարդակներուն անգամ մնայուն բնակութիւն հաստատած են պլանտացիաները, թիմերը, դուխերը եւ ինչե՜ր, հայերէնը տեւաբար ենթարկելով, ըստ իւրաքանչիւրի քմայքին,  կոսմեդիկ զարդարանքներու:

            Եթէ այս ընթացքը շարունակուի, սոցիալական երեւոյթ համարուող լեզուն ծնունդ պիտի տայ նոր բարբառներու, Երեւանի արեւմտականացողներու լեզուն պիտի չհասկցուի Իջեւանի եւ Վարդենիսի հայերէն:

            Օգտակար պիտի չըլլա՞ր, որ լեզուի պետական տեսչութիւնը, ամէն ամիս, ներխուժող օտար բառերու եւ ասութիւններու հայերէնները շրջաբերականով մը յղէր պետական այրերուն, գերատեսչութիւններուն եւ լրատուամիջոցներուն: Այս աշխատանքը բանակաշինութեան չափ օգտակար կ’ըլլար: Ի հարկին, եթէ չափազանցութիւն չհամարուի, հաստատել տուգանքի դրութիւն, պետական այրերուն, պաշտօնատուներուն, լրատուամիջոցներու եւ ցուցանականերու պարագաներուն: Իսկ բժշկագիտական հաղորդումները մասնակիցները երբ գիտեն ախտորոշում ըսել, ինչո՞ւ անմիջապէս ետք կ’ըսեն դիակնոսդիկա, եւ բառը իր ճամբան կտրելով հասած է ինքնաշարժ նորոգող աշխատանոցները, որոնք ինքնաշարժի դիակնոսդիկա կը խոստանան, մեծատառ գրուած ցուցանակի վրայ:

            Բայց կարծէք այս տեսակ միտքեր կը նմանին շիշի մէջ դրուած եւ ծով նետուած բաղձանքներու…

            Ազգի լեզուն չի կառուցուիր եւ չի պահուիր ըստ անհատներու նախասիրութիւններուն, գիտութեան, եւ մանաւանդ՝ անգիտութեան…

            Եւ ցարդ լեզուի պահպանութեան եւ պաշտպանութեան պայքար մղած սփիւռքի մտաւորականութիւնը, ինչպէս անցեալին, նաեւ այսօր, փոխանակ տեւաբար սալամ ալէք ընելու այն բոլոր բաներուն որոնք Հայաստանէն կու գան, այս հարցով ինչո՞ւ ազգային-քաղաքական հեռանկարային կեցուածք չի ցուցաբերեր, չի փորձեր իր ձայնը լսելի դարձնել:

            Ազգային-քաղաքական հեռանկարային կեցուածք՝ ներսի եւ դուրսի համար…

            Այս հարցերուն անդրադարձած էր Վահան Տէրեան, որուն 1914ին «Հոգեւոր Հայաստան» խորագրին տակ գրուած միտքերը այսօր պէտք է գաղափարական առաջնորդ ըլլան քաղաքական այրերուն, ղեկավարներուն, Հայաստան եւ սփիւռքներ, մէկդի դնելով հին Յունաստանի սոփեստութիւնները, նահանջներու արդարացումներ գտնելու միտող: Վահան Տէրեանի հետեւեալ միտքերը լաւագոյն եզրակացութիւնն են մեր կացութեան, վերաբերումներուն եւ անզօրութեան խոստովանութիւններու դատումին.

            «Եթէ, իրաւ, այդպէս է, ապա իր աչքերը Հայաստանի դաշտերին ու սարերին յառած հայութիւնը պիտի ներշնչուի մի նոր ու առաւել բարձր տենչանքով, մի պարզ ու խորին գիտակցությամբ, մի անսասան բաղձանքով կենդանութիւն ներշնչելու մեր կիսամեռ Հոգեւոր Հայրենիքին, մեր աւերուող ու անդարձ անհետացող Հոգեւոր Հայաստանին: Չէ՞ որ նիւթական կորուստները միշտ կարելի է վերադարձնել, իսկ հոգեւոր կորուստն անդառնալի է: Չպէտք է մատնանիշ անել արտաքին արգելքներն ու խոչնդոտները՝ դրանք միշտ կան, եւ դրանց դէմ, այո՛, պէտք է կռուել: Իսկ երբ դա լինի, ես հաւատում եմ, կը լինի եւ Հոգեւոր Հայաստանը, կենդանի կը լինի մեր Հայրենիքը, ուրեմն կենդանի կը լինի եւ այն Հայաստանը, որի համար մեր ժողովուրդը թափում է այսօր իր արիւնը»:

Իսկ ի՞նչ բան  է այդ Հոգեւոր Հայաստանը.

            Մեր լեզուն եւ մշակոյթը:

 

 

 

 

 

           

 

 

 

Happy
Happy
0 %
Sad
Sad
0 %
Excited
Excited
0 %
Sleepy
Sleepy
0 %
Angry
Angry
0 %
Surprise
Surprise
0 %

Average Rating

5 Star
0%
4 Star
0%
3 Star
0%
2 Star
0%
1 Star
0%

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Social profiles