
Սփիւռքի իւրայատուկ հայաւան՝ Այնճարը պատուած է սպիտակ ձիւնով: Լիբանանը հարուածած վերջին ձիւնամրրիկին ունեցած ազդեցութիւններու Արդիւնք են այս լուսանկարները: Քիչ կը պատահի որ Այնճարը այսքան մը սպիտականայ:
Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեան կը տեղեկացնէ,որ Այնճարի մէջ կեանքը սովորական թափով կը շարունակուի, հակառակ գիւղաքաղաքին մէջ տեղացած առատ ձիւնին եւ ջերմաստիճանի անկման, որուն մասին ան նշեց.- «Մենք Աստուծոյ բարիքները կը վայելենք: Փոթորիկին պատճառով ոչ մէկ վնաս կրած ենք եւ ոչ մէկ տագնապի դէմ յանդիման գտնուած, ինչպէս նաեւ պատրաստ ենք դիմագրաւելու այլ ձիւնամրրիկներ»:
Ան շեշտեց, որ ամբողջ Լիբանանի մէջ Այնճար բացառութիւն է, որովհետեւ հոն կը գործադրուին այնպիսի ծրագիրներ, որոնք քաղաքացիին կը մատուցեն հանգիստ պայմաններ եւ ծառայութիւն:
Փամպուքեան նշեց, որ քաղաքապետարանը տնօրինած է հիմնական երկու ծրագիրներ, որոնց լոյսին տակ ելեկտրականութիւնն ու ջուրը դարձած են գիւղաքաղաքին սեփականութիւնը:
Ան շեշտեց, որ մէկ շաբաթէ ի վեր պետութեան կողմէ հայաւանին ելեկտրականութիւն չէ տրամադրուած, սակայն Այնճարի մէջ հաստատուած ելեկտրական հոսանք արտադրող յատուկ շարժակներու դրութեան շնորհիւ ամէն ինչ սովորական կերպով ընթացած է, իսկ ցուրտին պատճառով սառած ջուրին հարցը նաեւ լուծուած է քաղաքապետութեան կողմէ, որ ջուր հայթայթած է բոլորին:
Այնճարը միակ գիւղն է Պէքաայի դաշտին մէջ, որուն համար նախ պատրաստուած է յատակագիծ-քարտէս եւ ապա միայն կառուցուած:
Այնճարի յատակագիծը, որ կը ներկայացնէ թեւերը բաց արծիւ մը, պատրաստած է հայազգի ճարտարապետ Յակոբ Քէշիշեան, օգնական ունենալով մուսալեռցի երկրաչափ Աբրահամ Տէր Գազանճեանը:
Այնճար կը գտնուի Պէյրութ-Դամասկոս մեծ պողոտային վրայ, գրեթէ մէջտեղը երկու քաղաքներուն Պէյրութէն՝ 55, Իսկ Դամասկոսէն՝ 50 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Տարածութիւնն է 1800 հեքթար ( 18 քառ. քլմթ.) իսկ ծովէն բարձրութիւնը 900 մեթր: 92 հեքթար հող յատկացուած է բնակութեան համար, իսկ մնացեալը ցանքատարածութիւն է: Մուսա Լեռ-Այնճարը, յատակագիծին համաձայն բաժնուած է վեց գիւղերու.- Եօղուն Օլուք, Խըտըր Պէկ, Քեպուսիէ, Պիթիաս, Հաճի Ճապիպլի, Վաքըֆ:
Փամպուքեան աւելցուց նաեւ, որ քաղաքապետութիւնը փոխանցած է բոլորին` գիւղաքաղաքին մէջ երթեւեկը նուազագոյնի իջեցնելու անհրաժեշտութիւնը: